Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոսի Մէջ. Լիբանանցի Ուխտաւորներ Ահաբեկչութեան Թիրախ Դարձան

Փետրուար 2, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

20215_bus_blast«Հիւսէյնի սիրահարներ» միութեան կազմակերպութեամբ Հարաւային արուարձաններէն, Մշարրաֆիէէն եւ հարաւային Լիբանանէն լիբանանցի ուխտաւորները Դամասկոս փոխադրած  փոխադրատար մը երէկ Քալլասա շրջանին մէջ թիրախ դարձաւ ահաբեկչութեան:

Սայիտա Ռուքայա ուխտատեղի այցելած եւ ապա դէպի Սայիտա Զէյնապի ուխտատեղին ուղղուող փոխադրատարը, որ կանգնած էր Համիտիէի շուկային մուտքին գտնուող կառատան մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին պայթեցաւ` պատճառելով 6 զոհեր եւ վիրաւորելով 22 ուրիշներ:

Պայթումին մասին արձանագրուեցան երկու վարկածներ, որոնցմէ առաջինին համաձայն, փոխադրատարին տակ ական մը կպցուած է, երբ ան կառատան մէջ կանգնած է, եւ անիկա պայթած է, երբ կառատունէն շարժելով հասած է Դամասկոսի Քալլասա շրջանը:

Միւս կողմէ, սակայն, Ժապհաթ Նուսրա «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին ընդմէջէն ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը` շեշտելով, որ այդ գործողութիւնը կատարած է անձնասպանական գործողութեան հեղինակ Ապուլ Իզ Անսարի, եւ հրապարակեց անոր լուսանկարը:

Ապուլ Իզ Անսարի
Ապուլ Իզ Անսարի

Պայթումին զոհ գացած լիբանանցիներն են. Մոհամետ Հասան Այուպ, Ալի Ապպաս Պլուք, Շատի Հումանի, Քասեմ Հաթում, շէյխ Մեհտի Մըքտատ եւ անոր օգնականը` Մոհամետ Մըքտատ:

Երեկոյեան ուխտաւորներուն մէկ մասը վերադարձաւ Լիբանան, բացի անոնցմէ, որոնք ծանրօրէն վիրաւորուած էին եւ վիրահատումի կարիք ունէին:

Կը նախատեսուէր, որ ուշ գիշերին զոհերուն դիակները եւս փոխադրուէին Պէյրութ:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ խստիւ դատապարտեց լիբանանցի ուխտաւորներուն դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը` զայն նկատելով անարգ ոճիր մը:

Ան նշեց, որ այդ գործողութիւնը կրօնի հետ ոչ մէկ կապ ունի:

Վարչապետը ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն եւ ընդգծեց, որ ազգային ամրապնդուած միասնականութեամբ կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել սեւ ահաբեկչութիւնը եւ պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Նախկին նախագահ Միշել Սլէյման դատապարտեց գործողութիւնը` շեշտելով, որ ահաբեկչութիւնը բոլորին թշնամին է եւ անոր դէմ պայքարիլը բոլորին պատասխանատուութիւնն է:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա դատապարտեց լիբանանցի ուխտաւորները ահաբեկչութեան թիրախ դարձուցած արարքը` շեշտելով, որ այդ արարքը ծրագրած ահաբեկիչը կը ծառայէ սուրիական վարչակարգին շահերուն:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նշեց, որ Դամասկոսի մէջ պատահածը տխուր է, ինչպէս նաեւ տխուր է արաբ ազգին վիճակը, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը թիրախ կը դարձնէ անոր զաւակները, որոնք կը փափաքին այցելել իրենց մարգարէին շառաւիղներուն ուխտատեղիները:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան դատապարտեց գործողութիւնը` շեշտելով, որ անիկա իմացականութեան եւ կրօնի հետ ոչ մէկ կապ ունի:

Ան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարութիւնը դատապարտեց ահաբեկչական այս գործողութիւնը` զայն նկատելով քստմնելի արարք մը, որ կը փաստէ Իսրայէլի ծառայող ահաբեկիչներուն էութիւնը:

Ամալ շարժումը դատապարտեց Դամասկոսի պայթումը` շեշտելով, որ ժամանակն է արդէն բոլորին ուժերը մէկտեղելու եւ ամէն տեսակի հաւատադրժողականութեան դէմ պայքարելու:

 

Նախորդը

Պըրրի Փաուլիի Եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Հարցերը

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Մասնակցած Է Ս. Սարգիսի Տօնը Երիտասարդներու Օրհնութեան Օր Հռչակելու Առիթով Տօնակատարութեան

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?