Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շեպաայի Գործողութեան Վաղորդայնին. Ներքին Ճակատի Ամրապնդումն Ու Անդորրութիւնը Կեցուածքներու Առանցքը Կազմեց

Յունուար 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

12915_united-nations18 յունուարին Քնայթրայի իսրայէլեան յարձակումէն տասը օր ետք` 28 յունուարին Շեպաայի գործողութիւնը, իր հետեւանքներով, պատգամներով ու հեռանկարներով իր վրայ կեդրոնացուց տեղական, շրջանային ու միջազգային առնչակից եւ մտահոգ կողմերու ուշադրութիւնը: Դրսեւորուած բոլոր կեցուածքներուն մէջ հասարակ յայտարարի հրամայականն էր` Լիբանանի ներքին անդորրութեան պահպանումը: Ներքին ճակատի վրայ անիկա նախարարաց խորհուրդի օրակարգի յիսուն կէտերէն դուրս` իբրեւ արտակարգ օրակարգի նիւթ, արծարծուեցաւ ու քննարկուեցաւ դահլիճի նիստին, ուր ժողովականները միաձայնութեամբ իրենց նախանձախնդրութիւնը յայտնեցին լիբանանեան ներքին ճակատի ամրապնդման, համերաշխութեան ու անդորրութեան պահպանման նկատմամբ` կառչած մնալով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի տրամադրութեանց:

12915_AMINE_GEMAYEL12915_JumblattՆմանապէս լիբանանեան քաղաքական, կուսակցական թէ այլ կողմեր ու մարմիններ յատուկ յայտարարութիւններով թէ հաղորդագրութիւններով ողջունեցին Հըզպալլայի այս գործողութիւնը` իբրեւ բնական հակազդեցութիւն եւ ինքնապաշտպանութեան օրինական քայլ: Այդ կեցուածքները նոյնպէս շեշտեցին ներքին համերաշխութեան ու անդորրութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը` կանխարգիլելու համար «պղտոր ջուրի մէջ որսալ» փորձող որեւէ ոտնձգութիւն, որ կրնայ առիթէն օգտուելով խաթարել երկրին կայունութիւնը: Այս գծով նախկին նախագահ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ խիստ կարեւոր նկատեց ներքին ապահովութեան կայունութիւնն ու համերաշխութիւնը` վերահաստատելով, որ կառչած կը մնայ  ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի տրամադրութեանց: Այս գծով Ժեմայէլ կապ պահեց Սպանիոյ դեսպանին հետ` իր ցաւակցութիւնը յայտնելով Շեպաայի գործողութեան իբրեւ հակազդեցութիւն իսրայէլեան ռմբակոծումին զոհ գացած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու սպանական միաւորի զինուորին համար: Նմանապէս, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «ճարպիկ քայլ» որակեց Հըզպալլայի այս գործողութիւնը` երկրորդելով ներքին անդորրութեան ամրապնդման կոչերը, առանց սակայն ծածկելու իր մտավախութիւնները, թէ` «Լիբանան կը գտնուի վտանգաւոր հանգրուանի մը սեմին»: Այս գծով ան իր կեցուածքները շեշտակիօրէն պիտի դրսեւորէ, մօտերս Ալէյի մէջ կազմակերպուելիք հանդիսութեան մը ընթացքին, ուր ան հաւանական է նաեւ, որ խորհրդարանէն իր հրաժարումը յայտարարէ:

Ըստ դէտերու, Շեպաայի գործողութիւնը Քնայթրայի յարձակման պատշաճ պատասխանն էր, որ Շեպաայի գրաւեալ հողերէն կատարուած ըլլալով կու գայ մէկէ աւելի պատգամներ փոխանցելու նախ եւ առաջ ապահովական կացութեան վատթարացման հաւանականութեամբ մտահոգ լիբանանցիներուն եւ պատգամ` Իսրայէլի: Այս մասին բոլորին հայեացքները սեւեռած են այսօր, ուրբաթ Քնայթրայի յարձակման զոհերուն ի յիշատակ տեղի ունենալիք հանդիսութեան, ուր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը իր խօսքին մէջ գլխաւորաբար թիրախ պիտի ունենայ Իսրայէլն ու անոր հանրային կարծիքը:

Նախորդը

Դիւանագիտական Զօրաշարժ` Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ. Հարաւի Մէջ` Զգուշաւոր Հանդարտութենէն Դէպի Բնականոնացում

Յաջորդը

Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Թոթենհամ – Չելսի Աւարտականը` 1 Մարտին

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?