Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ընդգծեց «Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը»` նշելով. «Որեւէ այլ պետութեան հողերու նկատմամբ ախորժակներ չունինք եւ գաղտնի օրակարգ ալ չունինք»:
«Կը պնդենք ահաբեկչութեան վերջ տալուն վրայ, ուր ալ անիկա գտնուի», ըսաւ ան` շեշտելով. «Մեզի համար 2025 թուականի կարեւորագոյն նպատակներէն մէկը սուրիական բեմը ահաբեկչութենէն մաքրելն է»:
«Մեր գոյութեան սպառնացող որեւէ վտանգի վերջ տալու ուժը ունինք եւ պիտի իրագործենք ահաբեկչութեան վերջ տալու մեր նպատակը», յայտնեց Ֆիտան:


