
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին` ներկայութեամբ Մահմուտ Պըրրիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Պըրրի ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որուն հետ քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի գործած շրջանին մէջ մագլցումները կանխարգիլելու հեռանկարները:
Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ վերջերս արձանագրուած զարգացումները, որոնց լոյսին տակ նահատակուած էր սպանացի զինուոր մը:
Զօր. Փորթոլանօ շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիի` ՖԻՆԻՒԼ-ին նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար եւ շեշտեց, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կեդրոնացումը կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վրայ` գործակցութեամբ լիբանանեան բանակին:
Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ղազի Արիտի եւ Ժողովրդային պլոքի նախագահ, նախկին նախարար Էլի Սքաֆ:
ՆՇԵՆՔ, որ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին համաձայն, ֆրանսացի պատուիրակ Ֆրանսուա Ժիրօ այսօր պիտի այցելէ Պէյրութ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան պետերուն եւ երկրին պատասխանատուներուն հետ` շարունակելու համար նախագահական ընտրութեան թղթածրարին քննարկումը: