Զելենսքի. «100-Ամեայ Գործընկերութեան Համաձայնագիրի Ստորագրումէն Ետք Քիեւ-Լոնտոն Յարաբերութիւնները Աւելի Սերտ Են, Քան Երբեւէ»
Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի Ուքրանիա այցելութիւնն ու Հարիւրամեայ գործընկերութեան համաձայնագիրի ստորագրումը յարաբերութիւններու սկզբունքօրէն նոր ձեւաչափ է: Այս մասին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի: «Ուքրանիոյ եւ Բրիտանիոյ միջեւ յարաբերութիւնները այժմ աւելի սերտ են, քան երբեւէ, եւ որոշ բաներ, որոնք մենք ներառած ենք Բրիտանիոյ հետ Հարիւրամեայ գործընկերութեան համաձայնագիրին մէջ, հաստատօրէն կարելի է կրկնել այլ երկիրներու հետ` հետագային զարգացնելով մեր գործընկերութիւնը: Աւելի...




















