Միջազգային

Զուիցերիան Պատրաստ Է Հիւրընկալելու  Ուքրանիոյ Հարցով Թրամփ-Փութին Հանդիպումը

Զուիցերիան Պատրաստ Է Հիւրընկալելու Ուքրանիոյ Հարցով Թրամփ-Փութին Հանդիպումը

Զուիցերիան, կողմերու համապատասխան խնդրանքի պարագային, պատրաստ է հիւրընկալելու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի հանդիպումը` ուքրանական տագնապի լուծման հարցով: Այս մասին կը գրէ «Լը Թան»-ը` վկայակոչելով Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական ծառայութեան ղեկավար Նիքոլա Պիտոթին: «Պուրկենշթոքի վեհաժողովէն ետք Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն պարբերաբար տեղեկացուած է խաղաղութեան հաստատման ուղղուած դիւանագիտական որեւէ ջանքի աջակցելու մեր պատրաստակամութեան...

16 Զոհ Եւ 153 Հազար Տեղահանուած  Քալիֆորնիոյ Հրդեհներուն Պատճառով

16 Զոհ Եւ 153 Հազար Տեղահանուած Քալիֆորնիոյ Հրդեհներուն Պատճառով

Քալիֆորնիոյ մէջ անտառային հրդեհներուն պատճառով զոհերու թիւը հասած է 16-ի, կը հաղորդէ «Սի. Էն. Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Այրած է մօտ 157 հազար 83 քառակուսի քիլոմեթր տարածք: Տարհանուած մարդոց թիւը հասած է 153 հազարի: Ներկայիս Լոս Անճելըսի տարածքին մէջ կը շարունակեն 6 մեծ հրդեհներ մոլեգնիլ: Հրշէջները յայտարարած են, որ կրցած են երկու մեծագոյն հրդեհները մասնակիօրէն տեղայնացնել եւ վերահսկողութեան տակ վերցնել...

«Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ». «Ազրպէյճանը  Պէտք Է Վերջ Տայ Լաչինի Միջանցքի Փակման»

«Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ» Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ Ազատ Արձակելու Ձերբակալուած Լրագրողները

«Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ» հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին ազատ արձակելու ՔՈՓ29-էն ետք ձերբակալուած լրագրողներուն եւ կ՛առաջարկէ այդ կոչին միանալ նաեւ ցանկացողներուն` նամակ ուղարկելով Ազրպէյճանի նախագահին: 6 դեկտեմբեր 2024-ին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան ՔՈՓ29 համաժողովէն ետք Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ձերբակալած են եօթը լրագրողներ եւ լրատուամիջոցներու աշխատակիցներ` «մաքսանենգութեան» կեղծ մեղադրանքներով, որոնցմով անոնց կը սպառնայ 5-8 տարուան բանտարկութիւն:

Թրամփ Հրապարակած Է «Միաւորուած»  Միացեալ Նահանգներու Եւ Քանատայի Քարտէսը.  Թրուտօ Արձագանգած Է

Թրամփ Հրապարակած Է «Միաւորուած» Միացեալ Նահանգներու Եւ Քանատայի Քարտէսը. Թրուտօ Արձագանգած Է

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրելէ ետք բազմիցս յայտարարած է, թէ կ՛ուզէ Քանատան Միացեալ Նահանգներուն միացնել եւ զայն դարձնել երկրի 51-րդ նահանգը, «Սոշըլ Թրութ» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակած է միաւորուած Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի քարտէսը` ներկուած Միացեալ Նահանգներու դրօշի գոյներով: Քանատայի հրաժարեալ վարչապետ Ճասթին Թրուտոն «Էքս»-ի վրայ ըսած է. «Աւելի հաւանական է, որ դժոխքի...

Մեքսիքայի Նախագահը Առաջարկած Է Ամբողջ  Հիւսիսային Ամերիկան Վերանուանել  «Մեքսիքական Ամերիկա»

Մեքսիքայի Նախագահը Առաջարկած Է Ամբողջ Հիւսիսային Ամերիկան Վերանուանել «Մեքսիքական Ամերիկա»

Մեքսիքայի նախագահ Քլաուտիա Շէյնպաում առաջարկած է ամբողջ Հիւսիսային Ամերիկան վերանուանել «Մեքսիքական Ամերիկա»: Անոր առաջարկը հնչած է ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Մեքսիքական ծոցը «Ամերիկեան ծոց» վերանուանելու մասին չորեքշաբթի օրուան յայտարարութեան: «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Մեքսիքայի նախագահը յղում կատարած է 1607 թուականի պատմական քարտէսին: «Մեքսիքական Ամերիկա, լաւ կը հնչէ», կատակած է Շէյնպաում` ցոյց տալով շրջանի հին քարտէսը:...

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

8 յունուարին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ երկկողմանի յարաբերութիւններու, շրջանային եւ համաշխարհային խնդիրներու շուրջ: Էրտողան ընդգծած է, որ երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը պիտի զարգանայ բոլոր ոլորտներուն մէջ` «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» սկզբունքով: Ան նաեւ յայտարարած...

Թրամփ Փութինի Հետ  Հանդիպումի Կը Պատրաստուի

Թրամփ Փութինի Հետ Հանդիպումի Կը Պատրաստուի

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումին համար: Թրամփ չէ յստակացուցած, թէ այդ հանդիպումը ե՛րբ կրնայ տեղի ունենալ: «Ան կ՛ուզէ հանդիպիլ, իսկ մենք կը պատրաստուինք», «Ռոյթըրզ»-ի հաղորդումով ըսած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը` պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն: Ան աւելցուցած է, որ Փութին յայտարարած է հանդիպելու ցանկութեան մասին: «Մենք...

Ֆիտան. «Մեզի Համար 2025-ի Կարեւորագոյն Նպատակներէն Մէկը Սուրիական Բեմը Ահաբեկչութենէ Մաքրելն Է»

Ֆիտան. «Մեզի Համար 2025-ի Կարեւորագոյն Նպատակներէն Մէկը Սուրիական Բեմը Ահաբեկչութենէ Մաքրելն Է»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ընդգծեց «Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը»` նշելով. «Որեւէ այլ պետութեան հողերու նկատմամբ ախորժակներ չունինք եւ գաղտնի օրակարգ ալ չունինք»: «Կը պնդենք ահաբեկչութեան վերջ տալուն վրայ, ուր ալ անիկա գտնուի», ըսաւ ան` շեշտելով. «Մեզի համար 2025 թուականի կարեւորագոյն նպատակներէն մէկը սուրիական բեմը ահաբեկչութենէն մաքրելն է»: «Մեր գոյութեան սպառնացող որեւէ վտանգի վերջ տալու ուժը...

Լոս Անճելըսի Մէջ Հրդեհներու Պատճառով  Երկու Քաղաքացի Մահացած Է

Լոս Անճելըսի Մէջ Հրդեհներու Պատճառով Երկու Քաղաքացի Մահացած Է

Լոս Անճելըսի մէջ ծաւալող հրդեհներու պատճառով երկու քաղաքացի մահացած է: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Լոս Անճելըսի հրշէջ բաժանմունքի ղեկավարը: Զոհերը Փասատենայէն են: Կան նաեւ խոր այրուածքներ ստացած քաղաքացիներ: Իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ քամիներու եւ ցած խոնաւութեան պատճառով հրդեհները կը շարունակեն նոր տարածքներ գրաւել. վտանգի մէջ են շրջանի բոլոր բնակավայրերը: Ամբողջութեամբ այրած է Փասատենայի...

Լոս Անճելըսի Մէջ Հրդեհներու Հետեւանքով  Աւելի Քան 30 Հազար Մարդ Տարհանուած Է

Լոս Անճելըսի Մէջ Հրդեհներու Հետեւանքով Աւելի Քան 30 Հազար Մարդ Տարհանուած Է

Լոս Անճելըսի լեռնային հատուածներուն մէջ նախանցեալ օրէն սրընթաց տարածուող հրդեհի հետեւանքով բազմաթիւ կառոյցներ տուժած են, աւելի քան 30 հազար մարդ տարհանուած է: Ամերիկեան պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, կրակը տարածուած է ընդհանուր առմամբ մօտ 1200 հեկտար տարածքի մէջ` հիմնականին մէջ ափամերձ Սանթա Մոնիքա, Մալիպու եւ Փասատենա քաղաքներու մերձակայքին մէջ: Կը հաղորդուի քանի մը տուժածներու մասին, ոմանք դէմքի եւ ձեռքերու այրուածքներ ստացած են:...

«Թուրքիոյ Յարձակումները Պէտք Չէ Առանց Պատիժի  Կամ Հաշուետուութեան Մնան»  Կ՛ըսէ Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ինքնակառավարման Վարչակազմը

«Թուրքիոյ Յարձակումները Պէտք Չէ Առանց Պատիժի Կամ Հաշուետուութեան Մնան» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ինքնակառավարման Վարչակազմը

Սուրիոյ մէջ Քրտական ինքնակառավարման վարչակազմը յայտարարեց. «Թուրքիոյ յարձակումները պէտք չէ անպատիժ կամ առանց հաշուետուութեան մնան»: Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանը յայտնեց, որ Մընպեժի շրջանին մէջ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն եւ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներուն միջեւ բախումներու ընթացքին վերջիններուս 23 անդամներ սպաննուած են, իսկ քրտական գլխաւորութեամբ ուժերէն մէկ անձ զոհուած է: Դիտարանը կը նշէ, որ Մընպեժ քաղաքի հարաւը գտնուող Աթշանէ եւ Մասթահա գիւղերու...

Արաղչի. «Իրանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ  Ոչ Ուղղակի Հաղորդակցութեան  Կապերը Տակաւին Կանգուն Են»

Արաղչի. «Թշնամիները Կը Կարծեն, Թէ Դիմադրութեան Հարուածներ Ստանալը Իրենց Յաղթանակն Է, Սակայն Իրականութեան Մէջ Անոնց Պարտութեան Նախերգանքն Է»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Թշնամիները կը կարծեն, թէ Դիմադրութեան հարուածներ ստանալը իրենց յաղթանակն է, սակայն իրականութեան մէջ անոնց պարտութեան նախերգանքն է»: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նախքան այդ ըսաւ. «Միջին Արեւելքի մէջ տագնապ կայ, սակայն դիւանագիտական ուղին չի փակուիր, եւ լուծումը դժուար է, սակայն ոչ անկարելի»: «Պատրաստ ենք համաձայնութեան հասնելու նպատակով առանց ուշացումի հիւլէական թղթածրարին շուրջ շինիչ բանակցութիւններու...

Եգիպտացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ  Զրոյցի Ընթացքին.  Պլինքըն. «Սուրիոյ Մէջ Խաղաղ Եւ Համապարփակ  Քաղաքական Փոխանցման Կը Զօրակցինք»

Եգիպտացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Զրոյցի Ընթացքին. Պլինքըն. «Սուրիոյ Մէջ Խաղաղ Եւ Համապարփակ Քաղաքական Փոխանցման Կը Զօրակցինք»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնած է Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթիի եւ անոր հետ քննարկած Կազայի մէջ գերիներու ազատ արձակում պարունակող, մարդասիրական օժանդակութիւններու յաւելեալ հոսք ապահովող եւ «պատերազմին վերջ տուող» զինադադարի հաստատման համար թափուող ներկայ ջանքերը: «Անոնք քննարկեցին նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը:...

Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարները Այցելեցին Դամասկոս

Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Այցելեցին Դամասկոս

Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ժան-Նոել Պարրօ եւ Աննալենա Պերպոք այցելեցին Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցան Սուրիոյ նոր վարչակազմին հետ: Անոնց այցելութիւնը արեւմտեան երկիրներու կողմէ Ասատի տապալումէն ի վեր այս մակարդակի վրայ առաջինն էր: Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը Դամասկոս հասնելէ ետք յայտարարեց. «Ֆրանսան եւ Գերմանիան միասնաբար կողքին կը կանգնին սուրիացի ժողովուրդին` անոր ամբողջ բազմազանութեամբ ու կողմերով»: «Կ՛ուզենք ամրապնդել Սուրիոյ մէջ փոխանցման...

Նեթանիահու. «Սուրիոյ Մէջ Զինուորական  Գործողութիւնը Իսրայէլի Ամէն Տեղ Գործելու  Յանդգնութիւնը Ցոյց Կու Տայ»

Նեթանիահու. «Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Գործողութիւնը Իսրայէլի Ամէն Տեղ Գործելու Յանդգնութիւնը Ցոյց Կու Տայ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակին հինգշաբթի օր բացայայտած Սուրիոյ մէջ Իրանի գետնի տակ հաստատած հրթիռներու արտադրութեան վայրի վրայ սեպտեմբերին կատարած գործողութիւնը Իսրայէլի ամէն տեղ գործելու յանդգնութիւնը ցոյց կու տայ: «Ասիկա մէկն է այն հակայարձակումներէն, որոնք կատարեցինք իրանեան առանցքին մեզի վնաս հասցնելու համար զինուելու փորձերուն դէմ, եւ մենք մեզ պաշտպանելու համար ամէն տեղ գործելու մեր վճռականութիւնն ու յանդգնութիւնը...

Թեհրան Կը Հաստատէ` Պաքուն Պաշտօնական  Բողոք Ներկայացուցած Է

Թեհրան Կը Հաստատէ` Պաքուն Պաշտօնական Բողոք Ներկայացուցած Է

Թեհրան հաստատած է ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու այն տեղեկութիւնը, թէ 1 դեկտեմբերին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուած էր Պաքուի մէջ Իրանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար սէյիտ Ճաֆարի Աղայէ Մարիանը, որուն պաշտօնական բողոքագիր յանձնուած էր: Այս մասին կը հաղորդէ «Առ.Պի.Սի.»-ն: Բողոքագիրին պատճառը Ազրպէյճանի եւ այդ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հասցէին վիրաւորական յայտարարութիւններն էին, որոնք կատարուած էին 29 դեկտեմբեր 2024-ին Արտապիլի մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր...

«Աքսիոս». «Պայտընի Օգնականները Այն Կարծիքը  Ունին, Թէ Իրանի Հիւլէական Ծրագիրի Արագացումը  Եւ Անոր Գործակատարներու Տկարութիւնը  Իրանը Հարուածելու Առիթ Կ՛ընծայեն»

«Աքսիոս». «Պայտընի Օգնականները Այն Կարծիքը Ունին, Թէ Իրանի Հիւլէական Ծրագիրի Արագացումը Եւ Անոր Գործակատարներու Տկարութիւնը Իրանը Հարուածելու Առիթ Կ՛ընծայեն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի  օգնականները այն կարծիքը ունին, թէ Իրանի իր հիւլէական ծրագիրը արագացնելն ու անոր գործակատարներու տկարութիւնը իրանեան դիրքեր հարուածելու առիթ կ՛ընծայեն: «Աքսիոս»-ի աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն Պայտընին Իրանի հիւլէական կառոյցներուն վրայ յարձակելու ընտրանքներ ներկայացուցած է, եթէ Իրանը 20 յունուարէն առաջ հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու քայլ կատարէ: Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը,...

Թոքայեւ. «Առարկայական Հետաքննութեան Համար  Օդանաւի «Սեւ Տուփեր»-ը Պրազիլ Տեղափոխելը  Ամէնէն Ճիշդ Որոշումն Էր»

Թոքայեւ. «Առարկայական Հետաքննութեան Համար Օդանաւի «Սեւ Տուփեր»-ը Պրազիլ Տեղափոխելը Ամէնէն Ճիշդ Որոշումն Էր»

Ղազախստանի մէջ ջախջախուած ազրպէյճանական օդանաւի «սեւ տուփեր»-ը վերծանման համար Պրազիլ ուղարկելը ամէնէն ճիշդ որոշումն էր: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւ: «Ստեղծուած է կառավարական յանձնախումբ` օդանաւի կործանման պատճառները հետաքննելու համար: Բացի ատկէ, հրաւիրուած են 17 միջազգային փորձագէտներ: «Կառավարական յանձնախումբը որոշած է այդ տուփերը վերծանման համար ուղարկել Պրազիլ, ուր արտադրուած է օդանաւը: «Վստահ եմ,...

Սուրիական Բարձրաստիճան  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ռիատ

Սուրիական Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ռիատ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի գլխաւորութեամբ սուրիական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը չորեքշաբթի գիշեր հասաւ Ռիատ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մըրհեֆ Ապու Քասրան եւ ընդհանուր հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Անաս Խաթթապը: Շիպանի 30 դեկտեմբերին յայտնած էր, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը զինք հրաւիրած է թագաւորութիւն այցելելու, եւ ինք ընդունած է հրաւէրը: Այցելութիւնը Սուրիոյ նոր...

Պայտըն. «Նիւ Օրլինզի Մէջ Վրայերթին Ու Լաս Վեկասի  Պայթումին Միջեւ Կապի Վերաբերեալ  Հետաքննութիւնները Ընթացքին Մէջ Են»

Պայտըն. «Նիւ Օրլինզի Մէջ Վրայերթին Ու Լաս Վեկասի Պայթումին Միջեւ Կապի Վերաբերեալ Հետաքննութիւնները Ընթացքին Մէջ Են»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ իշխանութիւնները հետաքննութիւն կը կատարեն իմանալու, եթէ Նիւ Օրլինզ քաղաքին մէջ վրայերթի դէպքին եւ Լաս Վեկասի մէջ «Թրամփ պանդոկ»-ին առջեւ «Թեսլա» տիպի ինքնաշարժի պայթումին միջեւ կապ կայ: Պայտըն ըսաւ, որ «Էֆ.Պի.Այ.»-ը իրեն փոխանցած է, թէ յարձակումին հեղինակը յարձակումէն ժամեր առաջ ընկերային ցանցերուն վրայ հրապարակած է տեսագրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ան կ՛որդեգրէ ՏԱՀԵՇ-ի...

Page 110 of 882 1 … 109 110 111 … 882

Արխիւներ