Լոս Անճելըսի մէջ ծաւալող հրդեհներու պատճառով երկու քաղաքացի մահացած է: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Լոս Անճելըսի հրշէջ բաժանմունքի ղեկավարը:
Զոհերը Փասատենայէն են: Կան նաեւ խոր այրուածքներ ստացած քաղաքացիներ:
Իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ քամիներու եւ ցած խոնաւութեան պատճառով հրդեհները կը շարունակեն նոր տարածքներ գրաւել. վտանգի մէջ են շրջանի բոլոր բնակավայրերը:
Ամբողջութեամբ այրած է Փասատենայի Սահակ Մեսրոպ հայկական վարժարանը:
Սպիտակ տան բանբեր Քարին Ժան Փիեռ յայտնեց, որ Քալիֆորնիոյ մէջ զանգուածային հրդեհներու պատճառով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ջնջեց նախագահի պաշտօնին իր վերջին արտասահման այցելութիւնը Իտալիա:
Պայտըն 9 յունուարին այցելութեամբ պէտք է մեկնէր Իտալիա` քննարկելու ռուսական սառեցուած հաշիւներու ստացուած եկամուտներէն Քիեւին 50 միլիառ տոլարի վարկի հարցը: Նախատեսուած էր նաեւ Պայտընի հանդիպումը Ֆրանչիսկոս պապին հետ: 8 յունուարին ան ժամանած է Լոս Անճելըս` անձամբ Քալիֆորնիոյ նահանգապետէն իրավիճակի մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար, իսկ Ուաշինկթըն վերադառնալուն պէս ջնջած էր իր արտասահմանեան վերջին ճամբորդութիւնը:
Քալիֆորնիոյ անտառային հրդեհները 7 յունուարէն ի վեր աւերներ կը գործեն: Անոնք կը նկատուին նահանգի պատմութեան մէջ ամէնէն աւերիչներէն:
«Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» հաղորդած է առնուազն հինգ զոհի մասին: Աւելի քան 2000 տուներ, ձեռնարկութիւններ եւ այլ շինութիւններ աւերուած կամ վնասուած են, շուրջ 130 հազար մարդ տարհանուած է:
«ԱքիւՈւետըր»-ի գնահատումով, հրդեհին վնասը պիտի գերազանցէ 50 միլիառ տոլարը:


