Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Պլումպըրկ»-ին. Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարը Մտադիր Է Յաջորդ Շաբաթ Փանամա Այցելել

January 24, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ մտադիր է յաջորդ շաբաթ Փանամա այցելել: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ»-ը` վկայակոչելով լաւատեղեակ աղբիւր մը:

Ասիկա պիտի ըլլայ իբրեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար անոր առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնը:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետի այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Փանամայի ջրանցքը «վերադարձնելու» անհրաժեշտութեան մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւններուն լոյսին տակ:

«Պլումպըրկ»-ի զրուցակիցին համաձայն, արտաքին գործոց նախարարը կը նախատեսէ այցելել նաեւ Կուաթեմալա, Սալվատոր եւ Քոսթա Ռիքա:

Աղբիւրը նշած է, որ Ռուպիօ պիտի մեկնի նաեւ Տոմինիքեան հանրապետութիւն, ուր տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան կիսագունդի երկիրներու վեհաժողովը, որուն աւանդաբար կը մասնակցի Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը պաշտօնը ստանձնելէ ետք սովորաբար իր առաջին ուղեւորութիւնը կ՛ընէ երկիր մը, որ Միացեալ Նահանգներու աշխարհաքաղաքական կարեւոր դաշնակից է: Օրինակ, անոր նախորդներ Էնթընի Պլինքընն ու Ռեքս Թիլըրսընը իրենց պաշտօնական պարտականութիւնները սկսած են համապատասխանաբար այցելելով Ճափոն եւ Գերմանիա:

Անցեալ տարեվերջին, Տանըլտ Թրամփ Փանամայի իշխանութիւններէն պահանջած էր նուազեցնել տարանցիկ վճարումները Փանամայի ջրանցքով ամերիկեան զինուորական եւ առեւտրական նաւերու անցման համար: Հակառակ պարագային, ըստ Թրամփի, Փանաման ստիպուած պիտի ըլլայ ջրանցքը վերադարձնել Միացեալ Նահանգներուն:

Փանամայի նախագահ Խոսէ Ռաուլ Մուլինօ ըսած էր, որ զիջումներ պիտի չկատարէ Փանամայի ջրանցքով ամերիկեան նաւերու անցման համար վճարումներու նուազեցման հարցին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի յայտարարութիւններուն լոյսին տակ ՄԱԿ-ի մէջ Փանամայի մնայուն ներկայացուցչութիւնը բողոք ուղարկած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին:

 

Նախորդը

«Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Ռազմակայաններու Ապագային Առնչուած Հարցերը Բանակցութիւններու Փուլի Մէջ Են» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

Յաջորդը

Ռուպիօ Կը Շնորհաւորէ Նեթանիահուն «Համասի Եւ Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Արձանագրած Յաջողութիւններուն Համար»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.