Միջազգային

Ալիեւ. «Թուրք-Ազրպէյճանական Եղբայրութիւնը  Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան  Եւ Կայունութեան Բանալին Են»

Ալիեւ. «Թուրք-Ազրպէյճանական Եղբայրութիւնը Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Բանալին Են»

Նոյնիսկ աշխարհի ամէնէն մօտ դաշնակիցներու շրջանակին մէջ չկայ թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն համարժէք: Այս մասին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` ընդունելով Թուրքիոյ նոր դեսպան Պիրոլ Աքկիւնը: Ալիեւ նշած է, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան միշտ իրարու ուս-ուսի տուած եղած են: Ան աւելցուցած է, որ թուրք-ազրպէյճանական եղբայրութիւնն ու բարեկամութիւնը Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ անոր սահմաններէն դուրս կայունութեան, անվտանգութեան, խաղաղութեան եւ հանգստութեան...

Փութին-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն.  Փոխադարձ Այցելութիւններու Համաձայնութիւն

Փութին-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. Փոխադարձ Այցելութիւններու Համաձայնութիւն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ քննարկած է Ուքրանիոյ, Միջին Արեւելքի, ուժանիւթի, արհեստական բանականութեան եւ տոլարի հարցերը, ինչպէս նաեւ Փութինի հետ համաձայնած է փոխադարձ այցելութիւններ կատարելու: Թրամփ նշեց, որ Փութինի հետ համաձայնած է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու փափաքին շուրջ, ինչպէս նաեւ այն հարցով, որ առնչակից խումբերը անմիջապէս սկսին բանակցութիւններու: Թրամփ յայտարարեց, որ...

Առանց Պաղեստինցիներու Տեղահանութեան  Կազայի Վերակառուցման Արաբական Ծրագիր

Առանց Պաղեստինցիներու Տեղահանութեան Կազայի Վերակառուցման Արաբական Ծրագիր

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի յայտարարեց, թէ առանց պաղեստինցիներու տեղահանութեան Կազայի վերակառուցման արաբական-եգիպտական-պաղեստինեան ծրագիր մը գոյութիւն ունի: Ան յաւելեալ մանրամասնութիւն չներկայացուց: Սաֆատի յորդանանեան պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ պէտք է շարունակել Կազա օժանդակութիւններու ուղարկումը եւ զինադադարի ամրապնդումը: «Յորդանանի շահերը հիմնուած են Յորդանանը յորդանանցիներուն եւ Պաղեստինը պաղեստինցիներուն սկզբունքին վրայ», աւելցուց ան` նշելով, որ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը...

Ռուպիօ Լաւատես Է Ուքրանիոյ  Տագնապի Լուծման Նկատմամբ

Ռուպիօ Լաւատես Է Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Նկատմամբ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց, որ Մարք Ֆոկըլի ազատ արձակումը ուղղակի կերպով առնչուած չէ Ուքրանիոյ շուրջ համաձայնութիւններու գոյացման ուղղութեամբ յառաջընթացի արձանագրման, սակայն «Ռուսիոյ գործակցելու փափաքին լաւ նշան է»: Այս մասին հաղորդեց «Ռաշա Թուտէյ»-ը: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ ինք «լաւատես է Ուքրանիոյ մէջ տագնապի լուծման հեռանկարին նկատմամբ, եւ ամերիկեան վարչակազմը ջանք պիտի թափէ ատոր իրագործման համար»: «Մեծ...

Փեսքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է Աջակցելու  Երեւան-Պաքու Բանակցութիւններուն»

Փեսքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է Աջակցելու Երեւան-Պաքու Բանակցութիւններուն»

Ռուսիան պատրաստ է աջակցելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւններուն, սակայն կողմերը ի վիճակի են զանոնք վարել նաեւ ինքնուրոյն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Երեւանէն տարբեր մակարդակներով յայտարարութիւններ լսած ենք, որ միջնորդներու կարիք չկայ: Երեւանն ու Պաքուն ի վիճակի են իրենք շարունակել բանակցութիւնները` մինչեւ այս հոլովոյթի աւարտը: Պահպանելով մեր պատրաստակամութիւնը որեւէ...

Ռուսիան Ազատ Արձակեց Միացեալ Նահանգներու  Քաղաքացի Ֆոկըլը` «Փոխանակման» Միջոցով

Ռուսիան Ազատ Արձակեց Միացեալ Նահանգներու Քաղաքացի Ֆոկըլը` «Փոխանակման» Միջոցով

Ամերիկացի ուսուցիչ Մարք Ֆոկըլ, որ 14 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր մարիկուանա պահելուն մեղադրանքով, ազատ արձակուած է փոխանակման միջոցով: Այս մասին կ՛ըսուի Սպիտակ տան 11 փետրուարին հրապարակած յայտարարութեան մէջ: Ֆոկըլ 2021-ին ձերբակալուած է ռուսական ոստիկանութեան կողմէ Մոսկուա հասնելէն անմիջապէս ետք` բժշկական մարիկուանա պահելուն համար, որ ըստ անոր, նշանակուած էր մէջքի գործողութեան ենթարկուելէն ետք: Ֆոկըլ մէկ տարի ետք դատապարտուած էր: «Այսօր նախագահ...

Սպառնալով «Դժոխքի Դռները Բանալ»`  Թրամփ. «Եթէ Մինչեւ Շաբաթ Կէսօրուան  Ժամը 12:00-ը Բոլոր Գերիները Կազայէն Չվերադարձուին,  Զինադադարը Ջնջելու Կոչ Պիտի Ուղղեմ»

Սպառնալով «Դժոխքի Դռները Բանալ»` Թրամփ. «Եթէ Մինչեւ Շաբաթ Կէսօրուան Ժամը 12:00-ը Բոլոր Գերիները Կազայէն Չվերադարձուին, Զինադադարը Ջնջելու Կոչ Պիտի Ուղղեմ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Եթէ մինչեւ շաբաթ կէսօրուան ժամը 12:00-ը բոլոր գերիները չվերադարձուին, զինադադարը ջնջելու կոչ պիտի ուղղեմ»: Նշենք, որ պաղեստինեան Համաս շարժումը յայտարարած էր, որ Իսրայէլի կողմէ զինադադարի համաձայնութեան խախտումներուն պատճառով շաբաթ օր նախատեսուած գերիներու ազատ արձակման յաջորդ փուլը ցնոր տնօրինութիւն կը յետաձգէ: «Կրնամ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ խօսիլ շաբաթ օրը վերջնական ժամկէտ նկատելու համար», ըսաւ...

«Համասը Երբեք Չի Կրնար Կազայի Իշխել  Կամ Դարձեալ Իսրայէլի Սպառնալ»  Կ՛ըսէ Ռուպիօ

«Համասը Երբեք Չի Կրնար Կազայի Իշխել Կամ Դարձեալ Իսրայէլի Սպառնալ» Կ՛ըսէ Ռուպիօ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս յայտարարեց. «Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթիի հետ, եւ անոնք ընդգծեցին կարեւորութիւնը ամերիկեան-եգիպտական գործընկերութեան, որ կը ներառէ շրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդումը»: «Ռուպիօ Ապտելաթիին շնորհակալութիւն յայտնեց Եգիպտոսի` գերիներու ազատ արձակման եւ Կազայի բոլոր շրջաններ մարդասիրական օժանդակութեան հասանելիութեան ապահովման եւ բժշկական տարհանման գործողութիւնները ընդունելուն...

Քրեմլին. «Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու  Միջեւ Հաղորդակցութիւնները Աշխուժացան  Եւ Որոշակի Խողովակներու Ճամբով Տեղի Կ՛ունենան»

Քրեմլին. «Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Հաղորդակցութիւնները Աշխուժացան Եւ Որոշակի Խողովակներու Ճամբով Տեղի Կ՛ունենան»

Քրեմլին յայտնեց. «Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հաղորդակցութիւնները աշխուժացան եւ որոշակի խողովակներու ճամբով տեղի կ՛ունենան»: ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նիփենզիա նախապէս ըսած էր, որ իր երկիրը Ուաշինկթընէն Մոսկուայի հետ հաղորդակցելու վերաբերեալ պատշաճ ցուցանիշերու կը սպասէ: «Ռուսիան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ Ուքրանիոյ շուրջ բանակցելու` մեկնելով իրերահաւասարութենէն, պայմանով որ իր շահերը հաշուի առնուին», աւելցուց ան:  

«Միացեալ Նահանգներուն Հետ Դիւանագիտական  Յարաբերութիւններու Խզումը Չենք Բացառեր»  Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռիապքով. «Մոսկուան Եւ Ուաշինկթընը Կապի Մէջ Են Արտաքին Գործոց Նախարարութիւններու Միջոցով»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնած է, որ Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը կապի մէջ են արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջոցով: «Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ ան նշած է, որ պիտի չբացայայտէ երկխօսութեան մանրամասնութիւնները: «Ես ոչինչ ունիմ աւելցնելիք նախագահի մամլոյ քարտուղարի ըսածին. կան որոշակի հաղորդակցութիւններ, սակայն պատճառ չկայ, որ ես այս նիւթին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ հրապարակեմ: Սակայն ընդհանուր առմամբ հոլովոյթը տեղի կ՛ունենայ», ըսած է...

Թրամփ. «Յանձնառու Եմ Կազայի Գնման  Ու Սեփականատիրման, Եւ Թերեւս Անկէ Բաժիններ  Միջին Արեւելքի Մէջ Այլ Պետութիւններու Շնորհեմ»

Թրամփ. «Յանձնառու Եմ Կազայի Գնման Ու Սեփականատիրման, Եւ Թերեւս Անկէ Բաժիններ Միջին Արեւելքի Մէջ Այլ Պետութիւններու Շնորհեմ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Յանձնառու եմ Կազայի գնման ու սեփականատիրման, եւ թերեւս անկէ բաժիններ` վերաշինութեան համար շնորհեմ Միջին Արեւելքի մէջ այլ պետութիւններու»: «Կազան ապագայ բարգաւաճման լաւ վայրի պիտի վերածեմ եւ հոգ պիտի տանիմ պաղեստինցիներուն ու ապահովեմ, որ անոնք չսպաննուին», յայտարարեց Թրամփ: «Հանդիպում պիտի ունենամ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման Ալ Սէուտի եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի...

Սմոթրիչ. «Բացարձակ Յաղթանակը Համասը,  Հըզպալլան Ու Իրանը Քանդելն Է, Եւ Պաղեստինեան  Պետութեան Ստեղծման Վտանգը Պիտի Թաղենք»

Սմոթրիչ. «Բացարձակ Յաղթանակը Համասը, Հըզպալլան Ու Իրանը Քանդելն Է, Եւ Պաղեստինեան Պետութեան Ստեղծման Վտանգը Պիտի Թաղենք»

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ յայտնեց. «Պիտի շարունակենք Այսրյորդանանի մէջ «Երկաթեայ պարիսպ» գործողութեան վրայ պնդել, աւելի՛ն, զայն պիտի ընդլայնենք, եւ ատիկա յառաջիկայ օրերուն պիտի տեսնէք»: Սմոթրիչ Թել Աւիւի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Կ՛աշխատինք իսրայէլեան գերիշխանութիւնը Այսրյորդանանի վրայ տարածելու վրայ եւ վերջապէս պիտի թաղենք պաղեստինեան պետութեան ստեղծման վտանգը»: «Բացարձակ յաղթանակը Համասը, Հըզպալլան ու Իրանը քանդելն է», ըսաւ ան: Սմոթրիչ նաեւ...

Թրամփ Գաւուքճեանը Նշանակած Է Նորվեկիոյ Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Դեսպան

Թրամփ Գաւուքճեանը Նշանակած Է Նորվեկիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան

Փաստաբան Մայքըլ Է. Գաւուքճեանը պիտի ծառայէ Նորվեկիոյ թագաւորութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնին վրայ: Այս մասին «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: «Մայքըլը փայլուն փաստաբան է, որ ներկայիս իբրեւ աւագ գործընկեր կը ծառայէ «Ուայթ Էնտ Քէյս» փաստաբանական ընկերութեան մէջ, ուր ան ղեկավարած է ամբողջ աշխարհի վրայ առեւտրական բարդ դատավարութիւններու խումբեր: Ան նախապէս մեր երկրին ծառայած...

Նեթանիահու. «Սէուտցիները Կրնան  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Պաղեստինեան Պետութիւն  Ստեղծել, Անոնք Շատ Հողեր Ունին»

Ռուպիօ. «Կազան Անբնակելի Է, Եւ Անոր Բնակիչները Պէտք Է Ժամանակաւորապէս Տեղափոխուին, Մինչեւ Որ Շրջանը Վերակառուցուի»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց, որ Կազան ներկայիս անբնակելի է օրինակ չպայթած ռումբերուն պատճառով, եւ մարդիկ պիտի ստիպուին վերաշինութեան ընթացքին այլուր բնակիլ: Ռուպիօ Տոմինիքեան հանրապետութիւն իր այցելութեան ընթացքին լրագրողներէն մէկուն հարցումին պատասխանելով այլ երկիրները քաջալերեց Կազայի վերաշինութեան օգնութիւն առաջարկելու, սակայն չնշեց, թէ պաղեստինցիները պիտի կարենան Թրամփի Կազայի վրայ ամերիկեան վերահսկողութեան հաստատման եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ զարգացման առաջարկի...

Նեթանիահու. «Սէուտցիները Կրնան  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Պաղեստինեան Պետութիւն  Ստեղծել, Անոնք Շատ Հողեր Ունին»

Նեթանիահու. «Սէուտցիները Կրնան Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Պաղեստինեան Պետութիւն Ստեղծել, Անոնք Շատ Հողեր Ունին»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, որ Սէուտական Արաբիան պաղեստինցիներուն համար պետութիւն ստեղծելու համար բաւականաչափ հողեր ունի: Այս մասին հաղորդեց «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը: «Սէուտցիները կրնան Սէուտական Արաբիոյ մէջ պաղեստինեան պետութիւն ստեղծել, անոնք շատ հողեր ունին», ըսած է ան: Երբ անոր հարցուցած են Պաղեստին պետութեան ստեղծումը իբրեւ բնականոնացման պայման դիտարկելու մասին, Նեթանիահուն ըսած է, որ պիտի չկնքէ այնպիսի համաձայնութիւն մը, որ պիտի...

Քրեմլին Կը Քննադատէ Միացեալ Նահանգներու  Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեան  «Կայսերապաշտական» Բնոյթը

Քրեմլին Հերքած Է Փութին-Թրամփ Հանդիպումին Նախապատրաստուելու Տեղեկութիւնները

Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները տակաւին չեն սկսած քննարկել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հաւանական հանդիպման հարցը: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: Ան կոչ ուղղած է այս նիւթը քննարկելու ընթացքին «չշտապելու»: «Անոնք (Փութինն ու Թրամփը) նախնական հաղորդակցութիւններ չեն ունեցած` քննարկելու, թէ արդեօք պէ՞տք է հանդիպիլ, թէ՞ ոչ, եւ անհրաժեշտութեան պարագային` ե՞րբ...

Թրամփի Խորհրդականները Կազայի Սեփականութիւնը Ձեռք Ձգելու Գաղափարի Չքացումը Կը Նախատեսեն

Թրամփի Խորհրդականները Կազայի Սեփականութիւնը Ձեռք Ձգելու Գաղափարի Չքացումը Կը Նախատեսեն

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդականները յայտնած են. «Կը նախատեսենք, որ Կազայի սեփականութիւնը ձեռք ձգելու գաղափարը չքանայ, Թրամփին յստակացնելէն ետք, թէ անիկա գործադրելի չէ»: Իսրայէլի մէջ միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Տան Շափիրօ անդրադառնալով հարցին ըսաւ. «Թրամփի առաջարկը լուրջ չէ, եւ զայն ներկայացնելը կրնայ յաւելեալ ծայրայեղականութեան յանգեցնել»: «Թրամփի առաջարկին հետեւանքները կրնան յաւելեալ գերիներու ազատ...

Քրեմլին. «Պատրաստ Ենք Ամերիկայի Հետ Փոխադարձ Յարգանքի Վրայ Հիմնուած Երկխօսութեան»

Քրեմլին. «Փութինի Հետ Զելենսքիի Ուղղակի Բանակցութիւններ Կատարելու Պատրաստակամութիւնը Դատարկ Խօսք Է»

Քրեմլին Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի Ուքրանիոյ տագնապին վերջ տալու համար Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ այլ ղեկավարներու հետ ուղղակի բանակցութիւններ կատարելու պատրաստակամութեան մասին յայտարարութիւնը որակեց «դատարկ խօսք»: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Մինչեւ հիմա ատիկա միայն դատարկ խօսք կրնանք նկատել»` աւելցնելով. «Պատրաստակամութիւնը պէտք է բանի մը վրայ հիմնուի»: «Զելենսքի հոկտեմբեր 2022 թուականին այնքան ատեն որ Փութինը նախագահ է Ռուսիոյ...

Մաքրոն Շարհը Հրաւիրած Է Փարիզ

Մաքրոն Շարհը Հրաւիրած Է Փարիզ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Սուրիոյ անցումային նախագահ Ահմետ Շարհը հրաւիրած է յառաջիկայ շաբաթներուն պաշտօնական այցելութիւն տալու Փարիզ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Մաքրոնի հետ Շարհի հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք յայտարարած է Սուրիոյ նախագահի գրասենեակը: «Ահմետ Շարհը Ֆրանսայի նախագահէն հրաւէր ստացած է յառաջիկայ շաբաթներուն Ֆրանսա այցելելու», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: Գրասենեակի տուեալներով` Մաքրոն շնորհաւորած է Շարհը նախագահի պաշտօնը ստանձնելու...

Ահմետ. «Քիւրտերը Սուրիոյ Մէկ Մասն Են, Եւ Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններ Չկան»

Ահմետ. «Քիւրտերը Սուրիոյ Մէկ Մասն Են, Եւ Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններ Չկան»

Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի ինքնավարութեան արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի համանախագահ Իլհամ Ահմետ շեշտեց, որ բացարձակապէս կը մերժէ Սուրիոյ դէմ հաստատուած միջազգային պատժամիջոցները: Ան «Արապիա»-ին յայտնեց. «Կը վերահաստատենք մեր ամբողջական մերժումը տնտեսական պատժամիջոցներուն, որոնք ժխտական կերպով կ՛ազդեն սուրիացիներու կեանքին»` աւելցնելով. «Այս պատժամիջոցները պատճառ կը դառնան ծայրայեղականութեան երեւոյթներու, մասնաւորաբար գաղափարաբանութեան ամրապնդման»: Ահմետ նշեց, որ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին մէջ իրեն վերագրուած յայտարարութիւնները դիտաւորեալ կերպով աղաւաղուած...

Page 105 of 882 1 … 104 105 106 … 882

Արխիւներ