Դիւանագիտական Զօրաշարժ` Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ. Հարաւի Մէջ` Զգուշաւոր Հանդարտութենէն Դէպի Բնականոնացում
Շեպաայի գործողութենէն ետք զգուշաւոր հանդարտութիւն տիրեց հարաւային Լիբանանի յատկապէս սահմանամերձ շրջաններուն մէջ: Սակայն պատկան պատասխանատուներու հանգստացնող յայտարարութիւններուն լոյսին տակ կացութիւնը հետզհետէ կը թուի բնականոն ընթացք ստանալ: Փաստօրէն շրջանի դպրոցները սովորական կերպով շարունակած են դասընթացքները, նաեւ շուկաները սովորական վիճակ պարզած են: Աւելի՛ն` շրջանի բնակչութիւնը հպարտ ու զօրակցական կեցուածքներով ողջունեց Շեպաայի գործողութիւնը: Այս գծով երէկ շարունակուեցան զօրակցական ողջոյնի կեցուածքները տեղական թէ արտաքին...


















