Ռուսիան պատրաստ է աջակցելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւններուն, սակայն կողմերը ի վիճակի են զանոնք վարել նաեւ ինքնուրոյն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Երեւանէն տարբեր մակարդակներով յայտարարութիւններ լսած ենք, որ միջնորդներու կարիք չկայ: Երեւանն ու Պաքուն ի վիճակի են իրենք շարունակել բանակցութիւնները` մինչեւ այս հոլովոյթի աւարտը: Պահպանելով մեր պատրաստակամութիւնը որեւէ հաւանական օգնութիւն ցուցաբերելու համար` մենք պիտի ողջունենք կողմերու անկախ ջանքերը», ըսած է Տմիթրի Փեսքով:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան 11 փետրուարին քիչ հաւանական նկատած էր Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ Ռուսիոյ միջնորդութիւնը:


