
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց, որ Հըզպալլա Իսրայէլի դէմ խաղի նոր օրէնքներ պարտադրած է` նկատել տալով, որ Հըզպալլա աւելի յանդուգն դարձած է:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Լիպըրման շեշտեց, որ Կազայի դէմ չորրորդ գործողութիւն մը անխուսափելի է, այնպէս ինչպէս Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք երրորդ պատերազմը: