Սուրիոյ տարածքին մէջ ռուսական ռազմակայաններու ապագային եւ Ռուսիա-Սուրիա յարաբերութիւններու հարցերը բանակցութիւններու փուլի մէջ են: Այս մասին յայտարարած է Սուրիոյ անցումային կառավարութեան պաշտպանութեան նախարար Մըրհեֆ Ապու Քասրա:
Սուրիոյ մէջ ռուս զինուորները տեղակայուած են Հմէյմիմ օդուժի ռազմակայանի եւ Թարթուսի մէջ գտնուող Ռուսիոյ ծովուժի նիւթական-արհեստագիտական ապահովման կեդրոնին մէջ:
«Տակաւին յստակ չէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ վերջնական որոշումը: Մենք տակաւին հրահանգներ չենք ստացած: Սակայն ընթացքի մէջ են բանակցութիւններ, զորս կը վարէ ղեկավարութիւնը` արտաքին գործոց նախարարութեան մասնակցութեամբ», ըսած է Քասրա:
«Քոմերսանթ» կը նշէ, որ Ռուսիա-Սուրիա համաձայնագիրին համաձայն, Ռուսիան կրնայ Սուրիոյ տարածքին մէջ ռազմակայաններ օգտագործել մինչեւ 2066 թուական: