Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ռիատ

Յունուար 3, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի գլխաւորութեամբ սուրիական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը չորեքշաբթի գիշեր հասաւ Ռիատ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մըրհեֆ Ապու Քասրան եւ ընդհանուր հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Անաս Խաթթապը:

Շիպանի 30 դեկտեմբերին յայտնած էր, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը զինք հրաւիրած է թագաւորութիւն այցելելու, եւ ինք ընդունած է հրաւէրը:

Այցելութիւնը Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն կողմէ առաջին արտասահման պաշտօնական այցելութիւնն է: Խալետ թագաւորի անուան միջազգային օդակայանին մէջ սուրիական պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ուալիտ Պըն Ապտելքարիմ Խրէյժիի կողմէ:

Սուրիոյ նոր վարչակազմի ղեկավար Ահմետ Շարհ նախապէս յայտնած էր, որ կը նախատեսէ, թէ Սէուտական Արաբիան «շատ մեծ դեր» պիտի ունենայ Սուրիոյ մէջ, ուր կրնայ օգտուիլ «ներդրումային մեծ առիթներէ»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը Ռիատ հասնելէ ետք յայտարարեց. «Ազատ Սուրիոյ պատմութեան մէջ այս առաջին այցելութեան ճամբով կը ձգտինք Սուրիա-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններուն մէջ բանալ նոր եւ պատուաբեր էջ մը, որուն արժանի է երկու երկիրներուն միջեւ վաղեմի պատմութիւնը»:

«Արապիա» հաղորդեց, որ երէկ 28 թոն օժանդակութիւններով բեռցուած սէուտական 3-րդ օդանաւ մը հասած է Դամասկոս:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ խորհրդական Ալի Լարիժանի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ իշխող հոսանքին հետ Իրանի հաղորդակցութիւնը «կախեալ է Թեհրանի նկատմամբ անոր վարմունքէն»` աւելցնելով. «Թեհրանի մօտ անոր հետ հաղորդակցելու խնդիր չկայ»:

«Եթէ Սուրիոյ մէջ իշխող հոսանքը ըսէ, թէ մեր հողերուն ամբողջականութիւնը կը պաշտպանենք եւ բոլոր սուրիացիներուն իրենց իրաւունքները կ՛ուզենք տալ, կ՛ուզենք երկրին մէջ ժողովրդավարական կառոյց հաստատել, ապա Իրան անոր պիտի զօրակցի», ըսաւ Լարիժանի` Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական հանդիպումները որակելով մեծամասնութեամբ «քաղաքական պաստառներ»:

«Անոնք իրենց խօսքը պիտի գործադրե՞ն: Կը յուսանք, որ Սուրիան ըլլայ իսլամական ժողովրդավարական պետութիւն մը եւ Իսրայէլէն ինքզինք պաշտպանէ», նշեց ան:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Դամասկոսի մէջ նոր վարչակազմը կը ղեկավարուի ժիհատական չափազանց ծայրայեղական խմբաւորման մը կողմէ»:

«Սուրիոյ նոր վարչակազմի գնահատումը պիտի կատարենք հիմնուելով անոր արարքներուն վրայ, որոնք ներկայիս քաջալերական չեն թուիր», նշեց Սահեր:

Սուրիոյ փոխանցման կառավարութենէն աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ ընթացքի մէջ են նախապատրաստութիւններ յունուարի կիսուն սուրիական հասարակութեան բոլոր բաղադրիչ մասերը միախմբելու համար ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողով գումարելու:

Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Հոմսի թաղամասերուն մէջ զէնքերը յանձնել մերժողներու որոնման ապահովական արշաւ կը շղթայազերծուի»: Սուրիական ապահովական աղբիւր մը իր կարգին յայտնեց, որ Հոմսի մէջ խուզարկութեան թիրախը արդարադատութենէն փախուստ տուածներն ու զէնքերու որոնումն է:

Սուրիական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ հարաւային Սուրիոյ Տարաա շրջանին հիւսիսը ցեղախումբերու միջեւ բախումներու պատճառով 2 զոհեր եւ 3 վիրաւորներ արձանագրուած են:

Քրտական աղբիւրներ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին. «Միջազգային դաշինքը սկսաւ Քոպանի (Արաբ Բունար, «Ա.») քաղաքին մէջ ռազմակայան կառուցել»: «Արապիա» աւելի ուշ նշեց. «Ամերիկեան ուժերը սկսած են Սուրիոյ Այն Արապ (Արաբ Բունար, «Ա.») քաղաքին մէջ իրենց առաջին ռազմակայանը կառուցել»:

«Արապիա» պատկերասփիւռի կայանի աղբիւրները յայտնած են, թէ իսրայէլեան բանակը գրաւած է հարաւային Սուրիոյ Քնէյթրայի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Մանթարա ամբարտակը:

Երէկ կէսօրէ ետք իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Դամասկոսի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Թել Շահմ զինուորական դիրքին վրայ:

Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ հանդիպում ունեցած են Դամասկոսի մէջ ժամանակաւոր իշխանութիւններուն հետ եւ քննարկած ամերիկացիները պաշտպանելու եւ առեւանգուած ամերիկացիներու ճակատագիրը յստակացնելու կարիքը:

Պաշտօնատարները Դամասկոսի մէջ իշխանութիւններուն հետ քննարկած են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը շարունակելն եւ Իրանի դարձեալ Սուրիոյ մէջ վերայայտնուելուն արգիլումը, ինչպէս նաեւ քննարկած են բոլոր սուրիացիներու ներկայացուցչութիւնն ու քաղաքական համապարփակ հոլովոյթի երաշխաւորումը:

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց. «Կիրակի օր սուրիական հողերուն վրայ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դիրքերուն վրայ օդային յարձակումներ գործեցինք»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Յառաջիկայ փուլին վճռական քայլեր պիտի առնենք իրագործելու համար Թուրքիոյ եւ ահաբեկչութենէն զուրկ շրջանի վերաբերեալ մեր պատկերացումը»:

«Յառաջիկայ փուլին պէտք եղած ամէն աջակցութիւն պիտի տրամադրենք Սուրիոյ մնայուն խաղաղութեան, կայունութեան ու տնտեսական բարգաւաճման իրագործման համար», շեշտեց Էրտողան:

«Պիտի որդեգրենք քայլեր, որոնք կը դիւրացնեն սուրիացի մեր եղբայրներուն իրենց երկիր վերադարձը, եւ կը յուսանք, որ Սուրիոյ մէջ նոր վարչակազմը իր երկրին ամենայն բարիք կը բերէ», նշեց Թուրքիոյ նախագահը:

 

Նախորդը

Պայտըն. «Նիւ Օրլինզի Մէջ Վրայերթին Ու Լաս Վեկասի Պայթումին Միջեւ Կապի Վերաբերեալ Հետաքննութիւնները Ընթացքին Մէջ Են»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?