Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Յանձնառու եմ Կազայի գնման ու սեփականատիրման, եւ թերեւս անկէ բաժիններ` վերաշինութեան համար շնորհեմ Միջին Արեւելքի մէջ այլ պետութիւններու»:
«Կազան ապագայ բարգաւաճման լաւ վայրի պիտի վերածեմ եւ հոգ պիտի տանիմ պաղեստինցիներուն ու ապահովեմ, որ անոնք չսպաննուին», յայտարարեց Թրամփ:
«Հանդիպում պիտի ունենամ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման Ալ Սէուտի եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ, եւ պաղեստինցի գաղթականներու Միացեալ Նահանգներ մուտք գործելու անհատական պարագաներ պիտի քննարկեմ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Միջին Արեւելքի մէջ պետութիւններ ինծի հետ խօսելէ ետք պաղեստինցիները պիտի հիւրընկալեն», նշեց Թրամփ:
«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ յառաջընթաց կ՛արձանագրենք, եւ յարմար ատենին անոր հետ պիտի հանդիպիմ», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Հոյակապ պիտի ըլլայ, եթէ Քանատան Միացեալ Նահանգներու 51-րդ նահանգը դառնայ», նշեց Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ երէկ յայտնեց. «Կազան ստանձնելու ծրագիրիս համաձայն, պաղեստինցիները տունդարձի իրաւունք չունին»:
«Կը կարծեմ, որ Եգիպտոսի եւ Յորդանանի հետ կրնանք պաղեստինցիները անոնց մօտ փոխադրելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել, որովհետեւ երկար տարիներու ընթացքին անոնց միլիառաւոր տոլարներ տրամադրած ենք», նշեց Թրամփ:
Համասի ղեկավարներէն Իզզաթ Ռըշք դատապարտեց Թրամփի` Կազան գնելու եւ անոր սեփականատէրը դառնալու յայտարարութիւնները, զանոնք նկատելով «անհեթեթ» եւ Պաղեստինի ու շրջանին վերաբերեալ խոր տգիտութիւն արտացոլացնող:
Ռըշք նշեց, որ Կազան առուծախի առարկայ կալուած մը չէ, այլ բռնագրաւեալ պաղեստինեան հողերու անբաժանելի մէկ մասը:
«Կազան անոր բնակիչներուն է, եւ անոնք անկէ միայն 1948 թուականին բռնագրաւուած իրենց քաղաքներն ու գիւղերը պիտի հեռանան», ըսաւ Համասի ղեկավարը:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Ոչ ոք կրնայ Կազայի բնակիչները հեռացնել իրենց հողերէն, զորս պատերազմը քանդեց»:
«Կազան, Այսրյորդանանն ու Արեւելեան Երուսաղէմը պաղեստինցիներուն սեփականութիւնն են», ընդգծեց Էրտողան:
ՄԱԿ-ի պաղեստինեան հողերու հարցով յանձնախումբի նախագահ Նաւի Պիլայ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` պաղեստինցիները Կազայէն այլ երկիրներ վտարելու մտադրութիւնը «ցեղային մաքրագործման համազօր է»:
«Թրամփ ահաւոր կերպով անտեղեակ է միջազգային օրէնքէն ու բռնագրաւումի օրէնքէն: Բռնագրաւուած հողի մը հաւաքականութեան պարտադիր տեղահանութիւնը միջազգային ոճիր մըն է, որ մինչեւ ցեղային մաքրագործման կը հասնի», «Փոլիթիքօ» օրաթերթին ըսաւ ան:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ 27 փետրուարին Գահիրէի մէջ պիտի գումարուի արաբական արտակարգ վեհաժողով մը` քննարկելու համար Պաղեստինեան դատին մէջ վերջին ու վտանգաւոր զարգացումները:
Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ կը դատապարտէ պաղեստինցիները դէպի Եգիպտոս, Յորդանան կամ Սէուտական Արաբիա տեղահանելու վերաբերեալ բոլոր յայտարարութիւնները: