Միջազգային

Շարհ. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազմելու  Փոխանցման Համապարփակ Կառավարութիւն Մը,  Որ Կը Ստանձնէ Սուրիոյ Հաստատութիւններու  Կառուցումը` Հասնելով Ազատ Ընտրութիւններու»

Շարհ. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազմելու Փոխանցման Համապարփակ Կառավարութիւն Մը, Որ Կը Ստանձնէ Սուրիոյ Հաստատութիւններու Կառուցումը` Հասնելով Ազատ Ընտրութիւններու»

Սուրիոյ փոխանցման փուլի նախագահ Ահմետ Շարհ սուրիացիներուն ուղղուած պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին նշեց. «Քաղաքական հոլովոյթի իրաւական արժեչափերու համահունչ ընթանալը երաշխաւորելու եւ անոր պէտք եղած օրինականութիւնը շնորհելու համար իրաւագէտներու հետ աշխուժ խորհրդակցութիւններէ ետք ստանձնեցի երկրին պատասխանատուութիւնը»: «Այսօր ձեզի ուղերձ կը յղեմ իբրեւ այս ճակատագրական շրջանին մէջ Սուրիոյ նախագահ», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ երկիրը ոտքի պիտի կանգնի եւ մարտահրաւէրները շրջանցէ «միայն մեր...

«Կազայի Վերաշինութիւնը Կրնայ  10-Էն 15 Տարի Տեւել»  Կ՛ըսէ Թրամփի Պատուիրակը

«Կազայի Վերաշինութիւնը Կրնայ 10-Էն 15 Տարի Տեւել» Կ՛ըսէ Թրամփի Պատուիրակը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ շրջան իր այցելութեան աւարտին ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Կազայէն գրեթէ ոչինչ մնացած է, եւ թերեւս անոր վերաշինութիւնը կրնայ 10-էն 15 տարի տեւել: «Բնակիչները հիւսիս կ՛ուղղուին` վերադառնալու իրենց տուներ, եւ կը տեսնեն այն, ինչ որ տեղի ունեցած է, ապա կը վերադառնան: Ո՛չ ջուր կայ, ո՛չ ալ...

«Միացեալ Նահանգներու Հետ Փանամայի Ջրանցքի  Սեփականութեան Շուրջ  Բանակցութիւններ Պիտի Չըլլան»  Կ՛ըսէ Փանամայի Նախագահը

«Միացեալ Նահանգներու Հետ Փանամայի Ջրանցքի Սեփականութեան Շուրջ Բանակցութիւններ Պիտի Չըլլան» Կ՛ըսէ Փանամայի Նախագահը

Փանամայի նախագահ Խոսէ Ռաուլ Մուլինոն յայտարարած է, որ Փանամայի ջրանցքի սեփականութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններ պիտի չըլլան: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը: Ան յոյս յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի Փանամա յառաջիկայ այցելութիւնը պիտի արտօնէ կեդրոնանալ հասարակաց շահերու, որոնց շարքին` գաղթին ու թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարին վրայ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր...

Կազայի Մէջ Գերիներու Փոխանակում

Կազայի Մէջ Գերիներու Փոխանակում

Համաս շարժումի զինուորական թեւ Քասսամի Փաղանգներն ու Իսլամական Ժիհատ շարժումի զինուորական թեւ Սարայա Քուտսը երէկ Համասի նախկին ղեկավար Եահիա Սընուարի Խան Եունեսի տան մօտ, ժողովրդային բազմութեան ներկայութեան հետեւանքով իրարանցումի եւ հրմշտուքի պայմաններու մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին յանձնեցին իսրայէլացի գերիներ Արպիլ Եահուտն (29 տարեկան) ու Ղատի Մոզեսը (աւելի քան 80 տարեկան), ինչպէս նաեւ 5 թայլանտցիներ: Գերիներու յանձնման արարողութեան ընթացքին պաղեստինցի...

Ուաշինկթընի Մէջ Ճամբորդատար Օդանաւը Բախած Է  Զինուորական Ուղղաթիռին. Կան Զոհեր

Ուաշինկթընի Մէջ Ճամբորդատար Օդանաւը Բախած Է Զինուորական Ուղղաթիռին. Կան Զոհեր

Ուաշինկթընի «Ռանըլտ Ռեկըն» միջազգային օդակայան էջք կատարող ճամբորդատար օդանաւ մը բախեցաւ զինուորական «Պլեք Հոք» տիպի ուղղաթիռի մը եւ ինկաւ Փոթոմաք գետը: Ամերիկեան բանակի բանբեր մը յայտնեց, որ ուղղաթիռը մարզական թռիչք կը կատարէր: Ուաշինկթընի քաղաքապետը ըսաւ, որ որոնման աշխատանքը տեղի կ՛ունենայ կլիմայական դժուար պայմաններու մէջ: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը նշեց. «Ռեկըն» օդակայանի արկածին շուրջ անմիջական հետաքննութեան սկսանք»: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ...

Շուէտի Մէջ Սպաննուած Է Քորանի Հրկիզման  Ցոյցերու Կազմակերպիչ Սալուան Մոմիքան

Շուէտի Մէջ Սպաննուած Է Քորանի Հրկիզման Ցոյցերու Կազմակերպիչ Սալուան Մոմիքան

Շուէտի մէջ սպաննուած է Քորանի հրկիզման աղմկայարոյց ցոյցերու կազմակերպիչ, իրաքցի ներգաղթեալ 38 տարեկան Սալուան Մոմիքան, որ 2023-ին Սթոքհոլմի մէջ իսլամներու համար սուրբ եղող գիրքի հրապարակային հրկիզման 4 ցոյց կատարած էր: Անոր փամփուշտի հետքերով դիակը յայտնաբերուած է չորեքշաբթի ուշ գիշերին, մայրաքաղաք Սթոքհոլմէն հարաւ գտնուող Սիոտերթալիէ քաղաքին մէջ: Երէկ պէտք էր հրապարակուէր անոր գործով դատարանի վճիռը: Ան կը մեղադրուէր «ազգային պատկանելիութեան հիման...

Ահմետ Շարհ Սուրիոյ Փոխանցման Փուլի Նախագահ.  Սուրիական Բանակի Ու Խորհրդարանի Լուծարում  Եւ Սահմանադրութեան Ջնջում

Ահմետ Շարհ Սուրիոյ Փոխանցման Փուլի Նախագահ. Սուրիական Բանակի Ու Խորհրդարանի Լուծարում Եւ Սահմանադրութեան Ջնջում

Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու վարչութեան բանբեր զօր. Հասան Ապտելղանի յայտարարեց, թէ զինուորական գործողութիւններու վարչութեան նախագահ Ահմետ Շարհ (Ապու Մոհամետ Ժուլանի) փոխանցման փուլին համար ստանձնած է Սուրիոյ նախագահի պաշտօնը: Ապտելղանի շնորհաւորեց «փառաւոր սուրիացի ժողովուրդը» «յեղափոխութեան յաղթանակ»-ին առիթով` աւելցնելով. «Սուրիոյ փառաւոր յեղափոխութեան յաղթանակը կը յայտարարենք եւ իւրաքանչիւր տարուան 8 դեկտեմբերը կը նկատենք ազգային օր»: Ան ըսաւ, որ հանրապետութեան նախագահը լիազօրուած է ձեւաւորելու...

Ռուսական Պատուիրակութեան Հետ  Բանակցութիւններէն Ետք.  Դամասկոս. «Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու  Վերականգնումը Պէտք Է Լուծէ Անցեալի Սխալները,  Յարգէ Սուրիացի Ժողովուրդին  Կամքը Եւ Ծառայէ Անոր Շահերուն»

Ռուսական Պատուիրակութեան Հետ Բանակցութիւններէն Ետք. Դամասկոս. «Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Վերականգնումը Պէտք Է Լուծէ Անցեալի Սխալները, Յարգէ Սուրիացի Ժողովուրդին Կամքը Եւ Ծառայէ Անոր Շահերուն»

Սուրիոյ նոր վարչակազմը յայտարարեց, որ Դամասկոս այցելող ռուսական պատուիրակութեան հետ քննարկած է «փոխանցման մեքանիզմները` երաշխաւորելու համար հաշուետուութիւնն ու Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի շղթայազերծած վայրագ պատերազմի զոհերուն արդարութեան հատուցումը»: Սուրիական վարչակազմը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ընդգծեց. «Յարաբերութիւններու վերականգնումը պէտք է լուծէ անցեալի սխալները, յարգէ սուրիացի ժողովուրդին կամքը եւ ծառայէ անոր շահերուն»: Նախքան այդ, Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի յատուկ պատուիրակ...

«Կղզիի Հարաւային Մասի Ռազմակայաններու  Օգտագործման Նախապատուութիւնը Իսրայէլին Է»  Կ՛ըսէ Կիպրոսի Պաշտպանութեան Նախարարը

«Կղզիի Հարաւային Մասի Ռազմակայաններու Օգտագործման Նախապատուութիւնը Իսրայէլին Է» Կ՛ըսէ Կիպրոսի Պաշտպանութեան Նախարարը

Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Վասիլիս Փալմաս յայտնեց, որ Իսրայէլ դրացի պետութիւն մըն է, որ իրենց Յունաստանէն աւելի մօտ է եւ կղզիի հարաւային մասի ռազմակայաններու օգտագործման նախապատուութիւնը ունի: Փալմաս յունական «Ռէալ Նիուզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Յոյները կրնան մեր եղբայրները ըլլալ, սակայն Իսրայէլը մեր դրացին է: Իսրայէլացիները մեզի շատ մօտ են եւ կրնան երեք վայրկեանէն Կիպրոս հասնիլ»: Ան ըսաւ, որ իր...

Շոլց. «Կազայի Բնակչութիւնը Վերաբնակեցնելու Կազայի Առաջարկը Անընդունելի Է»

Շոլց. «Կազայի Բնակչութիւնը Վերաբնակեցնելու Կազայի Առաջարկը Անընդունելի Է»

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պատերազմի պատճառով քանդուած Կազայի պաղեստինցիները Յորդանան եւ Եգիպտոս փոխադրելու առաջարկը «անընդունելի է»: Շոլց Պերլինի մէջ ընտրական հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց. «Կազայի քաղաքացիները այդտեղէն Եգիպտոս կամ Յորդանան վերաբնակեցնելու կամ վտարելու որեւէ ծրագիր անընդունելի է»: Ան զօրակցութիւն յայտնեց երկու պետութիւններու սկզբունքին վրայ լուծումին, ուր կողք-կողքի խաղաղութեամբ կ՛ապրին իսրայէլացիներն ու պաղեստինցիները` աւելցնելով,...

Արհեստական Բանականութեամբ Զբաղող  «Տիփ Սիք» Ընկերութիւնը Ենթարկուեցաւ Համացանցահէնութեան

Արհեստական Բանականութեամբ Զբաղող «Տիփ Սիք» Ընկերութիւնը Ենթարկուեցաւ Համացանցահէնութեան

Երկուշաբթի, 27 յունուարին, չինական «Տիփ սիք» («Deep Seek») (արհեստական բանականութեամբ զբաղող) ընկերութիւնը յայտարարեց, որ ենթարկուած է լայնածաւալ համացանցահէնութեան, որ արգելք հանդիսացած է օգտատէրերուն` իրենց հաշիւները մուտք գործել եւ յաւելուածը ներբեռնել: Ընկերութիւնը, որ հիմնադրուած է 2023-ին, թողարկած է արհեստական բանականութեան «կաղապար» մը (նախատիպ, Model), որ ոչ միայն մրցակից դարձաւ ամերիկեան «Չաթ Ճի.Փի.Թի.»-ին (ChatGPT), այլ գերազանցեց զայն` բոլորովին անվճար եւ անծածկ ծրագիր...

«Թրամփ Կրինլանտը Պիտի Չստանայ»  Կ՛ըսէ Դանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Թրամփ Կրինլանտը Պիտի Չստանայ» Կ՛ըսէ Դանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Դանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լարս Լոքի Ռասմուսեն բացառեց իր երկրին պատկանող եւ ինքնավարութիւն վայելող Կրինլանտ կղզին Միացեալ Նահանգներուն կցելու գաղափարը, հակառակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի իրերայաջորդ յայտարարութիւններուն: Ռասմուսեն յայտնեց. «Թրամփ Կրինլանտը պիտի չստանայ, որովհետեւ Կրինլանտը Կրինլանտ է, եւ անոր ժողովուրդը միջազգային օրէնքի հիմամբ պաշտպանուած է: Ուստի մէկէ աւելի անգամ ըսինք, թէ ի վերջոյ Կրինլանտն է, որ իր կացութեան վերաբերեալ...

Արաղչի Հեգնած Է Թրամփը` Առաջարկելով  Իսրայէլացիները Վերաբնակեցնել Կրինլանտի Մէջ

Արաղչի Հեգնած Է Թրամփը` Առաջարկելով Իսրայէլացիները Վերաբնակեցնել Կրինլանտի Մէջ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի ծաղրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը` առաջարկելով իսրայէլացիները վերաբնակեցնել Կրինլանտի մէջ` Կազայի հատուածի բնակիչները արաբական երկիրներու մէջ վերաբնակեցնելու փոխարէն: «Իմ առաջարկս այլ է: Պաղեստինցիներուն փոխարէն թող փորձեն իսրայէլացիները արտաքսել, տանիլ Կրինլանտ: Այս կերպ անոնք կրնան մէկ քարով երկու թռչուն սպաննել», ըսած է Արաղչի «Սքայ Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին` մեկնաբանելով Թրամփի Կազայի բնակիչներու հաւանական...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ  Տիրող Կացութեան Նկատմամբ

Ռուսիան Պաշտօնապէս Տարակուսանք Կը Յայտնէ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներու Մէջ Հակառուսական Հրապարակումներուն Առնչութեամբ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին եւ Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆայեւ քննարկած են ազրպէյճանական օդանաւային ընկերութեան` ԱԶԱԼ-ի օդանաւի ջախջախման նիւթը, ընդգծած հետաքննութիւնը աւարտելու անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Ռուսական կողմը ընդգծած է Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշինքի ոգիով յարաբերութիւններու կառուցման բացարձակ կարեւորութիւնը, սակայն, նոյն ժամանակ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարակուսանք յայտնած...

Թրամփի Կազայի Բնակչութիւնը Տեղահանելու  Առաջարկը Մերժող Կեցուածքներ

Թրամփի Կազայի Բնակչութիւնը Տեղահանելու Առաջարկը Մերժող Կեցուածքներ

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս բուռն կերպով դատապարտեց ու մերժեց որեւէ ծրագիր, որուն նպատակը Կազայէն պաղեստինցիներու տեղահանութիւնն է: Պաղեստինեան իշխանութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ապպաս «այս առնչութեամբ արաբական ու եւրոպական պետութիւններու եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներուն հետ շտապ հաղորդակցութիւններ կ՛ունենայ»` աւելցնելով. «Պաղեստինցի ժողովուրդը իր հողերէն ու սրբատեղիներէն պիտի չհրաժարի»: Պաղեստինեան Համաս շարժումը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Մեր ժողովուրդը,...

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Կարգ Մը Պատժամիջոցներ Չեղեալ Յայտարարեց

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Կարգ Մը Պատժամիջոցներ Չեղեալ Յայտարարեց

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ Սուրիոյ դէմ հաստատուած կարգ մը պատժամիջոցներ չեղեալ յայտարարեց: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Նախքան այդ, դիւանագէտներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էին. «Եւրոպական Միութիւնը կրնայ մօտ օրէն առկախել Սուրիոյ դէմ ուժանիւթի եւ փոխադրամիջոցներու ոլորտներուն առնչուած պատժամիջոցներու առկախումը»: «Դիւանագէտներ Եւրոպական Միութիւնը յորդորեցին` Սուրիոյ մէջ տնտեսական մարզին վրայ սահմանափակումները առկախելու արագ քայլեր որդեգրելու, ինչպէս նաեւ...

