Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը միաձայնութեամբ հանրապետական, 53 տարեկան Մարքօ Ռուպիոն հաստատեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին:
Ան այսպիսով դարձաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախարարաց խորհուրդի առաջին հաստատուած անդամը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նոր նախարար Մարքօ Ռուպիօ իր պաշտօնին հաստատուելէ ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ «ամբողջ աշխարհի տարածքին մեր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ մեր ազգային շահերը ամրապնդել»` աւելցնելով. «Չենք կրնար առանց խաղաղութեան հզօր պետութիւն մը ըլլալ»:
«Մեր արտաքին քաղաքականութիւնը պիտի ըլլայ գործնական եւ իրապաշտ», նշեց Ռուպիօ:
«Կոչ կ՛ուղղենք աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ խաղաղութիւն հաստատելու, որովհետեւ ատիկա մեր ազգային շահերուն կը ծառայէ», ըսաւ ան:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ շեշտեց. «Պիտի ջանանք տագնապները կանխարգիլել եւ անոնցմէ խուսափիլ, սակայն ոչ ի վնաս մեր ազգային շահերուն»:
«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Ռուպիօ լրագրողներուն ըսած է, թէ չի կրնար Ուքրանիոյ պատերազմի աւարտի ժամկէտ ճշդել, սակայն առաջարկած է, որ կողմերէն իւրաքանչիւրը դիմէ զիջումներու, ինչ որ որեւէ տագնապի լուծման բնական մասն է:
«Ամէն անգամ, երբ կ՛աւարտենք տագնապը երկու կողմերու միջեւ, որոնցմէ ոչ մէկը կրնայ հասնիլ իր առաւելագոյն նպատակին, կողմերէն իւրաքանչիւրը պէտք է հրաժարի բանէ մը», ըսած է ան:
Ան չէ յստակացուցած, թէ ի՛նչ զիջումներու մասին է խօսքը, սակայն նշած է, որ վերջնական որոշումը պէտք է տան Ուքրանիան ու Ռուսիան` աւելցնելով, որ պատերազմի աւարտը Թրամփի առաջնահերթութիւնն է:
«Կարելի է յուսալ, որ որոշ հիմքեր արդէն դրուած են, սակայն դժուար պիտի ըլլայ: Ռուսիան այս տագնապին մէջ նախայարձակ է, սակայն այս պատերազմը պէտք է դադրեցուի», աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:


