Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի ինքնավարութեան արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի համանախագահ Իլհամ Ահմետ շեշտեց, որ բացարձակապէս կը մերժէ Սուրիոյ դէմ հաստատուած միջազգային պատժամիջոցները:
Ան «Արապիա»-ին յայտնեց. «Կը վերահաստատենք մեր ամբողջական մերժումը տնտեսական պատժամիջոցներուն, որոնք ժխտական կերպով կ՛ազդեն սուրիացիներու կեանքին»` աւելցնելով. «Այս պատժամիջոցները պատճառ կը դառնան ծայրայեղականութեան երեւոյթներու, մասնաւորաբար գաղափարաբանութեան ամրապնդման»:
Ահմետ նշեց, որ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին մէջ իրեն վերագրուած յայտարարութիւնները դիտաւորեալ կերպով աղաւաղուած են` վստահեցնելով, որ ինք Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի միջամտութիւնը չէ խնդրած եւ Թել Աւիւի հետ յարաբերութիւններ գոյութիւն չունին:
«Սուրիական յեղափոխութեան սկիզբէն ի վեր, շարունակ շեշտեցինք շրջանային ուժերուն սուրիական հարցին չմիջամտելու անհրաժեշտութիւնը, եւ այս դիրքորոշումը կը վերաբերի առանց բացառութեան բոլոր կողմերուն», աւելցուց ան:
Ահմետ շեշտեց, որ ներկայիս գերագոյն առաջնահերթութիւնը պէտք է մնայ Սուրիոյ մէջ հեզասահ քաղաքական փոխանցման հոլովոյթին աջակցիլը` այդ հոլովոյթին յաջողութիւնը երաշխաւորելու ազդու մեքանիզմներ գտնելու անհրաժեշտութեամբ:
«Դամասկոսի մէջ պաշտօնական հարթակներու վրայ պատերազմական ոճիրներ գործած անձերուն երեւիլը ժխտական պատգամ մըն է, որ սուրիական վարչակազմին մասին ոչ դրական պատկեր կ՛արտացոլէ: Քաղաքագէտ Հաֆրին Խալաֆը սպաննողին նման սեւ ցուցակներու վրայ ներառուած անձերու ներկայութիւնը, զանոնք հրապարակաւ վարձատրելը տողատակի զօրակցութիւն է անոնց ոճրային արարքներուն», նշեց քիւրտ պաշտօնատարը:
Անդրադառնալով հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ մէջ զարգացումներուն` քիւրտ պաշտօնատարը ըսաւ. «Թրքական յարձակումները երկրին կայունութեան չեն ծառայեր, այլ կ՛ոտնահարեն Դամասկոսի գերիշխանութիւնը եւ կը տկարացնեն անոր դիրքը»:
«Բռնութեան կիրարկումը, մասնաւորաբար Թըշրին ամբարտակին նման կենսական կառոյցներու դէմ, կրնայ կենսոլորտային ու մարդկային աղէտի յանգեցնել, եթէ ամբարտակը քանդուի: Ուստի Դամասկոս պէտք է այս թղթածրարին վերաբերեալ իր պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնի», յայտնեց ան:
«Քիւրտերը Սուրիոյ անբաժանելի մէկ մասն են», ընդգծեց Ահմետ` աւելցնելով. «Մեր նպատակը բոլոր սուրիացիներու ձգտումներն են, եւ բազմաթիւ զոհաբերութիւններ կատարեցինք եւ պատրաստ ենք աւելին տալու: Մեր կարծիքով` ժամանակն է երաշխաւորելու սուրիացի ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչ մասերուն, մասնաւորաբար քիւրտ ժողովուրդի իրաւունքները»:


