Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Այցելեցին Դամասկոս

Յունուար 4, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ժան-Նոել Պարրօ եւ Աննալենա Պերպոք այցելեցին Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցան Սուրիոյ նոր վարչակազմին հետ: Անոնց այցելութիւնը արեւմտեան երկիրներու կողմէ Ասատի տապալումէն ի վեր այս մակարդակի վրայ առաջինն էր:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը Դամասկոս հասնելէ ետք յայտարարեց. «Ֆրանսան եւ Գերմանիան միասնաբար կողքին կը կանգնին սուրիացի ժողովուրդին` անոր ամբողջ բազմազանութեամբ ու կողմերով»:

«Կ՛ուզենք ամրապնդել Սուրիոյ մէջ փոխանցման խաղաղ հոլովոյթ մը, որ կը ծառայէ սուրիացիներուն եւ շրջանային կայունութեան», նշեց Պարրօ:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին նշեց. «Դամասկոս մեր այցելութիւնը Եւրոպական Միութեան կողմէ Սուրիոյ հետ քաղաքական նոր յարաբերութիւններ սկսելու կարելիութեան ցուցանիշ է»:

«Պէտք է բոլոր սուրիացիները յառաջիկայ փուլին քաղաքական հոլովոյթին մէջ տեղ ստանան», նշեց Պերպոք:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը աւելի ուշ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ քրիստոնէական եկեղեցիներու առաջնորդներուն հետ եւ յայտնեց. «Կը վստահեցնենք, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական հասարակութեան եւ քրիստոնեաներու ներկայացուցիչներուն կողքին պիտի կանգնինք»: Ան նաեւ յայտարարեց. «Մեր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը մօտ օրէն պիտի վերադառնայ Սուրիա»:

Պարրօ քիւրտերուն կոչ ուղղեց` իրենց զէնքերը յանձնելու եւ քաղաքական կեանքին համարկուելու: «Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան ներկայութիւնը պիտի չընդունինք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Քիմիական զէնքերու ապազինման փորձագէտները Սուրիա ուղարկելու պիտի նախաձեռնենք»:

Կը նախատեսուի, որ Ֆրանսան յունուարին Սուրիոյ շուրջ միջազգային ժողով մը հիւրընկալէ:

Պերպոք իր կարգին յայտնեց. «Ժամանակն է, որ ռուսական ռազմակայանները հեռանան Սուրիայէն»:

Պարրօ եւ Պերպոք հանդիպում ունեցան Սուրիոյ նոր վարչութեան հրամանատար Ահմետ Շարհի հետ: Գերմանիոյ դիւանագիտութեան պետը հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Սուրիական վարչակազմի ղեկավարին յայտնեցինք, թէ Եւրոպան իսլամական նոր կառոյցներուն գումարներ պիտի չտայ»:

Մեկնաբանելով Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ջնջելու հարցը` Պերպոք ըսաւ. «Ատիկա կախեալ է քաղաքական հոլովոյթէն»:

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեփենզիա յայտնեց. «Սուրիական նոր իշխանութիւնները նշաններ կ՛ուղարկեն, թէ հետաքրքրուած են ռուսական ներկայութեան շարունակութեամբ»:

Նախքան այդ, Սուրիոյ նոր վարչակազմի հրամանատար, Հայըաթ Թահրիր Շամի ղեկավար Ահմետ Շարհ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած էր, թէ Ռուսիան աշխարհի վրայ երկրորդ հզօրագոյն երկիրն է եւ մեծ կարեւորութիւն ունի` շեշտելով, որ Դամասկոս Մոսկուայի հետ ռազմավարական շահեր ունի:

Ան աւելցուց, որ ներկայ վարչակազմը չ՛ուզեր, որ Ռուսիան Սուրիոյ հետ իր երկարատեւ յարաբերութիւններուն ոչ վայել ձեւով դուրս գայ, ինչ որ թերեւս ռուսական ռազմակայաններու Հմէյմիմի եւ Թարթուսի մէջ ժամանակաւորապէս մնալու ցուցանիշ է:

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց յայտնեց. «Սուրիական նոր վարչակազմին հետ աշխուժ հաղորդակցութիւններ կ՛ունենանք եւ կապ կը հաստատենք Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր խմբաւորումներուն հետ»:

Գերմանիոյ վարչապետը նաեւ շեշտեց «Սուրիոյ ապագայի ճշդման մէջ տարբեր համայնքներու մասնակցութեան կարեւորութիւնը»:

Սէուտական «Ռիատ» օրաթերթը կը գրէ. «Թագաւորութիւնը աշխատանք պիտի տանի արաբական հասարակաց ուղղուածութիւններու համահունչ կերպով աջակցելու (Սուրիոյ) նոր իշխանութիւններուն եւ օտար միջամտութիւններէն հեռու ամրապնդելու Սուրիոյ գերիշխանութիւնը»:

«Սէուտ-սուրիական ապագայ յարաբերութիւնները պիտի դիմակայեն միացեալ մարտահրաւէրները, ինչպէս ահաբեկչութիւնը, եւ այս գործակցութիւնը կրնայ հիմնաքար ըլլալ ապահովական դաշինքի մը, որ կը ծառայէ շրջանին կայունութեան, որուն միշտ կը ձգտի թագաւորութիւնը», նշեց օրաթերթը:

«Ապագան, Աստուծոյ կամքով, մեզի ցոյց պիտի տայ, եթէ մեծ առիթներ կան (յարաբերութիւններու) հասարակաց կառուցման, որ կը ծառայէ երկու երկիրներուն ու շրջանին շահերուն, եւ թագաւորութիւնը իր շրջանային ու միջազգային դիրքով պիտի չտատամսի ապագայ Սուրիոյ աջակցելէ եւ նոր իշխանութիւններու հետ աշխատելէ` երաշխաւորելու համար Սուրիոյ հեզասահ ու կայուն անցումը դէպի նոր փուլ», աւելցուց «Ռիատ»:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի գլխաւորութեամբ սուրիական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մըրհեֆ Ապու Քասրան եւ ընդհանուր հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Անաս Խաթթապը, չորեքշաբթի գիշեր այցելած էր Ռիատ:

Շիպանի երէկ յայտարարեց. «Սէուտական Արաբիա մեր այցելութեան ընթացքին փոխանցեցինք մեր ազգային պատկերացումը` ստեղծելու կառավարութիւն մը, որ հիմնուած է գործընկերութեան ու ատակութեան վրայ եւ կը ներառէ Սուրիոյ բոլոր բաղադրիչ մասերը, եւ աշխատանք տանիլ ձեռնարկելու տնտեսական զարգացման ծրագիր մը, որ ճամբայ կը բանայ ներդրումի, ռազմավարական գործընկերութիւններ կը կնքէ եւ ոտքի կը կանգնեցնէ ապրուստի եւ ծառայողական կացութիւնը»:

«Քաղաքականի կողքին շրջանին մէջ արաբական պետութիւններուն կողքին անվտանգութեան ու կայունութեան աջակցող եւ բարգաւաճում իրականացնող հասարակաց քաղաքականութիւններու զարգացման մէջ Սուրիոյ կարեւորութիւնը փոխանցեցինք», ըսաւ ան:

«Սէուտական Արաբիան իր կարգին աջակցութիւն յայտնեց սուրիացի ժողովուրդին ու սուրիական նոր վարչակազմին, եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնակցելու Սուրիոյ ոտքի կանգնեցման ու անոր հողային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան աջակցութեան», ըսաւ Շայպանի:

Նախորդը

Նեթանիահու. «Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Գործողութիւնը Իսրայէլի Ամէն Տեղ Գործելու Յանդգնութիւնը Ցոյց Կու Տայ»

Յաջորդը

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգները Պատրաստ Են Երեւանի Ու Պաքուի Հետ Աշխատելու Կողմերու Նախընտրած Որեւէ Ձեւաչափով` Համաձայնութեան Հասնելու Համար»

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?