Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հանդիպումը Կրնայ Այս Ամսուան Աւարտէն Առաջ Տեղի Ունենալ

Թրամփ-Փութին Հանդիպումը Կրնայ Այս Ամսուան Աւարտէն Առաջ Տեղի Ունենալ

Թրամփ Զելենսքին «Ծիծաղելի Յայտարարութիւններ Կատարող Անատակ Նախագահ» Կ՛որակէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ կրնայ այս ամսուան աւարտէն առաջ հանդիպիլ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ` նշելով, որ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ երեքշաբթի օր տեղի ունեցած բանակցութիւնները «շատ լաւ» էին: Թրամփ Ֆլորիտայի մէջ իր սեփական «Մարալակօ» հանգստեան վայրին մէջ վերահաստատեց, որ կը ձգտի վերջ տալ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ...

Նեթանիահու Ընդունած Է Ազրպէյճանի Նախագահի Օգնականը

Նեթանիահու Ընդունած Է Ազրպէյճանի Նախագահի Օգնականը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ընդունած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական, Ազրպէյճանի նախագահի վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժանմունքի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւը: Ազրպէյճանական պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին տեղեկութիւնը հրապարակած է Իսրայէլի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան հարցեր: Կողմերը նաեւ քննարկած են շրջանային իրադարձութիւնները:

Ռիատի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան Բանակցութիւններ

Ռիատի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան Բանակցութիւններ

Երէկ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցան ռուսական եւ ամերիկեան պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւններ` մասնակցութեամբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի, ներկայութեամբ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանին: Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալմանի ցուցմունքով Ռիատ` Սէուտական Արաբիոյ աշխարհի վրայ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան...

«Ռոյթըրզ»-Ի Համաձայն.  Կը Նախատեսուի, Որ Սիսի Հինգշաբթի Օր Ռիատ  Այցելէ` Կազայի Վերաբերեալ Արաբական  Ծրագիրը Քննարկելու Համար

«Ռոյթըրզ»-Ի Համաձայն. Կը Նախատեսուի, Որ Սիսի Հինգշաբթի Օր Ռիատ Այցելէ` Կազայի Վերաբերեալ Արաբական Ծրագիրը Քննարկելու Համար

Եգիպտական ապահովական երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Կը նախատեսուի, որ (Եգիպտոսի) նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի հինգշաբթի օր ուղղուի Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատ` քննարկելու համար Կազայի վերաբերեալ Արաբական ծրագիրը: Կը նախատեսուի, որ արաբական պետութիւնները քննարկեն պատերազմէն ետք վերակառուցման ծրագիր մը` այլընտրանք մը ներկայացնելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրին, որուն համաձայն, անոր երկիրը պիտի տիրէ Կազային եւ անոր բնակիչները...

Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն  Ծանր Ռումբեր Ստացած Է

Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն Ծանր Ռումբեր Ստացած Է

Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն «Էմ.Քէյ.-84» տիպի ծանր ռումբեր ստացած է: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ջնջած է զինամթերքի արտածման արգելքը, որ սահմանուած էր Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահի` Ճօ Պայտընի վարչակազմին կողմէ: Թրամփ յայտարարած է, որ հակառակ զինադադարին, վերցուցած է Իսրայէլ ռումբերու արտածման արգելքը, որովհետեւ կը հաւատայ «ուժի միջոցով խաղաղութեան»: «Էմ.Քէյ.-84»-ը 907 քիլոկրամնոց չկառավարուող ռումբ է,...

Փորոշենքօ. «Իշխանութիւնները Կը Ծրագրեն  26 Հոկտեմբերին Ընտրութիւններ Կազմակերպել»

Փորոշենքօ. «Իշխանութիւնները Կը Ծրագրեն 26 Հոկտեմբերին Ընտրութիւններ Կազմակերպել»

Ուքրանիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժի ղեկավար Փեթրօ Փորոշենքօ յայտարարած է, որ ուքրանական իշխանութիւնները կը ծրագրեն այս տարուան 26 հոկտեմբերին ընտրութիւններ կազմակերպել: «Սենսոր» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանելով «ե՞րբ ձեր կարծիքով տեղի պիտի ունենան Ուքրանիոյ մէջ ընտրութիւնները» հարցումին «Եւրոպական համերաշխութիւն» ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավարը պատասխանած է` «արձանագրեցէք` այս տարուան 26 հոկտեմբերին»: Փորոշենքօ, որ նախապէս յայտարարած է նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մտադրութեան մասին,...

Ուրալօղլու. «Ազրպէյճանցիները Կ՛ուսումնասիրեն`  «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Հայաստանի՞,  Թէ՞ Իրանի Տարածքով Պիտի Անցնի»

Ուրալօղլու. «Ազրպէյճանցիները Կ՛ուսումնասիրեն` «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Հայաստանի՞, Թէ՞ Իրանի Տարածքով Պիտի Անցնի»

«Մենք կարեւոր կը նկատենք, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ լարուածութիւնը կարելի եղածին չափ արագ աւարտի եւ խաղաղութիւն հաստատուի: Այս մասին «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցի եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կացութիւն կը տիրէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին առնչուած, թուրք նախարարը ըսած է. «Մեզի համար արժէքաւոր քննարկումները կը շարունակուին: Ի հարկէ, պէտք է հաշուի առնեն...

Անգլիոյ Եկեղեցին Մերժած Է Արտօնել  Հաղորդութեան Ժամանակ Սնձան Չպարունակող  Հաց Եւ Ոչ Ալքոհոլային Գինի Օգտագործել

Անգլիոյ Եկեղեցին Մերժած Է Արտօնել Հաղորդութեան Ժամանակ Սնձան Չպարունակող Հաց Եւ Ոչ Ալքոհոլային Գինի Օգտագործել

Անգլիոյ եկեղեցին մերժած է խնդրանքը Սուրբ հաղորդութեան կանոնները փոխելու` յանուն անոնց, որոնք չեն կրնար ալքոհոլ խմել կամ սնձան (կլիւթեն) պարունակող հաց ուտել: Կանոնական օրէնքի համապատասխան` Սուրբ Հաղորդութեան համար օգտագործուող հացը պէտք է պատրաստուած ըլլայ «լաւագոյն եւ մաքուր ցորենի ալիւրէ, իսկ գինին խմորուած խաղողի որակեալ եւ օգտակար հիւթէն»: «Կարտիըն» օրաթերթը կը նշէ, որ վերապատուելի Էլիս Քեմփը համապատասխան խնդրանքը կատարած է Կրօնական...

«Քոմերսանթ». «Այսօր Ռիատի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան  Բանակցութիւններու Սկիզբ».  Թրամփ Փութինի Հետ Հանդիպումը «Շատ Մօտալուտ» Կը Նկատէ

«Քոմերսանթ». «Այսօր Ռիատի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան Բանակցութիւններու Սկիզբ». Թրամփ Փութինի Հետ Հանդիպումը «Շատ Մօտալուտ» Կը Նկատէ

Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումս կրնայ շատ մօտալուտ ըլլալ»: «Փութին կ՛ուզէ (Ուքրանիոյ) պատերազմին վերջ տալ», նշեց Թրամփ: «Տը Հիլ» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան ղեկավարը կիրակի օր պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ Փութին ի՞նչ կ՛ուզէ ըսած է. «Կը կարծեմ` ան կ՛ուզէ կռիւը դադրեցնել: Ես ատիկա կը տեսնեմ: Մենք երկար ու ծանր զրոյց ունեցած...

Քոսթա. «Եւրոպան Պէտք Է Ռուսիոյ Հետ  Անվտանգութեան Նոր Ճարտարապետութեան Մասին  Համաձայնութիւն Գոյացնէ»

Քոսթա. «Եւրոպան Պէտք Է Ռուսիոյ Հետ Անվտանգութեան Նոր Ճարտարապետութեան Մասին Համաձայնութիւն Գոյացնէ»

Եւրոպան պէտք է Ռուսիոյ հետ «անվտանգութեան նոր ճարտարապետութեան շուրջ» համաձայնութիւն գոյացնէ: Այս մասին «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ուքրանական տագնապի լուծման հարցով Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն Եւրոպական Միութեան մասնակցութեան անհրաժեշտութեան մասին հարցումին պատասխանելով յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթա: «Եթէ (Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ) Թրամփը իսկապէս կ՛ուզէ, որ եւրոպացիները աւելի շատ պատասխանատուութիւն ստանձնեն իրենց անվտանգութեան համար, ապա, ի հարկէ, եւրոպացիները...

Ռուպիօ Երուսաղէմի Մէջ Այցելած Է  Սուրբ Յարութեան Տաճար

Ռուպիօ Երուսաղէմի Մէջ Այցելած Է Սուրբ Յարութեան Տաճար

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ կիրակի, 16 փետրուարին Երուսաղէմի մէջ այցելած է Սուրբ Յարութեան տաճար: Այս մասին կը հաղորդէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը: «Կիրակի, 16 փետրուար 2025-ի առաւօտուն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ կատարեց իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Սուրբ Յարութեան տաճար: «Դիմաւորման արարողութեան Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան կողմէ ներկայ էին դիւանապետ Հոգշ. Տ. Աղան վրդ. Գոգչեան եւ Սուրբ...

Քաց. «Իսրայէլ Երբեք Պիտի Չհամաձայնի  Պաղեստինեան Պետութեան Ստեղծման, Որովհետեւ  Ատիկա Պիտի Վտանգէ Սեփական Գոյութիւնը»

Քաց. «Իսրայէլ Երբեք Պիտի Չհամաձայնի Պաղեստինեան Պետութեան Ստեղծման, Որովհետեւ Ատիկա Պիտի Վտանգէ Սեփական Գոյութիւնը»

Իսրայէլ պիտի չհամաձայնի պաղեստինեան պետութեան ստեղծման, որովհետեւ ատիկա պիտի վտանգէ սեփական գոյութիւնը: Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց` հանդիպման ժամանակ ամերիկեան պատուիրակութեան հետ, որուն մաս կը կազմէին քանի մը ծերակուտականներ եւ Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս: «Իսրայէլ երբեք պիտի չհամաձայնի պաղեստինեան պետութեան ստեղծման, որ պիտի սպառնայ անոր գոյութեան: Իսրայէլի առաջնահերթութիւնները յստակ են`...

Ամերիկեան Բանակը Հիւսիսարեւմտեան Սուրիոյ Մէջ  Օդային «Ճշգրիտ» Յարձակում Մը Գործած Է

Ամերիկեան Բանակը Հիւսիսարեւմտեան Սուրիոյ Մէջ Օդային «Ճշգրիտ» Յարձակում Մը Գործած Է

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց. «Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը կատարեցինք օդային ճշգրիտ յարձակում մը, որուն ընթացքին սպաննուեցաւ Քայիտայի առնչուած Կրօնի պահապաններ խմբաւորման ղեկավարը»: «Օդային հարուածը շրջանին մէջ եւ անկէ դուրս ահաբեկիչներուն ջանքերը տկարացնելու մեր գործընկերներուն հետ մեր յանձնառութեան ծիրին մէջ է», նշեց հրամանատարութիւնը:

Թեհրան. «Սուրիոյ Հարցով Ասթանայի  Համաձայնութիւնը Տակաւին Բոլոր Կողմերուն Համար Ի Զօրու Է»

Իրան Անհեթեթ Կը Նկատէ Թեհրանի «Ապակայունացնող Պահուածքին» Վերաբերեալ «Եօթներու Խմբակ»-ի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Մեկնաբանութիւնները

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայել Պաղայի հերքած է «Եօթներու խմբակ»-ի արտաքին գործոց նախարարներու հակաիրանեան յայտարարութիւնները` անոնց մեղադրանքները կոչելով «անհիմն եւ անպատասխանատու»: «Անհեթեթ է Իրանը մեղադրել շրջանին մէջ ապակայունացնող վարմունքի մէջ, Իրանի պաշտպանական կարողութիւնները կը զարգանան միջազգային օրէնքին համաձայն եւ անհրաժեշտ են Արեւմտեան Ասիոյ մէջ անվտանգութիւնը ապահովելու համար», կը նշուի Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: Պաղայի նշած է. «Խաղաղ...

Ամերիկացի Պաշտօնեաներու Խումբ Մը  Բանակցութիւններու Համար Կը Մեկնի Սէուտական Արաբիա. Զելենսքի Կը Պնդէ, Թէ Հրաւէր Չէ Ստացած

Ամերիկացի Պաշտօնեաներու Խումբ Մը Բանակցութիւններու Համար Կը Մեկնի Սէուտական Արաբիա. Զելենսքի Կը Պնդէ, Թէ Հրաւէր Չէ Ստացած

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ բարձրաստիճան խումբ մը կ՛ուղարկէ Սէուտական Արաբիա` բանակցութիւններ սկսելու Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ, ամերիկացի պաշտօնեաներ յայտնած են քանի մը լրատուամիջոցներու: Ըստ այդ հաղորդումներուն, բանակցութիւններուն պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ, Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայք Ուոլց եւ Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով բանակցող Սթիւ Ուիթքոֆ: Տակաւին անորոշ կը մնայ այդ բանակցութիւններուն Ուքրանիոյ նախագահի...

Նեթանիահու. «Իսրայէլն Ու Միացեալ  Նահանգները Լի Են Վճռականութեամբ`  Խոչընդոտելու Իրանի Հիւլէական Յաւակնութիւնները»

Նեթանիահու. «Իսրայէլն Ու Միացեալ Նահանգները Լի Են Վճռականութեամբ` Խոչընդոտելու Իրանի Հիւլէական Յաւակնութիւնները»

Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները լի են վճռականութեամբ` խոչընդոտելու Իրանի հիւլէական յաւակնութիւնները եւ Միջին Արեւելքի մէջ անոր «նախայարձակումը»: Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ հանդիպումէն ետք: «Իսրայէլն ու Ամերիկան ուս-ուսի կը կանգնին իրանական սպառնալիքին հակազդելու հարցին մէջ», ըսած է ան: Մարքօ Ռուպիոն ալ յայտարարած է, որ համաձայն է Պենիամին Նեթանիահուի հետ,...

Պաքու Արգիլած Է Փութինի Կուսակից Երեսփոխան  Վալույեւի Ազրպէյճան Մուտքը

Պաքու Արգիլած Է Փութինի Կուսակից Երեսփոխան Վալույեւի Ազրպէյճան Մուտքը

Ազրպէյճան արգիլած է Ռուսիոյ իշխող «Ետինայա Ռուսիա» կուսակցութեան երեսփոխան Նիքոլայ Վալույեւի մուտքը երկիր` զինք յայտարարելով անբաղձալի անձ: Այս մասին ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէ` պատասխանելով Ռուսիոյ Տումայի երեսփոխանի «հակաազրպէյճանական յայտարարութիւններուն» եւ անոր դէմ ձեռնարկուելիք քայլերու մասին տեղական լրատուամիջոցներու հարցումներուն: Անոր համաձայն, Ռուսիոյ Տումայի զբօսաշրջութեան յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Նիքոլայ Վալույեւի «վիրաւորական յայտարարութիւնները` ուղղուած Ազրպէյճանի եւ...

Մաքրոն Պատրաստ Է Արձագանգելու Եւրոպայի Դէմ  Միացեալ Նահանգներու Կողմէ  Մաքսատուրքերու Սահմանման

Մաքրոն Պատրաստ Է Արձագանգելու Եւրոպայի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Մաքսատուրքերու Սահմանման

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն նախազգուշացուցած է, որ Եւրոպայի դէմ Միացեալ Նահանգներու մաքսատուրքերը պիտի մեծցնեն ամերիկացիներուն համար գնաճը: Մաքրոն «Սի.Էն.Էն.»-ին ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի մաքսատուրքերու ծիրին մէջ Եւրոպական Միութիւնը պէտք չէ ըլլայ Միացեալ Նահանգներու համար «գլխաւոր առաջնահերթութիւն»: «Արդեօք Եւրոպական Միութիւնը ձեր (Միացեալ Նահանգներու) առաջնային խնդի՞րն է, ո՛չ, չեմ կարծեր, ձեր առաջնային խնդիրը Չինաստանն է, այնպէս որ դուք...

Թրամփ. «Փութինի Հետ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ  Պիտի Հանդիպիմ Ներկայութեամբ  Մոհամետ Պըն Սալման Իշխանին»

Թրամփ. «Փութինի Հետ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Պիտի Հանդիպիմ Ներկայութեամբ Մոհամետ Պըն Սալման Իշխանին»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ պիտի հանդիպի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ` աւելցնելով, որ այդ հանդիպումին ներկայ պիտի գտնուի Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը: Ան այս մասին յայտարարեց Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին: Նշենք, որ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը նպաստած է ամերիկացի բանտարկեալ Մարք Ֆոկըլի Ռուսիայէն ազատ...

Ակնարկ.  Ճանաչումի Նախաբանային Ուղերձը

«Թրամփ Այն Կարծիքը Ունի, Որ Պաղեստինցիներուն Կազայէն Հեռանալը Անոնց Համար Աւելի Լաւ Է» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այն կարծիքը ունի, որ պաղեստինցիներուն համար զանոնք Կազայէն տեղափոխելը շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լիւիթ յայտնեց. «(Յորդանանի) Ապտալլա թագաւորը կը նախընտրէ, որ պաղեստինցիները մնան հոն, ուր որ են»` աւելցնելով. «Սակայն նախագահը այն կարծիքը ունի, որ անոնց համար շատ աւելի լաւ ու շատ աւելի պատուական պիտի ըլլայ, եթէ...

Page 104 of 882 1 … 103 104 105 … 882

Արխիւներ