Լիբանանեան

Բանակը Պաալպեքի Մէջ  Կատարեց Ձերբակալումներ

Բանակը Պաալպեքի Մէջ Կատարեց Ձերբակալումներ

Լիբանանեան բանակը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ներխուժումներ կատարեց Պաալպեքի եւ յատկապէս Շարաուինա թաղամասին մէջ, ուր ան գրաւեց «Քիա» տիպի ինքնաշարժ մը, որ թիւ չէր կրեր եւ որուն մէջ կը գտնուէր զէնք ու զինամթերք: Բանակը ձերբակալեց երեք սուրիացիներ, որոնք են` Մոհամետ Հմայտի, Համատէ Հմայտի եւ Եուսեֆ Հմայտի, ինչպէս նաեւ լիբանանցի Ապպաս Շերիֆ: Բանակը երեկոյեան ռմբակոծեց արեւելեան լեռնաշղթան:

Զօր. Փորթոլանօ Նախագահեց  Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստին

Զօր. Փորթոլանօ Նախագահեց Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստին

Երէկ առաւօտեան Ռաս Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմանի զինուորական հանդիպում մը` լիբանանցի եւ իսրայէլացի սպաներու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ, նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոյի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան 28 յունուարի դէպքերը, որուն շրջագիծին մէջ ընդգծուեցաւ շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Ներկաները շեշտեցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու կարեւորութիւնը` դատապարտելով արձանագրուած ցամաքային եւ օդային ոտնձգութիւնները:...

Առեւանգուած Բանակայիններուն  Ընտանիքները Այցելեցին Ապպաս Իպրահիմի

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Այցելեցին Ապպաս Իպրահիմի

Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց անոնց թղթածրարը: Հանդիպումէն ետք ընտանիքները հաստատեցին, որ իրենց մտահոգութիւնները փարատած են, որովհետեւ իմացած են, թէ Իպրահիմ անձամբ կը հետապնդէ իրենց զաւակներուն թղթածրարը: Անոնք աւելցուցին, որ իրենք կը վստահին Ապպաս Իպրահիմի, որովհետեւ ան անկեղծութեամբ եւ թափանցիկութեամբ կը գործէ: «Բանակցութիւնները լուրջ ընթացքի մէջ են,...

«Դամասկոսի Մէջ Ուխտաւորներու  Փոխադրատարը Թիրախ Դարձնելը  Հըզպալլային Ուղղուած Պատգամ Մըն Է»  Կ՛ըսէ Ապու Մալեք Թալլի

«Դամասկոսի Մէջ Ուխտաւորներու Փոխադրատարը Թիրախ Դարձնելը Հըզպալլային Ուղղուած Պատգամ Մըն Է» Կ՛ըսէ Ապու Մալեք Թալլի

Ժապհաթ Նուսրայի Քալամունի էմիր Ապու Մալեք Թալլի երէկ յայտնեց, որ Դամասկոսի մէջ ուխտաւորներու փոխադրատարը Ապու Իզ Անսարիի կողմէ թիրախ դարձնելը Հըզպալլային ուղղուած պատգամ մըն է, նկատի ունենալով, որ անիկա կը փոխադրէր Իրանի կուսակցութեան անդամներ: Ապու Մալեք Թալլի նշեց, որ անիկա պատասխան է բոլոր անոնց, որոնք սիւննի յարանուանութեան դէմ յարձակումներ կը գործեն: Միւս կողմէ,  քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Դամասկոսի մէջ լիբանանցի...

Նաժժար. «Հըզպալլա Պէտք Է  Ենթարկուի Թիւ 1701 Բանաձեւին»

Նաժժար. «Հըզպալլա Պէտք Է Ենթարկուի Թիւ 1701 Բանաձեւին»

Նախկին նախարար Իպրահիմ Նաժժար յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ վերջերս կատարուած այդ յայտարարութիւնները, թէ Իսրայէլի հետ ճակատումի կանոնները փոխուած են, ոչ մէկ ձեւով առնչուած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին: Այս շրջագիծին մէջ ան հաստատեց, որ Հըզպալլա պէտք է ենթարկուի թիւ 1701 բանաձեւին` աւելցնելով, որ այդ բանաձեւին գծով որեւէ որոշում կամ փոփոխութիւն վերապահուած է լիբանանեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր չեղեալ նկատեց ատամնաբուժ Ֆ. Ս.-ի բժշկութեան վկայականը եւ զայն արգիլեց իր աշխատանքը շարունակելէ` նկատի ունենալով անոր գործած սխալները: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Քարամէ շնորհակալութիւն յայտնեց Հարիրիին, որ ցաւակցած էր Օմար Քարամէի մահուան սուգին առիթով: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի...

Հըզպալլա-Մուսթաքպալ Երկխօսութեան  Հինգերորդ Նիստը Մերժեց Որեւէ Առիթի Կրակելը

Հըզպալլա-Մուսթաքպալ Երկխօսութեան Հինգերորդ Նիստը Մերժեց Որեւէ Առիթի Կրակելը

Երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցաւ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան հինգերորդ նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ, նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդական Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, երեսփոխան Սամիր Ժսըր, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ: Նիստէն...

Ժիրօ Պաշտօնական Երկրորդ  Այցելութեամբ Հասաւ Լիբանան

Ժիրօ Պաշտօնական Երկրորդ Այցելութեամբ Հասաւ Լիբանան

Ժիրօ - Սալամ հանդիպումէն պահ մը Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերու գրասենեակի տնօրէն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ պատուիրակ Ֆրանսուա Ժիրօ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին շրջագիծին մէջ պաշտօնական երկրորդ այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան: Ժիրօ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիի: Հանդիպումէն ետք Ժիրօ բաւարարուեցաւ...

Պէյրութի Նաւահանգիստի  Դ. Նաւամատոյցը  Փակելու Դէմ Նստացոյցը  Ժամանակաւորապէս Կասեցուած Է

Պէյրութի Նաւահանգիստի Դ. Նաւամատոյցը Փակելու Դէմ Նստացոյցը Ժամանակաւորապէս Կասեցուած Է

Պէյրութի նաւահանգիստի Դ. նաւամատոյցը փակելու թղթածրարը երէկ քննարկուեցաւ Պքերքէի մէջ` ներկայութեամբ մարոնի համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոսին, կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապի, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի, Մարատա հոսանքի, Ազգային ազատ հոսանքի, Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչներուն ու Բեռնատարներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Նայիմ Սաուայայի: Նիստէն ետք Ապու Սաապ յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է նստացոյցին վերջ տալու` իբրեւ հարցը լուծելու իմաստով...

Փայտի Գործարանի Մը Մէջ  Բռնկած Է Հսկայ Հրդեհ Մը

Փայտի Գործարանի Մը Մէջ Բռնկած Է Հսկայ Հրդեհ Մը

Ներքին գործոց նախարարութեան քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ երէկ կէսօրին Տըքուանէի «Խալիլ Մաթար» փայտի գործարանին մէջ բռնկած է հրդեհ մը, որ կարելի չեղաւ հակակշիռի տակ առնել: Հրդեհին պատճառով վիրաւորուած են 7 աշխատաւորներ, իսկ գործարանի պաշտօնեաներէն Ապտալլա Ապի Ամին անյայտ կորսուած է:

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում  Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան`  Ստանձնելու Պէյրութի  Դ. Նաւամատոյցին Թղթածրարը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան` Ստանձնելու Պէյրութի Դ. Նաւամատոյցին Թղթածրարը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Նիստէն ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի պաշտօնէութեան հարցին լուծման հսկած է Ռապիէն` նշելով, որ անիկա լաւ ելք մըն է եւ պէտք է յանձնառու մնալ անոր` իրագործելով բարեկարգումներն ու պաշտօնեաներուն իրաւունքները: Ժրայսաթի յայտնեց, որ համախմբումը կոչ կ՛ուղղէ կառավարութեան`...

Ժոմպլաթ Ընդունեց Առեւանգուած  Բանակայիններուն Ընտանիքները

Ժոմպլաթ Ընդունեց Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց անոնց զաւակներուն թղթածրարին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով Հիւսէյն Եուսեֆ յայտնեց, որ իրենց յայտարարութիւնը պիտի կատարուի Ռիատ Սոլհ հրապարակէն: Ուղղուելէ ետք Ռիատ Սոլհ հրապարակ` Եուսեֆ նշեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան իրենց լռութեան եւ կասեցուցած են ամէն տեսակի մագլցողական...

Ռայի Պատրիարքը Ժիրոյին  Յաջողութիւն Կը Մաղթէ

Ռայի Պատրիարքը Ժիրոյին Յաջողութիւն Կը Մաղթէ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ, նախքան Հռոմ մեկնիլը, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն յաջողութիւն մաղթեց ֆրանսացի պատուիրակ Ֆրանսուա Ժիրոյին, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին լուծում մը գտնելու նպատակով կ՛այցելէ Լիբանան: Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց Դամասկոսի մէջ լիբանանցի ուխտաւորներ թիրախ դարձնելու քայլին համար` շեշտելով, որ քաղաքացիներուն կեանքին սպառնացող որեւէ վտանգ դատապարտելի է եւ աշխարհը այս ձեւով` վայրագութեամբ, բռնարարքներով, պատերազմով եւ քանդումով չի...

Բանակը Ռաս Պաալպեքի  Իր Դիրքերը Ամրապնդեց

Բանակը Ռաս Պաալպեքի Իր Դիրքերը Ամրապնդեց

Լիբանանեան բանակը ամրապնդեց Ռաս Պաալպեքի իր դիրքերը, այնպէս մը, որ այլեւս ահաբեկիչները ոչ մէկ ճամբայ ունին Լիբանան ներխուժելու: Նշենք, որ բանակը ամէնօրեայ դրութեամբ կը ձախողեցնէ ահաբեկիչներուն կողմէ Լիբանան մուտք գործելու փորձերը:

Մուսթաքպալ Պլոքը Խստիւ  Քննադատեց Դամասկոսի Պայթումը

Մուսթաքպալ Պլոքը Խստիւ Քննադատեց Դամասկոսի Պայթումը

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտուեցաւ Դամասկոսի մէջ ուխտաւորներու փոխադրատար մը պայթումի թիրախ դարձնելու արարքը: Միւս կողմէ, պլոքը անդրադարձաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւններուն` նշելով, որ անոր կողմէ ճակատումի կանոնները փոփոխութեան ենթարկելու մասին խօսքերը կը շրջանցեն լիբանանցիներուն կամքը եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւէն ուղղակի շեղելու փորձ կը նկատուին: Մուսթաքպալ պլոքը...

Մաշնուք. «Շատի Մաուլաուի  Տակաւին Այն Հելուէի Մէջ Է»

Մաշնուք. «Շատի Մաուլաուի Տակաւին Այն Հելուէի Մէջ Է»

Շատի Մաուլաուի Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ շեշտեց, որ ահաբեկիչ Շատի Մաուլաուի տակաւին Այն Հելուէ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ ան կը գտնուի Ահմետ Ասիրի եւ Նայիմ Ապպասի հետեւորդ ահաբեկիչներուն, ինչպէս նաեւ Ապտալլա Ազզամ փաղանգներուն ընկերակցութեամբ: Միւս կողմէ, Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Գերմանիոյ փոխվարչապետը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ շաբաթ, 14 փետրուար 2015-ին, պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 10-րդ տարելիցին առիթով: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Գահիրէի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին ընդգծուեցաւ լիբանանեան-եգիպտական պատմական յարաբերութիւնները ամրապնդելու...

Պըրրի Քաակի Հետ Քննարկեց Թիւ 1701 Բանաձեւը  Գործադրելու Յանձնառու Մնալու Կարեւորութիւնը

Պըրրի Քաակի Հետ Քննարկեց Թիւ 1701 Բանաձեւը Գործադրելու Յանձնառու Մնալու Կարեւորութիւնը

Քաակ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Քաակ յայտնեց, որ մանրամասնօրէն քննարկած է հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը եւ ընդգծած Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը: Քաակ նշեց, որ քննարկած են նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակը, որուն...

Մինչ Լիբանան Հողին Կը Յանձնէ  Իր Նահատակ Ուխտաւորները,  Սուրիա ՄԱԿ-ին Մօտ Կը Բողոքէ

Մինչ Լիբանան Հողին Կը Յանձնէ Իր Նահատակ Ուխտաւորները, Սուրիա ՄԱԿ-ին Մօտ Կը Բողոքէ

Դամասկոսի մէջ ահաբեկչութեան թիրախ դարձած նահատակ ուխտաւորները երէկ յանձնուեցան հողին: Հարաւային արուարձաններուն մէջ կատարուեցան հինգ բազմամարդ յուղարկաւորութիւններ: Նահատակ Մոհամետ Հասան Այուպի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Թայունէի մէջ, իսկ Մոհամետ Ահմետ Մըքտատի յուղարկաւորութիւնը` Ուզահիի մէջ: Պըրժ Պարաժնէի մէջ Քասեմ Հաթում յանձնուեցաւ հողին, իսկ շէյխ Մեհտի Եուսեֆ Մըքտատ` Ղպէյրիի մէջ: Պաալպեքի մէջ կատարուեցաւ Ալի Պլուքի յուղարկաւորութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ, այաթոլլա...

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց  ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Հրամանատարը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Հրամանատարը

Զօր. Փորթոլանօ եւ վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը: Հանդիպումէն ետք Փորթոլանօ յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն գործած շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւն կը տիրէ, եւ իրենք կրցած են կացութիւնը հակակշռել: Զօր. Փորթոլանօ ընդգծեց, որ երկու կողմերը պէտք է ինքնազսպումի...

Page 975 of 985 1 … 974 975 976 … 985

Արխիւներ