Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աքսիոս». «Պայտընի Օգնականները Այն Կարծիքը Ունին, Թէ Իրանի Հիւլէական Ծրագիրի Արագացումը Եւ Անոր Գործակատարներու Տկարութիւնը Իրանը Հարուածելու Առիթ Կ՛ընծայեն»

January 4, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի  օգնականները այն կարծիքը ունին, թէ Իրանի իր հիւլէական ծրագիրը արագացնելն ու անոր գործակատարներու տկարութիւնը իրանեան դիրքեր հարուածելու առիթ կ՛ընծայեն:

«Աքսիոս»-ի աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն Պայտընին Իրանի հիւլէական կառոյցներուն վրայ յարձակելու ընտրանքներ ներկայացուցած է, եթէ Իրանը 20 յունուարէն առաջ հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու քայլ կատարէ:

Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը, յղում կատարելով լաւատեղեակ աղբիւրներու, իր կարգին կը հաղորդէ, որ Սալիվըն քանի մը շաբաթ առաջ իրանեան հիւլէական կառոյցներ հարուածելու ընտրանքներ ներկայացուցած է, եթէ Թեհրան 20 յունուարին Պայտընի նստաշրջանի աւարտէն առաջ հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու ուղղութեամբ շարժի:

Կայքը նշեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին դէմ ամերիկեան հարուած մը, այն պահուն, երբ Պայտըն «կաղ բադ» կը նկատուի, մեծ արկածախնդրութիւն պիտի ըլլայ. Միացեալ Նահանգներու նախագահը մէկ կողմէ խոստացած է, որ Իրանին պիտի չարտօնէ հիւլէական զէնք զարգացնել, սակայն միւս կողմէ` Իրանի վրայ յարձակումը կրնայ իր յաջորդին` Տանըլտ Թրամփի համար Միջին Արեւելքի մէջ մեծ տագնապ մը ժառանգ ձգել:

«Պայտընն ու ազգային անվտանգութեան անոր խումբը ժողովի ընթացքին քննարկեցին տարբեր ընտրանքներն ու բեմագրութիւնները, սակայն նախագահը վերջնական որոշում չտուաւ», նշած են աղբիւրները:

«Ուալլա»-ի համաձայն, Պայտընի աւագ օգնականները «փակ քննարկումի» ընթացքին յայտնած են, թէ «գոյութիւն ունին երկու ուղղուածութիւններ, որոնք Պայտընին արդարացում ու առիթ կ՛ընծայեն յարձակումը գործելու», անոնք են` «իրանեան հիւլէական ծրագիրի արագացումն ու Իսրայէլի հետ պատերազմի պատճառով Իրանի եւ անոր գործակատարներու տկարացումը»:

 

Նախորդը

Թոքայեւ. «Առարկայական Հետաքննութեան Համար Օդանաւի «Սեւ Տուփեր»-ը Պրազիլ Տեղափոխելը Ամէնէն Ճիշդ Որոշումն Էր»

Յաջորդը

Թեհրան Կը Հաստատէ` Պաքուն Պաշտօնական Բողոք Ներկայացուցած Է

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.