Միջազգային

Խամենէի. «Անտրամաբանական Էր, Որ Իրանեան  Բանակը Սուրիոյ Մէջ Կռուի Փոխան Սուրիական Բանակին»

Խամենէի. «Անտրամաբանական Էր, Որ Իրանեան Բանակը Սուրիոյ Մէջ Կռուի Փոխան Սուրիական Բանակին»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց. «Անտրամաբանական է եւ նաեւ հասարակական կարծիքին կողմէ անընդունելի, որ Իրանէն բանակ մը ոտքի կանգնի փոխան Սուրիոյ բանակին կռուելու: Ո՛չ, կռիւը ինքնին այդ երկրի բանակին պարտականութիւնն է»: «Այն, ինչ որ մեր ուժերը կրնային ընել եւ ըրին, խորհրդատուական աշխատանք էր: Գլխաւոր պատերազմը պէտք է այդ երկրի բանակը մղէ», նշեց Խամենէի: «Այլ վայրերէն զօրակոչի ենթարկուած...

Այցելելով Անգարա`  Պլինքըն. «Փոխանցման Հոլովոյթը  Պէտք Է Ըլլայ Սուրիական Ղեկավարութեամբ  Եւ Ներառէ Բոլոր Սուրիացիները»

Այցելելով Անգարա` Պլինքըն. «Փոխանցման Հոլովոյթը Պէտք Է Ըլլայ Սուրիական Ղեկավարութեամբ Եւ Ներառէ Բոլոր Սուրիացիները»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Յորդանան այցելելէ ետք այցելեց նաեւ Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ վերջին զարգացումները: Պլինքըն հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ քննարկեցի շրջանային անվտանգութիւնն ու Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցումը»` աւելցնելով. «Փոխանցման հոլովոյթը պէտք է ըլլայ սուրիական ղեկավարութեամբ եւ ներառէ բոլոր սուրիացիները»: Էրտողան Անգարայի մէջ...

Քրեմլին. «Պիտի Շարունակենք Հայաստանի Հետ Աշխատիլ` Յստակացնելու Համար ՀԱՊԿ-ի Վերաբերեալ Դիրքորոշումը»

Քրեմլին. «Թրամփի Աթաքմս Հրթիռներով Ռուսիոյ Խորքին Վրայ Յարձակումներուն Վտանգաւորութեան Մասին Յայտարարութիւնը Մոսկուայի Դիրքորոշման Ամբողջովին Համահունչ Է»

Քրեմլին յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի ԱԹԱՔՄՍ հրթիռներով ռուսական խորքին վրայ յարձակումներուն վտանգաւորութեան մասին յայտարարութիւնը Մոսկուայի դիրքորոշման ամբողջովին համահունչ է»: Թրամփ «Թայմ» պարբերաթերթին հետ 25 նոյեմբերին կատարած հարցազրոյցին ընթացքին այդ քայլը «անմիտ» որակած էր` նշելով. «Կտրուկ կերպով անհամաձայն եմ հրթիռներ հարիւրաւոր մղոններ Ռուսիոյ մէջ ղրկելուն: Ինչո՞ւ ատիկա կ՛ընենք: Պարզապէս այս պատերազմը մագլցումի կը մղենք եւ կացութիւնը կը վատթարացնենք:...

Մաքրոն Պայրուն Նշանակեց  Ֆրանսայի Վարչապետ

Մաքրոն Պայրուն Նշանակեց Ֆրանսայի Վարչապետ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն կեդրոնամէտ քաղաքական գործիչ Ֆրանսուա Պայրուն նշանակած է երկրի նոր վարչապետ` փորձելով վերջ դնել քանի մը ամիսէ ի վեր շարունակուող քաղաքական անկայունութեան: Այս մասին կը գրէ «Պի.Պի.Սի.»-ն: Մաքրոնի դաշնակից Պայրուն կը գլխաւորէ Ժողովրդավարական շարժում կուսակցութեան: 73 տարեկան Պայրուն Մաքրոնի պաշտօնավարման ընթացքին Ֆրանսայի 4-րդ վարչապետն է: Անոր նախորդը` Միշել Պառնիէն, պաշտօնավարած է ընդամէնը 3 ամիս ու պաշտօնէն հեռացուած...

Շարհ. «Հայըաթ Թահրիր Շամը Միջազգային  Կազմակերպութիւններու Հետ Կ՛աշխատի  Ապահովելու Այն Վայրերը,  Ուր Կրնան Քիմիական Զէնքեր Ըլլալ»

Շարհ. «Հայըաթ Թահրիր Շամը Միջազգային Կազմակերպութիւններու Հետ Կ՛աշխատի Ապահովելու Այն Վայրերը, Ուր Կրնան Քիմիական Զէնքեր Ըլլալ»

Սուրիական ընդդիմութեան ղեկավար Ահմետ Շարհ, որ նախապէս ծանօթ էր Ապու Մոհամետ Ժուլանի անունով, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան իր յղած գրաւոր հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց. «Սուրիոյ պաշտօնազրկուած նախագահ Պաշշար Ասատի ապահովական մարմինները պիտի լուծարուին»: Շարհ նաեւ նշեց, որ իր ղեկավարած Հայըաթ Թահրիր Շամը, որ ներկայիս Սուրիոյ տարածքներուն մեծամասնութեան կը տիրէ, միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կ՛աշխատի ապահովելու այն վայրերը, ուր կրնան քիմիական զէնքեր ըլլալ: Սուրիոյ...

Օսթին Իսրայէլին Սուրիոյ Հարցով  Սերտ Խորհրդակցութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Օսթին Իսրայէլին Սուրիոյ Հարցով Սերտ Խորհրդակցութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը Սուրիոյ մէջ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ սերտ խորհրդակցութիւններու մէջ ըլլան: Փենթակոնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Օսթին Քացին փոխանցած է, թէ Ուաշինկթըն կը հետեւի Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումներուն եւ բոլորը...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Կազայի Մէջ Զինադադարին  Եւ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Աջակցութեան  Վերաբերեալ Բանաձեւեր Որդեգրեց

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Կազայի Մէջ Զինադադարին Եւ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Աջակցութեան Վերաբերեալ Բանաձեւեր Որդեգրեց

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը որդեգրեց բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ` Կազայի մէջ անմիջական, առանց նախապայմաններու եւ մնայուն զինադադարի հաստատման եւ բոլոր գերիներու անմիջական ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ որդեգրեց այլ բանաձեւ մը, որ կը զօրակցի ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին: Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման վերաբերեալ բանաձեւը որդեգրուեցաւ 158 թեր, 9 դէմ եւ 13 ձեռնպահ քուէներով, իսկ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին աջակցող բանաձեւը որդեգրուեցաւ 159 թեր, 9 դէմ եւ 11...

Ուրալօղլու. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Մեզի Համար  Անփոխարինելի Նախագիծերէն Է»

Ուրալօղլու. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Մեզի Համար Անփոխարինելի Նախագիծերէն Է»

«Զանգեզուրի միջանցք»-ը մեզի համար անփոխարինելի նախագիծերէն է: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու: «Այդ «միջանցք»-ի իրականացումով ուղիղ կապ պիտի ապահովուի Ազրպէյճանի, թրքական պետութիւններու եւ Հեռաւոր Արեւելքի հետ», նշած է ան:  

Շարունակելով Իր Միջինարեւելեան Շրջապտոյտը` Պլինքըն Հասաւ Իսրայէլ

Պլինքըն Այսօր Թուրքիա Կ՛այցելէ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ Յորդանան այցելեց, իսկ այսօր Թուրքիա կ՛այցելէ ջատագովելու համար Սուրիոյ մէջ իշխանութեան «սուրիական ղեկավարութեամբ փոխանցում»-ը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտնեց, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը «պիտի քննարկէ Սուրիոյ մէջ փոխանցման հոլովոյթի եւ նոր կառավարութեան կողմէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու յարգման կարիքը», եւ ճնշում պիտի բանեցնէ բանալու մարդասիրական օժանդակութիւններու ուղիները, ապահովելու եւ քանդելու...

