Միքաթի – Քաակ Հանդիպում
Միքաթի եւ Քաակ Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցութիւնը անհրաժեշտ են, յատկապէս այս հանգրուանին, երբ շրջանը ճգնաժամի մէջ է: Միքաթի կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին...

















