Զօր. Աուն. «Մենք Բոլորս Բանակ Ենք Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Եւ Դիմադրութիւն Ենք` Իսրայէլի, Հաւատադրժողականներուն Եւ Ահաբեկիչներուն Դէմ»
Զօր. Միշել Աուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպած 14 մարտ 1989-ին մղուած Ազատագրութեան պատերազմին նուիրուած ձեռնարկի մը, որուն ընթացքին ան կոչ ուղղեց բոլորին նոր էջ մը բանալու` մօտիկ եւ հեռաւոր անցեալի փորձառութիւններէն դասեր քաղելով: Զօր. Աուն կոչ ուղղեց բոլորին իրարու հետ ձեռք թօթուելու եւ միասնաբար գործելու` կանխարգիլելու...

















