Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Բացասական Մտահոգիչ Ազդանշաններու . Լիբանանի Կայունութեան Ամրապնդումը` Հրամայական Պահանջ

Յունուար 31, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
ԱլաԷտտին Պորուժերտի
ԱլաԷտտին Պորուժերտի

Հակառակ շրջանին մէջ տիրող ապահովական անկայուն իրավիճակին եւ անոր լիբանանեան անդրադարձներուն մտավախութեանց, ինչպէս նաեւ Քնայթրայի յարձակման դէմ Մազարեհ Շեպաայի գործողութեան գծով իսրայէլեան նորագոյն յայտարարութեան, թէ` վերջ գտած է Կոլանի բարձունքներու տասնամեակներու զինադադարն ու վերջին տարիներու համեմատական կայունութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ` Լիբանանի անդորրութեան ու կայունութեան պահպանումը հրամայական անհրաժեշտութիւն նկատուեցաւ տեղական թէ արտաքին մակարդակներու վրայ:

Այս ծիրին մէջ Իրանի խորհրդարանի արտաքին հարցերու եւ ապահովական յանձնախումբի նախագահ ԱլաԷտտին Պորուժերտի շեշտեց իր երկրին նախանձախնդրութիւնը Լիբանանի խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման գծով: Լիբանանի վարիչներուն, յատկապէս` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի տուած իր անջատ այցելութեանց ընթացքին իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը խիստ բարձր գնահատեց Լիբանանի դերն ու վարկը շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ, հակառակ անոր փոքր տարածութեան: Վերահաստատելով Լիբանանի ներքին համերաշխութեան սերտացման ու երկխօսութեան քաջալերման առումով Իրանի զօրակցութիւնը` Պորուժերտի «ներքին հարց» որակեց Լիբանանի նախագահական թղթածրարը: Պորուժերտի լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ հետ Իրանի յարաբերութեանց բարելաւման գծով, ինչ որ իր բարերար անդրադարձը կ՛ունենայ նաեւ լիբանանեան հրապարակին վրայ:

Իսկ Սէուտական «Օքազ» թերթին համաձայն, ամերիկեան կեցուածքը վճռական էր շրջանի, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ պատերազմի վտանգի կանխարգիլման եւ Լիբանանի անդորրութեան պահպանման անհրաժեշտութեան գծով: Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները, նշեալ թերթը յայտնեց, որ պատերազմի բռնկումին պատրոյգը գէթ առայժմ սառեցուած է` միաժամանակ մտավախութիւն յայտնելով, որ Իսրայէլ Մազարեհ Շեպաայի գործողութեան հակադարձէ Հըզպալլայի ղեկավարներու ահաբեկումով` փոխան զինեալ ճակատումի անոր հետ:

Իսկ Ֆրանսացի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն Ժան Ֆրանսուա Ժիրօ յառաջիկայ երկուշաբթի Լիբանան կատարելիք իր կարճատեւ այցելութեամբ, առաւելաբար պիտի արծարծէ Լիբանանի անդորրութեան նպաստող ներքին ազդակները, ինչպէս` նախագահական ընտրութիւնն ու միջլիբանանեան երկխօսութեան քաջալերումն ու զօրակցութիւնը:

Լիբանանի խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդումի հրամայականը առանցքը կազմեց նաեւ Լիբանանի դիւանագիտական խորհրդակցութիւններուն, յատկապէս արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի ունեցած խորհրդակցութեանց ընթացքին Միացեալ Նահանգներու թէ Սուրիոյ դեսպաններ Տէյվիտ Հիլ եւ Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի, ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Ուշագրաւ էր Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի յայտարարութիւնը, թէ Քնայթրայի իսրայէլեան յարձակման գծով  հակադարձութիւնը  պիտի շարունակուի Իսրայէլի եւ անոր գործակից` ՏԱՀԵՇ-ի ու Ժապհաթ Նուսրայի դէմ:

Նաեւ` Տեղական Մակարդակի Վրայ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլա, Քնայթրայի զոհերուն յատուկ հանդիսութեան իր խօսքին մէջ հանգամանօրէն շեշտեց Լիբանանի կայունութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնն ու այս գծով Հըզպալլայի նախանձախնդրութիւնը: «Մենք պատերազմ չենք ուզեր, բայց նաեւ անկէ չենք վախնար», ընդգծեց Նասրալլա` գլխաւորաբար Իսրայէլի եւ անոր դաշնակիցներուն անուղղակիօրէն իր յղած պատգամին մէջ, որ «թիւ երկու հաղորդագրութեան» տպաւորութիւնը թողուց:

Նեժիպ Միքաթի
Նեժիպ Միքաթի

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին շեշտեց Լիբանանի կայունութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը յատկապէս ներկայ հանգրուանին` դիմակալել կարենալու համար հաւանական որեւէ վտանգ: Միքաթի ընդգծեց, թէ Շեպաայի գործողութիւնը չ՛արգելակեր Լիբանանի ներքին անդորրութեան ճիգերը:

Նմանապէս, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ամդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ ներքին երկխօսութեան ճիգերը կը շարունակուին ինչ որ իր բարերար ազդեցութիւնը կ՛ունենայ` խթան հանդիսանալով միահամուռ ճակատով դիմակալելու հաւանական որեւէ վտանգ: Ան իբրեւ օրինակ նշեց Մազարեհ Շեպաայի գործողութիւնը, որ կրնար տարբեր մթնոլորտ ստեղծել,  միջլիբանանեան երկխօսութեան քուլիսային խորհրդակցութիւններուն բացակայութեան: Ըստ Սալհապի, երկխօսութեան շարունակուող ճիգերը Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալի, ինչպէս նաեւ Աուն-Ժահժահ գիծին վրայ, մեծապէս նպաստեցին ներքին ճակատի ամրապնդման  գծով: Երեսփոխան Սալհապ ընդգծեց, որ միջազգային ընտանիքը վճռած է Լիբանանի վիճակը կայուն պահել` հեռու շրջանի ապահովական խախտումներու ժխտական հակազդեցութիւններէն:

Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի պատկերասփռուած յայտարարութեամբ շեշտեց Լիբանանի կայունութեան գծով բոլոր կողմերուն նախանձախնդրութիւնը` դիտել տալով, որ յառաջիկայ հանգրուանին Կոլանի ճակատը պիտի պաշտպանէ Լիբանանը:

Նախորդը

Անուղղակիօրէն «Հաղորդագրութիւն Թիւ 2»-ի Պատգամ Փոխանցելով. Սէյիտ Նասրալլա . «Մեր Օրինական Իրաւունքն Է Պաշտպանել Մեզ Եւ Հակադարձել Իսրայէլի»

Յաջորդը

ՀԱՊԿ-ի Երկիրներու Խաղաղապահ Ուժերու Մեծ Ռազմափորձեր

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?