Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Սուրիոյ անցումային նախագահ Ահմետ Շարհը հրաւիրած է յառաջիկայ շաբաթներուն պաշտօնական այցելութիւն տալու Փարիզ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Մաքրոնի հետ Շարհի հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք յայտարարած է Սուրիոյ նախագահի գրասենեակը:
«Ահմետ Շարհը Ֆրանսայի նախագահէն հրաւէր ստացած է յառաջիկայ շաբաթներուն Ֆրանսա այցելելու», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Գրասենեակի տուեալներով` Մաքրոն շնորհաւորած է Շարհը նախագահի պաշտօնը ստանձնելու առիթով եւ «լիակատար աջակցութիւն յայտնած Սուրիոյ անցումային փուլին»:
«Նախագահները քննարկած են Սուրիոյ անվտանգութեան խնդիրները եւ անոր կայունութիւնը` պահպանելու համար միասին աշխատելու անհրաժեշտութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Էլիզէի պալատը իր կարգին հաղորդեց, որ Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նշած է անհրաժեշտութիւնը շարունակելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, որ «ի շահ սուրիացի ժողովուրդին է, ինչպէս նաեւ ի շահ ֆրանսական պետութեան անվտանգութեան»:
Ֆրանսայի նախագահը նաեւ կոչ ուղղած է քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը ամբողջովին ներառելու Սուրիոյ մէջ փոխանցման հոլովոյթին մէջ:


