Միջազգային

Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարները Քննարկած Են Սուրիոյ Մէջ  Եւ Անոր Շուրջ Զարգացումները

Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Սուրիոյ Մէջ Եւ Անոր Շուրջ Զարգացումները

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Հաքան Ֆիտանը 23 յունուարին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ մէջ եւ անոր շուրջ կացութեան զարգացումը: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Զրոյցի ընթացքին միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է Սուրիոյ մէջ եւ անոր շուրջ ստեղծուած կացութեան զարգացման շուրջ: Հաստատուած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան գերիշխանութեան, միասնութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան...

Ռուպիօ. «Անհամբեր Կը Սպասենք Սէուտական  Արաբիոյ Հետ Սուրիոյ, Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Հասարակաց Շահերու Ամրապնդման»

Ռուպիօ. «Անհամբեր Կը Սպասենք Սէուտական Արաբիոյ Հետ Սուրիոյ, Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Հասարակաց Շահերու Ամրապնդման»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերութեան ուժը: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին յայտնած է «Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Կազայի մէջ հասարակաց շահերը ամրապնդելուն անհամբեր սպասելը», ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը արտայայտած «Սէուտական Արաբիոյ շրջանային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդելու...

Քրեմլին. «Պատրաստ Ենք Ամերիկայի Հետ Փոխադարձ Յարգանքի Վրայ Հիմնուած Երկխօսութեան»

Քրեմլին. «Պատրաստ Ենք Ամերիկայի Հետ Փոխադարձ Յարգանքի Վրայ Հիմնուած Երկխօսութեան»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ ինք Ուքրանիոյ պատերազմին վերաբերեալ եւ Ռուսիոյ վրայ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու սպառնալուն մէջ «որեւէ նոր բան» չի տեսներ: «Մենք պատրաստ ենք (ամերիկեան կողմին հետ) երկխօսութեան: Երկխօսութեան մը, որ հիմնուած է իրերահաւասարութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ», նշեց Փեսքով` աւելցնելով. «Այդ վերաբերեալ ցուցանշաններ կը սպասենք, սակայն տակաւին անոնցմէ որեւէ մէկը չստացանք»: Միացեալ Նահանգներու...

Ուաշինկթըն. «Հիւլէական Գործարքի  Վերականգնման Վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան  Առաջարկին Թեհրանի Պատասխանը Կառուցողական Չէ»

Ռուպիօ Կը Շնորհաւորէ Նեթանիահուն «Համասի Եւ Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Արձանագրած Յաջողութիւններուն Համար»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ խօսած է Թել Աւիւին Ուաշինկթընի աջակցութիւնը հաստատելու համար: Անոնք նաեւ քննարկած են Իրանի եւ Կազայի մէջ իսրայէլացի գերիներու թղթածրարները: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս յայտնեց, որ Ռուպիօ Նեթանիահուի հետ խօսած է ընդգծելու համար, թէ «Միացեալ Նահանգներու Իսրայէլի հաստատ...

Ըստ «Պլումպըրկ»-ին.  Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարը  Մտադիր Է Յաջորդ Շաբաթ Փանամա Այցելել

Ըստ «Պլումպըրկ»-ին. Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարը Մտադիր Է Յաջորդ Շաբաթ Փանամա Այցելել

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ մտադիր է յաջորդ շաբաթ Փանամա այցելել: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ»-ը` վկայակոչելով լաւատեղեակ աղբիւր մը: Ասիկա պիտի ըլլայ իբրեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար անոր առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնը: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետի այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Փանամայի ջրանցքը «վերադարձնելու» անհրաժեշտութեան մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւններուն լոյսին տակ: «Պլումպըրկ»-ի զրուցակիցին համաձայն, արտաքին գործոց նախարարը...

«Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Ռազմակայաններու  Ապագային Առնչուած Հարցերը  Բանակցութիւններու Փուլի Մէջ Են»  Կ՛ըսէ Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

«Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Ռազմակայաններու Ապագային Առնչուած Հարցերը Բանակցութիւններու Փուլի Մէջ Են» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

Սուրիոյ տարածքին մէջ ռուսական ռազմակայաններու ապագային եւ Ռուսիա-Սուրիա յարաբերութիւններու հարցերը բանակցութիւններու փուլի մէջ են: Այս մասին յայտարարած է Սուրիոյ անցումային կառավարութեան պաշտպանութեան նախարար Մըրհեֆ Ապու Քասրա: Սուրիոյ մէջ ռուս զինուորները տեղակայուած են Հմէյմիմ օդուժի ռազմակայանի եւ Թարթուսի մէջ գտնուող Ռուսիոյ ծովուժի նիւթական-արհեստագիտական ապահովման կեդրոնին մէջ: «Տակաւին յստակ չէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ վերջնական որոշումը: Մենք տակաւին հրահանգներ չենք ստացած: Սակայն...

Թրամփ. «Չինաստանի Մէջ Արտադրուած  Հեռաձայններն ու Համակարգիչները «Թիքթոք»-էն  Աւելի Մեծ Սպառնալիք Են»

Թրամփ. «Չինաստանի Մէջ Արտադրուած Հեռաձայններն ու Համակարգիչները «Թիքթոք»-էն Աւելի Մեծ Սպառնալիք Են»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «7 հոկտեմբեր 2023-ի յարձակումը (Աքսայի ջրհեղեղ գործողութիւնը, «Ա.») տեղի պիտի չունենար, եթէ նախագահը ես ըլլայի»: «Մեր երկիրը յաւիտեանս պիտի կորսուէր, եթէ ընտրութեան մէջ յաղթանակ չարձանագրէի, եւ այսօր մեր դիմագրաւած բոլոր խնդիրները լուծելի են», ըսաւ Թրամփ` աւելցնելով. «Քաղաքացիները բացակայութեանս գիտակցեցան, թէ դեմոկրատականները անկարող են իշխել, եւ անոնց քաղաքականութիւնները...

Նարիշքին. «2025-ը Հանգիստ Տարի Պիտի Չըլլայ»

Նարիշքին. «2025-ը Հանգիստ Տարի Պիտի Չըլլայ»

Այս տարի աշխարհի վրայ կացութիւնը անկայուն պիտի ըլլայ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նախատեսած է Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին: «Այսօր արդէն յստակ է, որ 2025 թուականը հանգիստ տարի պիտի չըլլայ, շատ բան կախեալ է անկէ, թէ արդեօք շրջանային եւ համաշխարհային դերակատարները բաւարար ողջմտութիւն եւ զսպուածութիւն պիտի ցուցաբերե՞ն», ըսած է Նարիշքին: Անոր համաձայն, այժմ միաբեւեռ աշխարհակարգէն...

Ֆրանսան Մտադիր Է 13 Փետրուարին Փարիզի Մէջ  Սուրիոյ Հարցով Խորհրդաժողով Գումարել

Ֆրանսան Մտադիր Է 13 Փետրուարին Փարիզի Մէջ Սուրիոյ Հարցով Խորհրդաժողով Գումարել

Ֆրանսան կը ծրագրէ 13 փետրուարին Փարիզի մէջ Սուրիոյ հարցով խորհրդաժողով գումարել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Էլիզէի պալատի մամլոյ ծառայութեան: Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանի հետ զրոյցէն ետք, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի գրասենեակը յայտնած է, որ երկու ղեկավարները քննարկած են Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը: «Երկու պետութիւններու ղեկավարները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը` աջակցելու արդար եւ...

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Դէմ  Պատժամիջոցներ Պիտի Հաստատեն, Եթէ Փութին  Ուքրանիոյ Հարցով Չբանակցի»

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Պիտի Հաստատեն, Եթէ Փութին Ուքրանիոյ Հարցով Չբանակցի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը, ամենայն հաւանականութեամբ, Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ պիտի հաստատէ, եթէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրաժարի Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ Թրամփ 21 յունուարին նման յայտարարութիւն կատարած է: Թրամփ հաւանական լրացուցիչ պատժամիջոցներու մասին մանրամասնութիւններ չէ ներկայացուցած: Միացեալ Նահանգները միշտ ալ պատժամիջոցներ հաստատած են Ռուսիոյ դէմ փետրուար 2022-ին Ուքրանիա ներխուժելէն ի...

Ալիեւի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Շոլց. «Գերմանիան Կ՛աջակցի Հարաւային  Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ու Կայունութեան  Հաստատման Ջանքերուն»

Ալիեւի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Շոլց. «Գերմանիան Կ՛աջակցի Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ու Կայունութեան Հաստատման Ջանքերուն»

Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած են Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցն ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Ազրպէյճանական կողմին տուեալներով` հանդիպումը տեղի ունեցած է գերմանական կողմին առաջարկով: Երկու ղեկավարները քննարկած են Ղազախստանի մէջ ազրպէյճանական օդանաւի ջախջախման հետաքննութեան ընթացքը, Պաքու-Պերլին յարաբերութիւնները, Ազրպէյճան-Եւրոպական Միութիւն գործակցութեան զարգացման հեռանկարը եւ այլ հարցեր: Օլաֆ Շոլց յայտարարած է, թէ Գերմանիան կ՛աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ  Տիրող Կացութեան Նկատմամբ

Մոսկուա. «Ռուսիա Ներքին Նախապատրաստութիւններ Կը Տեսնէ Փութին-Թրամփ Հաղորդակցութեան Համար»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հաղորդակցութեան վերաբերեալ տակաւին համաձայնութիւն չկայ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան նոյն ատեն ընդգծած է, որ Ռուսիա ներքին նախապատրաստութիւններ կը կատարէ Թրամփի հետ հաղորդակցութեան համար: Նախապէս հաղորդուած էր, որ Թրամփ իր օգնականներուն յանձնարարած է Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն...

Ռուպիօ. «Պիտի Ջանանք Կանխարգիլել Տագնապները  Եւ Անոնցմէ Խուսափիլ, Սակայն  Ոչ Ի Վնաս Մեր Ազգային Շահին»

Ռուպիօ. «Պիտի Ջանանք Կանխարգիլել Տագնապները Եւ Անոնցմէ Խուսափիլ, Սակայն Ոչ Ի Վնաս Մեր Ազգային Շահին»

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը միաձայնութեամբ հանրապետական, 53 տարեկան Մարքօ Ռուպիոն հաստատեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին: Ան այսպիսով դարձաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախարարաց խորհուրդի առաջին հաստատուած անդամը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նոր նախարար Մարքօ Ռուպիօ իր պաշտօնին հաստատուելէ ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ «ամբողջ աշխարհի տարածքին մեր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ մեր ազգային շահերը ամրապնդել»` աւելցնելով. «Չենք կրնար առանց խաղաղութեան...

Սուրիան Խզած Է Ռուսիոյ Հետ Թարթուսի  Նաւահանգիստին Առնչուած Համաձայնագիրը

Սուրիան Խզած Է Ռուսիոյ Հետ Թարթուսի Նաւահանգիստին Առնչուած Համաձայնագիրը

Սուրիոյ իշխանութիւնները խզած են ռուսական ընկերութեան հետ Թարթուսի նաւահանգիստը կառավարելու մասին համաձայնագիրը, որ կնքուած էր 2019 թուականին: Այս մասին «Քոմերսանթ»-ի փոխանցումով սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թարթուս նահանգի մաքսային վարչութեան տնօրէն Ռիատ Ժուտի: «Չեղեալ նկատուած է ռուսական ընկերութեան հետ Թարթուս նաւահանգիստին մէջ ներդրումներու մասին համաձայնագիրը: Նաւահանգիստի գործունէութենէն ստացուած ամբողջ եկամուտը պիտի օգտագործուի սուրիական պետութեան շահերէն մեկնելով», ըսած...

Ֆրանսան Ասատի Ձերբակալման  Նոր Հրամանագիր Արձակած Է

Ֆրանսան Ասատի Ձերբակալման Նոր Հրամանագիր Արձակած Է

Ֆրանսայի մէջ հետաքննող դատաւորները դարձեալ ձերբակալման հրամանագիր արձակած են Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ` 2017 թուականին Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական կառոյցներու ռմբակոծման ենթադրեալ մեղսակցութեան համար: Այս մասին ԹԱՍՍ-ի փոխանցմամբ կը հաղորդէ ԱՖՓ-ն: Հրամանագիրը արձակուած է Ֆրանսայի Ազգային հակաահաբեկչական դատախազութեան պահանջով, որ կը հետաքննէր ֆրանս-սուրիական ծագում ունեցող 59 տարեկան Սալահ Ապու Նապուի մահը: Դատախազութեան համաձայն, տղամարդը սպաննուած է 2017 թուականին սուրիական...

Փանամայի Կառավարութիւնը ՄԱԿ-ին Բողոք  Ներկայացուց Թրամփի Իր Ջրանցքը  Գրաւել Սպառնալուն Դէմ

Փանամայի Կառավարութիւնը ՄԱԿ-ին Բողոք Ներկայացուց Թրամփի Իր Ջրանցքը Գրաւել Սպառնալուն Դէմ

Փանամայի կառավարութիւնը ՄԱԿ-ին բողոք ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի իր ջրանցքը գրաւել սպառնալուն դէմ, ինչպէս նաեւ հրամայեց քննել աշխատանքը Հոնկ Քոնկի կապուած ընկերութեան, որ կենսական ջրանցքին վրայ երկու նաւահանգիստներ կը բանեցնէ: Փանամայի կառավարութիւնը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին յղած իր նամակին մէջ մատնանշեց ՄԱԿ-ի կանոնադրութենէն յօդուած մը, որ կազմակերպութեան որեւէ անդամի կ՛արգիլէ «ուժի կիրարկումով սպառնալ կամ զայն կիրարկել» մէկ...

Թրամփ. «Պիտի Փորձեմ Վերջ Տալ  Ուքրանիոյ Պատերազմին»

Թրամփ. «Պիտի Փորձեմ Վերջ Տալ Ուքրանիոյ Պատերազմին»

Միացեալ Նահանգներու 47-րդ նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախագահի պաշտօնին վրայ իր առաջին օրը շարք մը հրամանագիրներ ու ցուցմունքներ հրապարակեց: Ան ստորագրեց հրամանագիր մը` ջնջելու իր նախորդին` դեմոկրատական Ճօ Պայտընի կողմէ որդեգրուած 78 որոշումներ: Ան նաեւ պարտադրեց «կարգաւորիչ դադրեցում» մը` դաշնակցային գործակալութիւններուն արգիլելով նոր կանոնակարգեր հրապարակել, մինչեւ որ նոր վարչակազմը կարենայ ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնել կառավարութեան աշխատանքը: Թրամփ հրապարակեց հրամանագիր մը անմիջապէս...

Միացեալ Նահանգներու Նոր Արտաքին Գործոց  Նախարարի Նշանակումը Թուրքիոյ Մէջ  Մտահոգութիւն Յառաջացուցած Է

Միացեալ Նահանգներու Նոր Արտաքին Գործոց Նախարարի Նշանակումը Թուրքիոյ Մէջ Մտահոգութիւն Յառաջացուցած Է

Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Սէօզճիւ» լրատուամիջոցը անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար, հանրապետական ծերակուտական Մարքօ Ռուպիոյին, որուն նշանակումը մտահոգութիւն յառաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ: Ընդդիմադիր լրատուամիջոցին նշումով` Ռուպիոն յայտնի է հակաթրքական յայտարարութիւններով, Չինաստանին ուղղուած կարծր քննադատութիւններով եւ Իսրայէլին աջակցող ուղերձներով: Այս մասին կը հաղորդէ «էրմենիհապեր»: «Սէօզճիւ»-ն առանձնացուցած է Ռուպիոյի` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին կատարած յայտարարութիւնները: Ռուպիօ նշած էր,...

Իսրայէլեան Բանակէն Հրաժարականներ

Իսրայէլեան Բանակէն Հրաժարականներ

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի յայտարարեց, որ յառաջիկայ 6 մարտին պիտի հրաժարի իր պաշտօնէն: Ան իր հրաժարականի նամակին մէջ յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակը ձախողեցաւ Իսրայէլը պաշտպանելու իր առաքելութեան մէջ, եւ պետութիւնը սուղ գին վճարեց»: «7 հոկտեմբեր 2023-ին բանակի ձախողութեան պատասխանատուութիւնը կը կրեմ», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Բանակը երկար ամիսներ 7 ճակատներու վրայ պատերազմ մղեց եւ ունեցաւ ձեռքբերումներ, որոնք Միջին Արեւելքի դէմքը...

Իրան Պատրաստ Է Վերսկսելու Միացեալ  Նահանգներու Հետ Բանակցութիւնները

Իրան Պատրաստ Է Վերսկսելու Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւնները

Իրան պատրաստ է վերսկսելու Միացեալ Նահանգներու հետ պատժամիջոցներու չեղարկման հարցի շուրջ բանակցութիւնները, եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը համապատասխան ցանկութիւն յայտնէ: Այս մասին «Էս.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Իրանի իսլամական հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպապատին: «Իրանը, ինչպէս նախապէս, պատրաստ է պատժամիջոցներու վերացման հարցով բանակցութիւններ սկսիլ կամ վերսկսիլ: Եթէ միւս կողմը նման ցանկութիւն յայտնէ, անպայման բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան», պատասխանած է...

Page 108 of 882 1 … 107 108 109 … 882

Արխիւներ