Փեսքով. «Մոսկուան Միացեալ Նահանգներէն  Տակաւին Փութին-Թրամփ Հաւանական Հանդիպումին  Վերաբերեալ Ազդակներ Կը Սպասէ»

Փեսքով. «Մոսկուան Միացեալ Նահանգներէն Տակաւին Փութին-Թրամփ Հաւանական Հանդիպումին Վերաբերեալ Ազդակներ Կը Սպասէ»

Մոսկուան Միացեալ Նահանգներէն տակաւին ազդակներ կը սպասէ` Փութին-Թրամփ յառաջիկայ հաւանական հանդիպումին վերաբերեալ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ լրատուամիջոցներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Առայժմ ազդակ չենք ստացած: Պատրաստակամութիւնը կը պահպանուի, նոյն պատրաստակամութիւնը, ինչպէս լսած ենք, ամերիկեան կողմի մօտ կայ», ըսած է Փեսքով: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 24 յունուարին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու...

Փութին. «Եթէ 2020 Թուականին Տանըլտ Թրամփը  Վերընտրուէր Միացեալ Նահանգներու Նախագահ,  Ապա Ուքրանական Տագնապէն Կարելի Կ՛ըլլար Խուսափիլ»

Փութին. «Եթէ 2020 Թուականին Տանըլտ Թրամփը Վերընտրուէր Միացեալ Նահանգներու Նախագահ, Ապա Ուքրանական Տագնապէն Կարելի Կ՛ըլլար Խուսափիլ»

Եթէ 2020 թուականին Տանըլտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու նախագահ վերընտրուէր, ապա կարելի կ՛ըլլար ուքրանական տագնապէն խուսափիլ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Ան ըսած է, որ ինք եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավար Տանըլտ Թրամփը միշտ գործնական յարաբերութիւններ ունեցած են: Ուստի Փութին համաձայնած է Թրամփի այն պնդման, որ եթէ ան մնար նախագահ, ճգնաժամը կրնար լուծուիլ առանց Ուքրանիոյ ռազմական գործողութեան: Փութինի համաձայն,...

Հալէպ Քաղաք Ուղղուող Ականուած  Ինքնաշարժ Մը Յայտնաբերուած Է

Հալէպ Քաղաք Ուղղուող Ականուած Ինքնաշարժ Մը Յայտնաբերուած Է

Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Հալէպի անվտանգութեան տնօրէնութիւնը հետախուզութեան ծառայութեան հետ գործակցաբար յայտնաբերած է ականուած ինքնաշարժ մը, որ Հալէպ քաղաք կ՛ուղղուէր: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին, յղում կատարելով ներքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակին, որ ականուած ինքնաշարժը եկած էր Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէ եւ Հալէպ քաղաք կ՛ուղղուէր:  

Յորդանանի Թագաւորը Կը Զգուշացնէ Այսրյորդանանի Զարգացումներու Վտանգաւորութենէն

Յորդանանի Թագաւորը Կը Զգուշացնէ Այսրյորդանանի Զարգացումներու Վտանգաւորութենէն

Յորդանանեան արքունիքը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը հեռաձայնած է Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մայք Ուոլցին եւ անոր հետ քննարկած Յորդանանի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան ամրապնդման կարելիութիւնները: Թագաւորը ընդգծած է հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարբեր հարցերու շուրջ համակարգումը մնայուն դարձնելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով շրջանին մէջ եւ աշխարհին տարածքին կայունութեան ամրապնդման ու խաղաղութեան հաստատման մէջ Միացեալ Նահանգներու...

Page 107 of 882 1 … 106 107 108 … 882

Արխիւներ