Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեքսիքայի Նախագահը Առաջարկած Է Ամբողջ Հիւսիսային Ամերիկան Վերանուանել «Մեքսիքական Ամերիկա»

January 13, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեքսիքայի նախագահ Քլաուտիա Շէյնպաում առաջարկած է ամբողջ Հիւսիսային Ամերիկան վերանուանել «Մեքսիքական Ամերիկա»: Անոր առաջարկը հնչած է ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Մեքսիքական ծոցը «Ամերիկեան ծոց» վերանուանելու մասին չորեքշաբթի օրուան յայտարարութեան:

«Էն.Պի.Սի. Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Մեքսիքայի նախագահը յղում կատարած է 1607 թուականի պատմական քարտէսին:

«Մեքսիքական Ամերիկա, լաւ կը հնչէ», կատակած է Շէյնպաում` ցոյց տալով շրջանի հին քարտէսը:

Ապա ան խօսքը փոխանցած է մշակոյթի նախկին նախարար Խոսէ Ալֆոնսօ Սուարես տել Ռէալին, որ ըսած է. «Փաստը այն է, որ Մեքսիքական Ամերիկան 17-րդ դարէն ճանչցուած է իբրեւ ամերիկեան ցամաքամասի ամբողջ հիւսիսային մասի անուանում»:

Ան նաեւ նշած է, որ «Մեքսիքական ծոց» անուանումը ճանչցուած է միջազգային ընտանիքին կողմէ:

«Ամերիքա Մեքսիքանա» անուանումը կը յիշատակուի նաեւ Մեքսիքայի Ափացինկանի Սահմանադրութեան մէջ, որ մշակուած է սպանական իշխանութեան դէմ անկախութեան շարժման ժամանակ:

Թրամփ չորեքշաբթի յայտարարած էր, որ Մեքսիքական ծոցը պիտի վերակոչուի «Ամերիկեան ծոց»:

«Մենք կը պատրաստուինք Մեքսիքական ծոցի անունը դարձնել Ամերիկեան ծոց… ի՛նչ գեղեցիկ անուն է եւ շատ տեղին», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը:

Մեքսիքական ծոցը կը գտնուի Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ` Հիւսիսային Ամերիկայի հարաւարեւելեան ափերուն մօտ:

 

Նախորդը

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Թրամփ Հրապարակած Է «Միաւորուած» Միացեալ Նահանգներու Եւ Քանատայի Քարտէսը. Թրուտօ Արձագանգած Է

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.