Լիբանանեան

Պըրրի Խորհրդարանի Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի Մը

Պըրրի Խորհրդարանի Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 17 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին` քննարկելու համար պետական դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ պետական հաստատութիւններու պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումները:

Մաշնուք. «Լիբանան Կարիքը Ունի Միջարաբական  Համախոհութեան` Ինքզինք  Շրջակայ Հրդեհներէն Փրկելու Համար»

Մաշնուք. «Լիբանան Կարիքը Ունի Միջարաբական Համախոհութեան` Ինքզինք Շրջակայ Հրդեհներէն Փրկելու Համար»

Նուհատ Մաշնուք Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք իր մասնակցութիւնը բերաւ արաբ ներքին գործոց նախարարներու 32-րդ նիստին, որ տեղի ունեցաւ Ալճերիոյ մէջ: Ան շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի միջարաբական համախոհութեան` ինքզինք շրջակայ հրդեհներէն փրկելու համար: Այս շրջագիծին մէջ Մաշնուք լուսարձակի տակ առաւ եգիպտական-սէուտական համաձայնագիրը, որ տասնեակ տարիներու ընթացքին պահպանած է Լիբանանի կայունութիւնը, նախքան Սուրիոյ մէջ բռնկած հրդեհը: Մաշնուք շեշտեց, որ հիմնականին...

Բանակին Եւ Քաղաքացիներուն Շարքերուն Մէջ  Արձանագրուած  Նահատակներուն Թափած Արիւնը  Սակարկութեան Կարելի Չէ Ենթարկել

Բանակին Եւ Քաղաքացիներուն Շարքերուն Մէջ Արձանագրուած Նահատակներուն Թափած Արիւնը Սակարկութեան Կարելի Չէ Ենթարկել

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ կարգ մը լրատուամիջոցներ շրջանառութեան մէջ դրած են այնպիսի լուրեր, թէ բանակը համաձայնութիւններ կը գոյացնէ դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործ Ֆատըլ Շամանտարի (ծանօթ` Ֆատըլ Շաքեր անունով) շուրջ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բանակի հրամանատարութիւնը այս մասին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացած է կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ, «սակայն պէտք է նշել, որ բանակին...

Լոտրիան Ապրիլի Երկրորդ  Կիսուն Պիտի Այցելէ Լիբանան

Լոտրիան Ապրիլի Երկրորդ Կիսուն Պիտի Այցելէ Լիբանան

Ժան Իվ Լոտրիան Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ Լոտրիան ապրիլի երկրորդ կիսուն պիտի այցելէ Լիբանան` բանակին յանձնելու համար զէնքի եւ զինամթերքի առաջին մասնաբաժինը` Ռիատի եւ Փարիզի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին շրջագիծին մէջ: Լոտրիան յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք զէնքերը, որոնք ուղղաթիռներ, յածանաւեր, հրթիռներ, հաղորդակցութեան սարքեր եւ ծանր հրետանի են պիտի յանձնուին երեք տարուան ընթացքին, որպէսզի զէնքի արտադրութեան առիթ ըլլայ, ինչպէս նաեւ...

Ֆայեզ Ղոսըն. «Բանակը Պիտի Մնայ Ամուր`  Լիբանանցիներուն Զօրակցութեան  Եւ Հաւատքին Պատճառով»

Ֆայեզ Ղոսըն. «Բանակը Պիտի Մնայ Ամուր` Լիբանանցիներուն Զօրակցութեան Եւ Հաւատքին Պատճառով»

Ֆայեզ Ղոսըն Պաշտպանութեան նախկին նախարար Ֆայեզ Ղոսըն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը ամուր պիտի մնայ` լիբանանցիներուն զօրակցութեան եւ հաւատքին շնորհիւ: Ղոսըն խստիւ դատապարտեց այն յայտարարութիւնները, թէ բանակը համաձայնութիւն պիտի գոյացնէ իր նահատակներուն հաշուոյն` աւելցնելով, որ զղջումը չի ջնջեր այն իրականութիւնը, որ մարդիկ բանակին դէմ յայտարարութիւններ կատարած են եւ յարձակումներ գործած: Այս առումով Ղոսըն բարձր գնահատեց նման համաձայնութիւններն ու սակարկութիւնները մերժող բանակի...

