Ֆրանսայի մէջ արգելափակուած լիբանանցի Ժորժ Ապտալլայի ազատ արձակումը պահանջող եւ անոր դատին զօրակցող շուրջ 200 երիտասարդներ եւ ուսանողներ երէկ ֆրանսական դեսպանատան դիմաց կատարեցին ցոյց մը:
Ցոյցին ընթացքին Ապտալլա Ֆրանսայի իր արգելարանէն ձայնային պատգամ մը յղեց ցուցարարներուն` ողջունելով զանոնք եւ հաստատելով, որ ֆրանսական կայսերապաշտութիւնը կը շարունակէ արաբականութեան դէմ իր թշնամութիւնը եւ կը մերժէ յառաջդիմական որեւէ կեցուածք` նեցուկ կանգնելով Իսրայէլի եւ այլոց:
Ապտալլա շեշտեց, որ բոլորէն պահանջուած է իրենց զօրակցութիւնը յայտնել Դիմադրութեան:
Ապտալլայի ազատ արձակումը պահանջող միջազգային արշաւի պատասխանատու Հասան Սապրա յայտնեց, որ 26 փետրուար 2015-ին տեղի պիտի ունենայ այլ ցոյց մը, այն պահուն, երբ նախատեսուած է ֆրանսական դատական իշխանութիւններուն կողմէ Ապտալլայի հարցին առումով վճիռ արձակել: