«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդականները յայտնած են. «Կը նախատեսենք, որ Կազայի սեփականութիւնը ձեռք ձգելու գաղափարը չքանայ, Թրամփին յստակացնելէն ետք, թէ անիկա գործադրելի չէ»:
Իսրայէլի մէջ միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Տան Շափիրօ անդրադառնալով հարցին ըսաւ. «Թրամփի առաջարկը լուրջ չէ, եւ զայն ներկայացնելը կրնայ յաւելեալ ծայրայեղականութեան յանգեցնել»:
«Թրամփի առաջարկին հետեւանքները կրնան յաւելեալ գերիներու ազատ արձակումը վտանգել», աւելցուց ան:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, սակայն, հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց երէկ իսրայէլեան բանակին հրամայած է պատրաստել ծրագիր մը, որ դուռ կը բանայ Կազայի բնակիչներուն շրջանէն դուրս գալուն:
Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի յայտնեց, որ Քանատայի Կազայի վերաբերեալ հաստատ դիրքորոշումը չէ փոխուած, եւ իր երկիրը կառչած կը մնայ երկու պետութիւններու լուծումի իրագործման: