Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անուղղակիօրէն «Հաղորդագրութիւն Թիւ 2»-ի Պատգամ Փոխանցելով. Սէյիտ Նասրալլա . «Մեր Օրինական Իրաւունքն Է Պաշտպանել Մեզ Եւ Հակադարձել Իսրայէլի»

Յունուար 31, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սէյիտ Հասան Նասրալլա
Սէյիտ Հասան Նասրալլա

«Այլեւս հետաքրքրուած չենք այսպէս կոչուած «բախումի կանոններով», եւ մեր  օրինական իրաւունքն է պաշտպանել մեզ եւ հակադարձել իսրայէլեան յարձակումներուն», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ, Քնայթրայի իսրայէլեան յարձակման զոհերու յիշատակին կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին:

«Պատասխանեցինք այնպէս, ինչպէս յարձակեցան` օր ցերեկով, հրթիռով, զինուորական փոխադրակառքերու դէմ» եւ անմիջապէս յայտարարեցինք եւ ստանձնեցինք գործողութիւնը, ըսաւ Նասրալլա` բաղդատական մը կատարելով իսրայէլեան Քնայթրայի յարձակումին եւ Մազարեհ Շեպաայի գործողութեան միջեւ: Ան բուռն կերպով քննադատեց Իսրայէլի եւ անոր դաշնակիցներուն ոտնձգութիւններն ու պատերազմական դիտաւորումները: Տասնամեակներէ ի վեր մեր շրջանին մէջ Իսրայէլ անունով «քաղցկեղ» կայ, ընդգծեց Նասրալլա` քննադատելով նաեւ «անոր դաշնակից ՏԱՀԵՇ-ն ու Ժապհաթ Նուսրան, որ Հարաւի նոր Լահտի շարժումն է»: Նասրալլա խիստ զօրաւոր դիրքէ արտայայտուեցաւ` ուղղակիօրէն ազդարարելով եւ սպառնալով, որ Հըզպալլա լուռ պիտի չմնայ իր անդամներէն ոեւէ մէկուն դէմ կատարուելիք որեւէ թշնամական քայլի դէմ:

Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքին մէջ իր յարգանքի ու ակնածանքի խօսքը յայտնեց Քնայթրայի զոհերուն նկատմամբ` յայտնելով, թէ «կ՛ըմբռնէ անոնց հարազատներուն ցաւը»: «Ես ալ հայր եմ ու մեկուսի պահերու մէջ ե՛ս ալ լացի», խոստովանեցաւ Նասրալլա` ակնարկելով իր զաւկին` Հատի Նասրալլայի նահատակութեան, Իսրայէլի դէմ կատարուած գործողութեան մը ընթացքին:

Նշենք, որ Նասրալլայի պատկերասփռուած ելոյթին պահուն, ցնծութեան սաստիկ կրակոցներ լսուեցան Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մերձակայքի մէջ: Ըստ կարգ մը լրատուական աղբիւրներու, յիշեալ կրակոցներուն պատճառով վնասուած են կարգ մը ինքնաշարժներ` մօտակայ թաղամասերուն մէջ:

Նախորդը

Լիբանան ՄԱԿ-ի Մէջ Բողոք Ներկայացուց Իսրայէլի Դէմ

Յաջորդը

Հակառակ Բացասական Մտահոգիչ Ազդանշաններու . Լիբանանի Կայունութեան Ամրապնդումը` Հրամայական Պահանջ

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?