Քրեմլին Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի Ուքրանիոյ տագնապին վերջ տալու համար Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ այլ ղեկավարներու հետ ուղղակի բանակցութիւններ կատարելու պատրաստակամութեան մասին յայտարարութիւնը որակեց «դատարկ խօսք»:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Մինչեւ հիմա ատիկա միայն դատարկ խօսք կրնանք նկատել»` աւելցնելով. «Պատրաստակամութիւնը պէտք է բանի մը վրայ հիմնուի»:
«Զելենսքի հոկտեմբեր 2022 թուականին այնքան ատեն որ Փութինը նախագահ է Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները արգիլող հրամանագիր հրապարակելէն ետք չի կրնար Փութինի հետ խօսիլ», աւելցուց ան:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած էր, որ պատրաստ է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ նոյն սեղանին շուրջ բանակցութիւններու մասնակցելու: Ան այս մասին յայտնած էր բրիտանացի լրագրող Փիրս Մորընի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Եթէ ասիկա միակ տարբերակն է, որով մենք կրնանք Ուքրանիոյ քաղաքացիներուն խաղաղութիւն բերել եւ չկորսնցնել մարդիկ, ապա մենք անշուշտ պիտի դիմենք հանդիպումի այս տարբերակին:
«Կարեւոր չէ, թէ ես ինչպէ՛ս կը վերաբերիմ անոր. ես անոր հետ բարի պիտի չըլլամ: Ես զինք թշնամի կը նկատեմ, եւ, ճիշդը, կը կարծեմ, որ ան զիս եւս թշնամի կը նկատէ», ըսած էր Զելենսքի:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նախապէս յայտարարած է, որ պատրաստ չէ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ:
Ան Զելենսքին կոչած է «ոչ օրինական»` հասկցնելով, որ Ուքրանիոյ մէջ իշխանութեան օրինական մարմին կը նկատէ միայն Գերագոյն Ռատան` խորհրդարանը:
Ուքրանիոյ տագնապին վերաբերեալ խաղաղութեան բանակցութիւններ կատարելու կոչերը աւելի շատցան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի իրերայաջորդ յայտարարութիւններէն ետք, թէ կ՛ուզէ շուտով պատերազմին վերջ տալ:


