Քրեմլին յայտնեց. «Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հաղորդակցութիւնները աշխուժացան եւ որոշակի խողովակներու ճամբով տեղի կ՛ունենան»:
ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նիփենզիա նախապէս ըսած էր, որ իր երկիրը Ուաշինկթընէն Մոսկուայի հետ հաղորդակցելու վերաբերեալ պատշաճ ցուցանիշերու կը սպասէ:
«Ռուսիան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ Ուքրանիոյ շուրջ բանակցելու` մեկնելով իրերահաւասարութենէն, պայմանով որ իր շահերը հաշուի առնուին», աւելցուց ան: