Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստանէն Ետք Ռուսիոյ Դեսպանատունը Եւս Իր Քաղաքացիներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիայէն Հեռանալու

Դեկտեմբեր 7, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դամասկոսի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը երէկ իր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց Սուրիայէն հեռանալու: Մէկ օր առաջ Դամասկոսի մէջ Չինաստանի դեսպանատունը եւս իր քաղաքացիներուն նոյնօրինակ կոչ մը ուղղած էր:

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թեհրան մտադիր է հրթիռներու անօդաչու թռչող սարքեր ուղարկել Սուրիա: Իրան նաեւ մտադիր է աւելցնել իր զինուորական խորհրդատուներու թիւը:

«Թեհրան այժմ Սուրիոյ հետախուզական եւ արբանեակներու վերաբերող աջակցութիւն  կը տրամադրէ», աւելցուցած է աղբիւրը:

Այս առումով լիբանանեան բարձրաստիճան երկու ապահովական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են, որ Հըզպալլան հինգշաբթի գիշեր փոքրաթիւ «հսկողութեան ուժեր» ուղարկած է Սուրիա` ընդդիմադիր զինեալներու կողմէ Հոմս քաղաքի գրաւումը կանխարգիլելու համար:

Սուրիական բանակէն սպայ մը եւ Թեհրանի հետ սերտ կապ ունեցող երկու պաշտօնատարներ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Հըզպալլայի մասնայատուկ ուժեր հինգշաբթի գիշեր Լիբանանէն Սուրիա անցած են եւ Հոմսի մէջ դիրքեր բռնած:

Միւս կողմէ, սուրիական զինեալ խմբաւորումները երէկ յայտարարեցին, որ գրաւած են Հոմսի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ Ռասթան եւ Թալպիսէ քաղաքները: Երկու քաղաքները Հոմս քաղաքի կեդրոնէն 12 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ են:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Սուրիական ուժերը ամբողջովին հեռացան Տէր Զօրէն»: Սուրիական դաշտային աղբիւր մը «Սփութնիք»-ին յայտնեց. «Սուրիական բանակին եւ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ փոխհասկացողութիւններու հիմամբ վերջիններս պիտի տեղակայուին Ռաքքայի գիւղական շրջանին մէջ եւ Տէր Զօր քաղաքին մերձակայքը»:

Սուրիական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ սուրիական բանակի ուժերը Տարաայի մէջ  շարք մը անցարգելներէ հեռացած են: «Անատոլու», յղում կատարելով տեղական աղբիւրներու, հաղորդեց, որ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումները Տարաա նահանգի արեւմուտքը գտնուող Նաուա քաղաքին մէջ բախում ունեցած են սուրիական բանակին հետ:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը երէկ «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնեց. «Սուրիական բանակը հեռացաւ Հոմս քաղաքէն», սակայն սուրիական պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հերքեց այդ լուրը: Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ սուրիական բանակին Հոմսէն հեռանալուն մասին լուրերը սխալ են:

«Արապիա» հաղորդեց. «Զինեալներ Սուէյտայի մէջ զինուորական եւ ապահովական դիրքեր կը գրաւեն»:

Քրեմլինին մօտիկ աղբիւր մը «Պլումպըրկ»-ին յայտնած է. «Ռուսիան Ասատը փրկելու ծրագիր չունի, եւ այդպիսի ծրագիր չենք ակնկալեր քանի դեռ (սուրիական) բանակը իր դիրքերը կը լքէ»:

 

Նախորդը

Լաւրով. «Սուրիոյ Կացութեան Կայունացումը Դիւրին Խնդիր Չէ, Որովհետեւ Շարք Մը Խումբերու Մասնակցութեամբ Բարդ Խաղ Գոյութիւն Ունի»

Յաջորդը

Բագրատունի. «ՀՅԴ-ն Դէմ Է Կէս Առաւել Մէկ Քուէներով Նախագահի Ընտրութեան»

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?