
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ներկայ գտնուեցաւ իր նախագահած կուսակցութեան պատասխանատուներէն Սամի Մարրուշի մահուան Ա. տարելիցին առիթով կազմակերպուած յիշատակի ձեռնարկին:
Իր խօսքին մէջ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Մարրուշ մնայուն կերպով առաջնակարգ դիրքի վրայ էր վտանգներուն դիմաց եւ ան կը հաւատար Քամալ Ժոմպլաթի ուղեգիծին ու անոր մղած պայքարի ճշդութեան:
«Մարրուշ Ալէյը պաշտպանող անծանօթ զինուորն էր. ան մնայուն կերպով տառապեցաւ Ալէյի հարցերով եւ անոնցմէ շատերուն կրցաւ լուծումներ գտնել: Ան հանդարտ, հաւատարիմ եւ ստեղծագործ անձնաւորութիւն մըն էր: Մենք կը ցաւինք անոր կորուստին համար եւ կը հաւատանք, որ անոր նահատակութեան շուրջ հետաքննութիւնը պիտի կարենայ բացայայտել անոր սպանութեան ծալքերը», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին ընդմէջէն յայտնած էր, թէ ինք յարմար պահուն պիտի հրաժարի երեսփոխանի իր պաշտօնէն, բացի եթէ պահանջուածը իր յուղարկաւորութեան արարողութիւնն է: