Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնած է Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթիի եւ անոր հետ քննարկած Կազայի մէջ գերիներու ազատ արձակում պարունակող, մարդասիրական օժանդակութիւններու յաւելեալ հոսք ապահովող եւ «պատերազմին վերջ տուող» զինադադարի հաստատման համար թափուող ներկայ ջանքերը:
«Անոնք քննարկեցին նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը: Պլինքըն անգամ մը եւս հաստատեց Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը սուրիական ղեկավարութեամբ եւ սեփական խաղաղ ու համապարփակ քաղաքական փոխանցումին, դէպի կառավարութեան մը, որ ժողովուրդը կը ներկայացնէ եւ պատասխանատուութիւն կը կրէ», նշեց Միլլըր:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսաւ, որ Պլինքըն նաեւ իր գնահատանքը արտայայտած է շրջանին մէջ խաղաղութեան ապահովման համար այն ջանքերուն, որ Եգիպտոսը կը թափէ, եւ շեշտած է Միացեալ Նահանգներու եւ Եգիպտոսի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան կարեւորութիւնը: