Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց, որ Մարք Ֆոկըլի ազատ արձակումը ուղղակի կերպով առնչուած չէ Ուքրանիոյ շուրջ համաձայնութիւններու գոյացման ուղղութեամբ յառաջընթացի արձանագրման, սակայն «Ռուսիոյ գործակցելու փափաքին լաւ նշան է»: Այս մասին հաղորդեց «Ռաշա Թուտէյ»-ը:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ ինք «լաւատես է Ուքրանիոյ մէջ տագնապի լուծման հեռանկարին նկատմամբ, եւ ամերիկեան վարչակազմը ջանք պիտի թափէ ատոր իրագործման համար»:
«Մեծ լրջութեամբ պիտի աշխատինք: Այս առումով կարգ մը շատ դժուար դիրքորոշումներ կան: Պատերազմը դադրեցնելը դիւրին պիտի չըլլայ, սակայն լաւատես եմ, որ զայն աւարտելու աշխատած որեւէ այլ վարչակազմէ աւելի լրջութեամբ պիտի աշխատինք: Նախագահ Տանըլտ Թրամփը ուքրանական տագնապի լուծումը առաջնահերթութիւն դարձուց, սակայն արդիւնքներու ձեռքբերումը դիւրին պիտի չըլլայ», ըսաւ Ռուպիօ:


