Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ յայտնեց. «Պիտի շարունակենք Այսրյորդանանի մէջ «Երկաթեայ պարիսպ» գործողութեան վրայ պնդել, աւելի՛ն, զայն պիտի ընդլայնենք, եւ ատիկա յառաջիկայ օրերուն պիտի տեսնէք»:
Սմոթրիչ Թել Աւիւի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Կ՛աշխատինք իսրայէլեան գերիշխանութիւնը Այսրյորդանանի վրայ տարածելու վրայ եւ վերջապէս պիտի թաղենք պաղեստինեան պետութեան ստեղծման վտանգը»:
«Բացարձակ յաղթանակը Համասը, Հըզպալլան ու Իրանը քանդելն է», ըսաւ ան:
Սմոթրիչ նաեւ նշեց, որ «ժամանակն է Կազան բռնագրաւելու»` շեշտելով. «Պէտք է քննարկենք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Կազայի բնակչութիւնը տեղահանելու ծրագիրը»:
«Մեր պատասխանատուութիւնը կը պարտաւորեցնէ մեզ նախանձախնդիր ըլլալու Իսրայէլի ապագային նկատմամբ եւ ընդդիմանալու գործարք կնքելու ճամբով անոր անվտանգութիւնը վտանգելու», աւելցուց Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարարը: