Զինեալ Մը Մոնթենեկրոյի Մէջ 10 Անձեր Սպաննեց
Ապահովական պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Մոնթենեկրոյի Պաժիչէ քաղաքին Սեթինժէ շրջանին մէջ զինեալ մը սպաննած է 10 անձեր, որոնց շարքին 2 մանուկներ: Մոնթենեկրոյի «Ֆիճիսիթի» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ճաշարանի մը մէջ տեղի ունեցած կրակոցէն առաջ կէսօրէ ետք կռիւ տեղի ունեցած է: Մոնթենեկրոյի ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ ոստիկաններ պաշարած են զինեալը, որուն հրամայուած է զէնքը վար դնել, սակայն ան անձնասպանութիւն...




