Պլինքըն Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Է Յարգելու  Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան  Իր Միջազգային Պարտաւորութիւնները.  Պաքուն Արձագանգած Է

Պլինքըն Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Է Յարգելու Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Իր Միջազգային Պարտաւորութիւնները. Պաքուն Արձագանգած Է

Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած են դադրեցնելու լրատուամիջոցներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ սրող ճնշումները: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն: «Մենք Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք` յարգելու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան իր միջազգային պարտաւորութիւնները եւ ազատ արձակելու անարդարացիօրէն ձերբակալուածները, ներառեալ Ռուֆաթ Սաֆարովը, Սեւինճ Վակիֆկիզին եւ ուրիշներ, որոնք կալանաւորուած են յանուն մարդու իրաւունքներու իրենց աշխատանքին համար», գրած...

Էրտողան Եթովպիոյ Եւ Սոմալի Միջեւ  «Պատմական Հաշտութիւն» Կը Յայտարարէ

Էրտողան Եթովպիոյ Եւ Սոմալի Միջեւ «Պատմական Հաշտութիւն» Կը Յայտարարէ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ Սոմալի նախագահ Հասան Շէյխ Մահմուտի եւ Եթովպիոյ վարչապետ Ապի Ահմետի հետ բանակցութիւններէ ետք յայտնեց, որ Եթովպիան եւ Սոմալը համաձայնած են իրենց տարակարծութիւններու լուծման հասարակաց յայտարարութեան շուրջ: Էրտողան միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Սոմալի նախագահին ու Եթովպիոյ վարչապետին` երկու երկիրներուն միջեւ «պատմական հաշտութեան» համար: Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց. «Առաջին քայլը որդեգրուեցաւ Սոմալի եւ Եթովպիոյ...

Սուրիական Զինեալ Ընդդիմութիւնը  Իր Վերահսկողութեան Տակ Առաւ Տէր Զօրը  Եւ Կը Յառաջանայ Անոր Արեւելեան  Գիւղական Շրջանին Մէջ

Սուրիական Զինեալ Ընդդիմութիւնը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առաւ Տէր Զօրը Եւ Կը Յառաջանայ Անոր Արեւելեան Գիւղական Շրջանին Մէջ

Սուրիական զինեալ ընդդիմութեան զինուորական գործողութիւններու ղեկավարման մարմինը յայտնեց, որ Տէր Զօր քաղաքը իր վերահսկողութեան տակ առնելէն ետք, երէկ յառաջխաղացք արձանագրած է Տէր Զօրի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ, որ կը գտնուի քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ: Մարմինը նշեց, որ ընդդիմադիր զինեալները իրենց վերահսկողութեան տակ առած են քաղաքին կեդրոնը, զինուորական օդակայանն ու Տէր Զօրի արեւմտեան եւ արեւելեան գիւղական շրջանները: Քրտական...

Խամենէի. «Սուրիոյ Դրացի Պետութիւն Մը  Տեղի Ունեցածին Մէջ Յստակ Դեր Ունեցաւ,  Եւ Անիկա Ծրագրուեցաւ Ամերիկեւիսրայէլեան  Գործողութեան Սենեակի Մը Մէջ»

Խամենէի. «Սուրիոյ Դրացի Պետութիւն Մը Տեղի Ունեցածին Մէջ Յստակ Դեր Ունեցաւ, Եւ Անիկա Ծրագրուեցաւ Ամերիկեւիսրայէլեան Գործողութեան Սենեակի Մը Մէջ»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց. «Այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ, անկասկած արդիւնք է ամերիկեան-սիոնական միացեալ ծրագիրի մը: Այդ մէկը հաստատող փաստաթուղթեր ունինք»: «Սուրիոյ դրացի պետութիւններէն մէկուն յստակ դերը կայ, եւ անիկա զայն կատարեց ու հիմա ալ կը կատարէ, եւ ատիկա բոլորը կը տեսնեն, սակայն անոնք (իսրայէլացիներն ու ամերիկացիները, «Ա.») են հիմնական ազդակը», նշեց Խամենէի: «Անասկած,...

Պլինքըն. «Ուաշինկթըն Կ՛աջակցի Սուրիական  Պատասխանատու Կառավարութեան Մը, Որ Ժողովուրդը  Կը Ներկայացնէ Եւ Անոր Կողմէ Ընտրուած Է»

Պլինքըն. «Ուաշինկթըն Կ՛աջակցի Սուրիական Պատասխանատու Կառավարութեան Մը, Որ Ժողովուրդը Կը Ներկայացնէ Եւ Անոր Կողմէ Ընտրուած Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Յորդանանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ քննարկած է Սուրիոյ կացութիւնը: Միլլըր ըսաւ, որ Հայըաթ Թահրիր Շամը ճիշդ բառամթերք կ՛օգտագործէ, սակայն Միացեալ Նահանգներ զայն պիտի դատեն անոր արարքներուն համեմատ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ Պլինքըն իր...

Եւրոպական Միութիւն. «Սուրիոյ Մէջ Համայնքային  Բռնարարքներու Վերաբերեալ Արդարացի  Մտավախութիւններ Գոյութիւն Ունին»

Եւրոպական Միութիւն. «Սուրիոյ Մէջ Համայնքային Բռնարարքներու Վերաբերեալ Արդարացի Մտավախութիւններ Գոյութիւն Ունին»

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ համայնքային բռնարարքներու եւ երկրին մէջ ծայրայեղականութեան վերականգնման վերաբերեալ արդարացի մտավախութիւններ գոյութիւն ունին: Ան այդ մասին ըսաւ հակառակ դրական ցուցանիշերու ակնարկելուն: Քալլաս Եւրոպական խորհրդարանի յանձնախումբերէն մէկուն մէջ լսումի ընթացքին յայտնեց. «Նոր անձերու գնահատումը անոնց արարքներով կ՛ըլլայ»: «Տակաւին շատ կանուխ է կանխատեսելու տեղի ունեցողին ուղղուածութիւնը: Նախնական ցուցանիշերը լաւ...

Պլինքըն Եւ «Եօթներու Խմբակ»-ի Անոր Գործընկերները Պիտի Աջակցին Ուքրանիոյ

Եօթներու Խմբակը Վաղը Առցանց Ժողովի Ընթացքին Պիտի Քննարկէ Սուրիոյ Հարցը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Եօթներու խմբակին մէջ իր գործընկերները ուրբաթ օր արցանց ժողովի ընթացքին պիտի քննարկեն Սուրիոյ մէջ զարգացումները: Այս մասին հաղորդեց ամերիկացի պաշտօնատար մը: Անանուն պաշտօնատարը յայտնեց, որ Սուրիան պիտի ըլլայ եօթներու խմբակի ժողովի օրակարգին վրայ: Եօթներու խմբակի այժմու նախագահող Իտալիոյ վարչապետի գրասենեակին մօտիկ աղբիւր մը իր կարգին յայտնեց, որ Ժողովին հրաւիրուած է Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար...

Թրամփ. «Զելենսքի Կը Կարծէ` Եկած Է Խաղաղութեան  Ժամանակը, Փութինը Պէտք Է Նոյնը Մտածէ.  Ես Կը Ձեւակերպեմ Հայեցակարգ` Ինչպէ՛ս Վերջ Տալ Պատերազմին»

Թրամփ. «Զելենսքի Կը Կարծէ` Եկած Է Խաղաղութեան Ժամանակը, Փութինը Պէտք Է Նոյնը Մտածէ. Ես Կը Ձեւակերպեմ Հայեցակարգ` Ինչպէ՛ս Վերջ Տալ Պատերազմին»

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի պատրաստ է «խաղաղութեան»: Թրամփ այս մասին յայտնած է «Նիւ Եորք Փոսթ» օրաթերթին` պատմելով Փարիզի Նոթր Տամ տաճարի վերաբացման առիթով Ֆրանսա կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Զելենսքիի հետ հադիպումին մանրամասնութիւնները: «Ան կ՛ուզէ խաղաղութիւն հաստատել: Ասիկա նոր բան է: Ան զինադադար կ՛ուզէ: Ան կ՛ուզէ խաղաղութիւն հաստատել: «Մենք մանրամասնութիւնները չենք քննարկած:...

Մոհամետ Պաշիրի Գլխաւորութեամբ Սուրիական  Փոխանցման Կառավարութիւնը Ստանձնեց  Դամասկոսի Մէջ Իշխանութիւնը

Մոհամետ Պաշիրի Գլխաւորութեամբ Սուրիական Փոխանցման Կառավարութիւնը Ստանձնեց Դամասկոսի Մէջ Իշխանութիւնը

Մոհամետ Պաշիրի գլխաւորութեամբ սուրիական փոխանցման կառավարութիւնը պաշտօնապէս ստանձնեց Դամասկոսի մէջ իշխանութիւնը: Նախքան այդ, Սուրիոյ կառավարութիւնը ժողով մը գումարեց ներկայութեամբ նախկին վարչապետ Մոհամետ Ժալալիի եւ նշանակուած վարչապետ Մոհամետ Պաշիրի: Սուրիական քաղաքական վարչակազմէն աղբիւրներ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Մոհամետ Պաշիրի ընթացիկ աշխատանքներու փոխանցման կառավարութեան պաշտօնավարումը երեք ամիս պիտի տեւէ` աւելցնելով, որ այդ ընթացքին ապահովական ծառայութիւնները պիտի լուծարուին եւ ահաբեկչութեան դէմ...

Փեթերսոն. «Սուրիոյ Մէջ Իսրայէլեան Ներկայ  Շարժումները Պէտք Է Դադրին»

Փեթերսոն. «Սուրիոյ Մէջ Իսրայէլեան Ներկայ Շարժումները Պէտք Է Դադրին»

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Կիր Փեթերսոն յայտնեց, որ Սուրիան «ներկայիս խաչմերուկի վրայ է, եւ սուրիական հողերուն վրայ իսրայէլեան ներկայ շարժումները պէտք է դադրին»: Փեթերսոն կոչ ուղղեց «հաստատելու հաւաստի փոխանցման դասաւորումներ, որոնք Դամասկոսի մէջ բոլորը կը ներառեն»: Ան զգուշացուց յաւելեալ տագնապներէ, եթէ ազգային խմբաւորումներուն եւ սուրիական կողմերու ամէնէն լայն շրջանակը մասնակից չդարձուի` նշելով. «Հայըաթ Թահրիր Շամը ներկայիս Դամասկոսի մէջ տիրող...

Էրտողան. «Սուրիան Պէտք Է Սուրիացի Ժողովուրդին Կողմէ  Իշխուի, Եւ Թուրքիան Պիտի Աշխատի Միացեալ  ու Ահաբեկչութենէն Զուրկ Սուրիա Մը Կառուցելու»

Էրտողան. «Սուրիան Պէտք Է Սուրիացի Ժողովուրդին Կողմէ Իշխուի, Եւ Թուրքիան Պիտի Աշխատի Միացեալ ու Ահաբեկչութենէն Զուրկ Սուրիա Մը Կառուցելու»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց. «Թուրքիան Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմ ծագելուն առաջին օրէն կը զօրակցի Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ կայունութեան»: «Սուրիան պէտք է սուրիացի ժողովուրդին կողմէ իշխուի, եւ Թուրքիան պիտի շարունակէ իր առաւելագոյն ջանքը թափել կառուցելու համար միացեալ եւ ահաբեկչութենէ զուրկ Սուրիա մը», ըսաւ Էրտողան: Թուրքիոյ նախագահը երէկ նաեւ յայտնեց,...

Page 115 of 882 1 … 114 115 116 … 882

Արխիւներ