Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին թուրք դեսպանը շէյխ Հասանին փոխանցեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն նամակ մը, որուն մէջ նշուած էր, թէ թրքական իշխանութիւնները օգոստոս 2014-էն ի վեր ամէն ջանք ի գործ կը դնեն լիբանանցի առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու իմաստով:
Նշենք, որ շէյխ Հասան նախապէս թրքական իշխանութիւններուն նամակ մը յղած էր եւ անոնց օժանդակութիւնը խնդրած` առեւանգուած զինուորներուն տունդարձը ապահովելու նպատակով: