Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հաղորդակցութեան վերաբերեալ տակաւին համաձայնութիւն չկայ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան նոյն ատեն ընդգծած է, որ Ռուսիա ներքին նախապատրաստութիւններ կը կատարէ Թրամփի հետ հաղորդակցութեան համար:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Թրամփ իր օգնականներուն յանձնարարած է Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն կազմակերպել երդման արարողութենէն ետք քանի մը օրուան ընթացքին:
Կը նախատեսուի զրոյցի ընթացքին քննարկել հանդիպման կարելիութիւնը` Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին վերջ դնելու նպատակով: