Սուրիոյ իշխանութիւնները խզած են ռուսական ընկերութեան հետ Թարթուսի նաւահանգիստը կառավարելու մասին համաձայնագիրը, որ կնքուած էր 2019 թուականին: Այս մասին «Քոմերսանթ»-ի փոխանցումով սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թարթուս նահանգի մաքսային վարչութեան տնօրէն Ռիատ Ժուտի:
«Չեղեալ նկատուած է ռուսական ընկերութեան հետ Թարթուս նաւահանգիստին մէջ ներդրումներու մասին համաձայնագիրը: Նաւահանգիստի գործունէութենէն ստացուած ամբողջ եկամուտը պիտի օգտագործուի սուրիական պետութեան շահերէն մեկնելով», ըսած է Ժուտի:
Ռուսական «Սթրոյթրանսկազ» ընկերութեան հետ ներդրումային համաձայնագիրը կնքուած է 2019 թուականին` 49 տարուան ժամկէտով: Ըստ Սուրիոյ փոխադրամիջոցներու նախկին նախարար Ալի Համմուտի, փաստաթուղթը կը նախատեսէր ռուսական կողմէն աւելի քան 500 միլիոն տոլարով նաւահանգիստի կառավարում եւ ներդրումներ անոր արդիականացման համար:
Թարթուսը Սուրիոյ երկրորդ մեծագոյն նաւահանգիստն է, ուր ռուսական նաւատորմիղի նիւթական-արհեստագիտական ապահովման կէտ կայ:
12 դեկտեմբերին Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարած էր, թէ Ռուսիան կ՛ակնկալէ Սուրիոյ մէջ իր ռազմակայանները պահպանել նոր իշխանութիւններու գալէն ետք:


