Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Նոր Արտաքին Գործոց Նախարարի Նշանակումը Թուրքիոյ Մէջ Մտահոգութիւն Յառաջացուցած Է

Յունուար 22, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Սէօզճիւ» լրատուամիջոցը անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար, հանրապետական ծերակուտական Մարքօ Ռուպիոյին, որուն նշանակումը մտահոգութիւն յառաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ:

Ընդդիմադիր լրատուամիջոցին նշումով` Ռուպիոն յայտնի է հակաթրքական յայտարարութիւններով, Չինաստանին ուղղուած կարծր քննադատութիւններով եւ Իսրայէլին աջակցող ուղերձներով: Այս մասին կը հաղորդէ «էրմենիհապեր»:

«Սէօզճիւ»-ն առանձնացուցած է Ռուպիոյի` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին կատարած յայտարարութիւնները:

Ռուպիօ նշած էր, որ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի օրով Թուրքիան անցում կատարած է մենատիրական իշխանութեան, եւ այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումները հետզհետէ կ՛աւելնան:

Ան պնդած էր, որ Էրտողանի կառավարութիւնը կը թուլացնէ ժողովրդավարական հաստատութիւնները եւ, ըստ անոր, կը սպառնայ ՕԹԱՆ-ի արժէքներուն եւ դաշինքի ներդաշնակութեան:

Ռուպիօ 2017 թուականին նշած էր, որ եթէ Թուրքիան կ՛ուզէ, որ իրեն հետ վերաբերին իբրեւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից, ուրեմն պէտք է դաշնակիցի պէս գործէ:

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու կողմէ աջակցութիւն ստացող Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւններուն` Ռուպիօ ընդգծած էր, որ այս գործողութիւնները կը սպառնան շրջանի կայունութեան եւ վնաս կը հասցնեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարին:

Ան նաեւ նշած էր, որ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի յանձնառութիւններուն:

Այս բոլորէն մեկնելով` թրքական լրատուամիջոցը Մարքօ Ռուպիոն կոչած է «Թուրքիոյ թշնամի»:

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Բանակէն Հրաժարականներ

Յաջորդը

Թրամփ. «Պիտի Փորձեմ Վերջ Տալ Ուքրանիոյ Պատերազմին»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?