Արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ երէկ ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի ներկայացուցիչ դեսպան Նաուաֆ Սալամէն պահանջեց պաշտօնապէս բողոք ներկայացնել ՄԱԿ-ի մօտ` իսրայէլեան յարձակումներուն եւ յատկապէս Մազարեհ Շեպաայի գործողութեան ընթացքին անոր ոտնձգութիւններուն դէմ, որոնք հիմնովին կը խախտեն ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի տրամադրութիւնները: Իր բողոքագիրին մէջ Լիբանան ՄԱԿ-էն պահանջեց հետաքննութիւն բանալ ՖԻՆԻՒԼ-ի սպանական միաւորի զինուորին նահատակութեան գծով: