Ամերիկացի ուսուցիչ Մարք Ֆոկըլ, որ 14 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր մարիկուանա պահելուն մեղադրանքով, ազատ արձակուած է փոխանակման միջոցով: Այս մասին կ՛ըսուի Սպիտակ տան 11 փետրուարին հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Ֆոկըլ 2021-ին ձերբակալուած է ռուսական ոստիկանութեան կողմէ Մոսկուա հասնելէն անմիջապէս ետք` բժշկական մարիկուանա պահելուն համար, որ ըստ անոր, նշանակուած էր մէջքի գործողութեան ենթարկուելէն ետք: Ֆոկըլ մէկ տարի ետք դատապարտուած էր:
«Այսօր նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ անոր յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտարարած են, որ պարոն Ուիթքոֆ Մարք Ֆոկըլի հետ կը լքէ Ռուսիոյ օդային տարածքը: Նախագահ Թրամփ, Սթիւ Ուիթքոֆ եւ նախագահի խորհրդականները բանակցած են փոխանակման մը շուրջ, որ ռուսերուն կողմէ բարի կամքի դրսեւորում է եւ նշան, թէ մենք կը շարժինք ճիշդ ուղղութեամբ` դադրեցնելու Ուքրանիոյ մէջ դաժան եւ սարսափելի պատերազմը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆոկըլի հետ եւ նշեց, որ Ռուսիան յաւելեալ ամերիկացի մը ազատ պիտի արձակէ:
Թրամփ ըսած է, որ Մարք Ֆոկըլի 2,5 տարի ռուսական բանտի մէջ գտնուելէ ետք վերադարձը կը վկայէ Ռուսիոյ «բարի կամքին» մասին` Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի առումով: «Կը կարծեմ, որ ասիկա կրնայ ըլլալ շատ կարեւոր տարր, պատերազմը աւարտելու մեծ մասը», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը:


