Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Հրապարակած Է «Միաւորուած» Միացեալ Նահանգներու Եւ Քանատայի Քարտէսը. Թրուտօ Արձագանգած Է

Յունուար 13, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրելէ ետք բազմիցս յայտարարած է, թէ կ՛ուզէ Քանատան Միացեալ Նահանգներուն միացնել եւ զայն դարձնել երկրի 51-րդ նահանգը, «Սոշըլ Թրութ» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակած է միաւորուած Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի քարտէսը` ներկուած Միացեալ Նահանգներու դրօշի գոյներով:

Քանատայի հրաժարեալ վարչապետ Ճասթին Թրուտոն «Էքս»-ի վրայ ըսած է. «Աւելի հաւանական է, որ դժոխքի մէջ ձիւն գայ, քան թէ Քանատան դառնայ Միացեալ Նահանգներու մէկ մասը: Մեր երկու երկիրներու աշխատողներն ու համայնքները կը շահին իրարմէ մեծագոյն առեւտրական եւ անվտանգութեան գործընկերը ըլլալէ»: «Քանատան երբեք Միացեալ Նահանգներու մէկ մասը պիտի չըլլայ», շեշտեց ան:

Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի իր կարգին յայտնեց, որ Թրամփի յայտարարութիւնները «ցոյց կու տան, որ ան բացարձակապէս չի հասկնար ինչը Քանատան ուժեղ երկիր կը դարձնէ»: «Մեր տնտեսութիւնը ամուր է, մեր ժողովուրդը` հզօր, եւ երբեք մարտահրաւէրներու դիմակայման մէջ պիտի չնահանջենք», աւելցուց ան:

Թրամփ նախապէս Թրուտոն կոչած էր «Քանատա մեծ նահանգի նահանգապետ»:

Թրամփ քննադատած է քանատական ապրանքներու եւ զինուորական աջակցութեան վրայ Միացեալ Նահանգներու ծախսերը` նշելով, որ իր երկիրը անոնցմէ չի շահիր: Աւելի՛ն, ան երկու երկիրներու միջեւ սահմանը կոչած է «արհեստական գիծ»:

Թրամփ Չի Բացառեր Փանամայի Ջրանցքն Ու
Կրինլանտը Ուժով Վերցնելու Կարելիութիւնը

Թրամփ նաեւ չէ բացառած Փանամայի ջրանցքն ու Կրինլանտը ձեռք ձգելու համար զինուորական կամ տնտեսական միջոցներու կիրարկումը:

Ֆլորիտայի իր հանգստավայրին մէջ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ պատասխանելով այն հարցումին, թէ աշխարհին կրնա՞յ հաւաստել, որ զինուորական կամ տնտեսական պարտադրանք պիտի չօգտագործէ` Փանամայի ջրանցքի եւ Կրինլանտի վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու համար, Թրամփ նշած է. «Ո՛չ, այս երկու կէտերէն ոչ մէկը կրնամ երաշխաւորել: Սակայն բան մը կրնամ ըսել` ատոնք մեզի պէտք են տնտեսական անվտանգութեան համար»:

Թրամփ չի բացառեր Դանիոյ վրայ մաքսատուրքերու հաստատումը, եթէ մերժէ Կրինլանտը գնելու իր առաջարկը: Դանիա յայտարարած է, որ Կրինլանտը իր թագաւորութեան ինքնավար տարածքն է եւ ծախու չէ:

Կրինլանտի Մասին Թրամփի Յայտարարութիւնները
Եւրոպայի Մէջ Լուրջ Մտահոգութիւն Յառաջացուցած Են

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց պատասխանած է Կրինլանտի վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու մտադրութեան մասին Թրամփի յայտարարութիւններուն: Այս մասին կը գրէ գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը:

«Սահմաններու խախտումը կը հակասէ միջազգային օրէնքի հիմնարար սկզբունքներուն», ըսած է ան:

Շոլց այս առնչութեամբ բանակցութիւններ վարած է եւրոպական քանի մը պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու հետ:

«Եւրոպացի գործընկերներու հետ զրոյցներուս մէջ տարակուսանք արտայայտուած է Միացեալ Նահանգներու վերջին յայտարարութիւններուն վերաբերեալ», աւելցուցած է ան:

Ըստ «Պիլտ»-ի, Կրինլանտի մասին Թրամփի արտայայտութիւններէն ետք Շոլց հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Դանիոյ վարչապետ Մեթէ Ֆրետերիքսենի եւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէի հետ: Ան «էս.էմ.էս.»-ի միջոցով կացութիւնը քննարկած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ:

Շոլց Թրամփի դէմ հրապարակային յայտարարութիւն ընելէն առաջ իր քայլերը համակարգած է եւրոպացի գործընկերներու, յատկապէս Դանիոյ վարչապետին հետ, որ պնդած է, որ Եւրոպայէն հրատապ հանրային արձագանգ ըլլայ:

Ըստ «Պիլտ»-ի, Թրամփի յայտարարութիւնները Եւրոպայի մէջ լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուցած են:

 

 

 

 

Նախորդը

Մեքսիքայի Նախագահը Առաջարկած Է Ամբողջ Հիւսիսային Ամերիկան Վերանուանել «Մեքսիքական Ամերիկա»

Յաջորդը

«Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ» Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ Ազատ Արձակելու Ձերբակալուած Լրագրողները

RelatedPosts

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
Սուրիոյ Նախագահը Պաքու Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Նախագահը Պաքու Այցելեց

Յուլիս 14, 2025
Արաղչի. «Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային  Գործակալութեան Հետ Թեհրանի Համագործակցութիւնը  Չէ Դադրեցուած, Սակայն Նոր Ձեւաչափով  Պիտի Շարունակուի»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Հետ Թեհրանի Համագործակցութիւնը Չէ Դադրեցուած, Սակայն Նոր Ձեւաչափով Պիտի Շարունակուի»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?