Պասիլ. «Շրջանին Մէջ Ոչ Ոք Կրնայ  Ուրիշը Ջնջել, Բացի Եթէ ՏԱՀԵՇ-Ին Նման Է»

Պասիլ. «Շրջանին Մէջ Ոչ Ոք Կրնայ Ուրիշը Ջնջել, Բացի Եթէ ՏԱՀԵՇ-Ին Նման Է»

Պասիլ, Սպանիոյ դեսպանը եւ Էխհորեսթ Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի կարեւորութիւնը անոր բազմազանութեան մէջ չէ, որովհետեւ շրջանին մէջ կան նաեւ այլ երկիրներ, որոնք բազմազան են, «հետեւաբար Լիբանանի կարեւորութիւնը անոր իսլամ եւ քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն միջեւ հաւասարութեան մէջ է», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ Լիբանանի օրինակին պահպանումը աշխարհի մեծագոյն մարտահրաւէրն է: Պասիլ հաստատեց, որ Արեւմուտքը նաեւ շահագրգռուած է Լիբանանի մէջ...

Իրանեան Դեսպանատունը Ահաբեկչական Նոր Գործողութեան Թիրա՞խ

«Նահար» օրաթերթին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերը երկու օր առաջ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ձերբակալեցին Ֆաթիմա Խալետ անունով կին մը, որ Ապտալլա Ազզամ փաղանգներուն անդամ է եւ կը գործակցի Քալամունի մէջ գտնուող շէյխ Սրաժէտտին Զրէյքաթի հետ: Խալետ խոստովանած է, որ ինք անձնասպանական գործողութեամբ մը  Պիր Հասանի իրանեան դեսպանատունը ահաբեկչական գործողութեան թիրախ պիտի դարձնէր: Նշենք, որ Խալետ փնտռուած էր նաեւ լիբանանեան բանակի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Ապու Տապիէն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն կարելի պիտի չըլլայ հաստատել, առանց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Սինիորայի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց  Ղովմի Կուսակցութեան Եւ Լիբանանեան  Ուժերու Սրբագրական Շարժումի  Պատուիրակութիւններն Ու  Նախարար Ալեն Հաքիմը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ղովմի Կուսակցութեան Եւ Լիբանանեան Ուժերու Սրբագրական Շարժումի Պատուիրակութիւններն Ու Նախարար Ալեն Հաքիմը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասսատ Հարտան, քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ալի Քանսօ, երեսփոխան Մարուան Ֆարես, Ղասսան Աշքար, Ուաէլ Հասանիէ, Քայսար Օպէյտ, Մաան Համիէ, Քասեմ Սալեհ, Նեժիպ Խնայսեր, Սըմաան Խարրաթ եւ Անթուան Եազպեք: Հանդիպումէն...

Պըրրի Զարմանք Յայտնեց Հըզպալլայի  Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքին Միջեւ Երկխօսութիւնը  Հարուածելու Փորձերուն Մասին

Պըրրի Զարմանք Յայտնեց Հըզպալլայի Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքին Միջեւ Երկխօսութիւնը Հարուածելու Փորձերուն Մասին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանին մէջ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով նախագահական ընտրութիւնը յետաձգեց 2 ապրիլ 2015-ին: Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին զարմանք յայտնեց Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը հարուածելու փորձերուն մասին, յատկապէս նկատի ունենալով այդ երկխօսութեան ունեցած նպաստը` երկրին մէջ լարուածութիւնները մեղմացնելու գծով: Պըրրի խստիւ մերժեց իր եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի միջեւ...

Վարչապետ Սալամ Այսօր  Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

Վարչապետ Սալամ Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

Քաակ եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ այսօր պիտի նախագահէ կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որ պիտի քննարկէ 142 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Միւս կողմ, վարչապետ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Վարչապետ Սալամի այցելեց լիբանանեան-բրիտանական բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Էնտի Լովի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան...

Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեց Միշել  Սլէյմանի Եւ Սամիր Մուքպելի

Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեց Միշել Սլէյմանի Եւ Սամիր Մուքպելի

Փաուլի եւ զօր. Սլէյման Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցեր, որոնց շարքին` լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք զէնքն ու զինամթերքը: Հանդիպումին ընթացքին Սլէյման շեշտեց Լիբանանին մնայուն կերպով զօրակցելու իմաստով Լիբանանի կարեւոր դերակատարութիւնը: Փաուլի այցելեց նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի...

Ժեմայէլ Ընդունեց  Իտալիոյ Դեսպանը

Ժեմայէլ Ընդունեց Իտալիոյ Դեսպանը

Մորապեթօ եւ Ժեմայէլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիոզեփէ Մորապեթոն, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները եւ Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները: Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ եւ Իտալիոյ դեսպանը հաստատեցին Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը: Մորապեթօ յայտնեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը լիբանանցիներուն կը վերաբերի եւ անոնց շահերուն կը ծառայէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան հսկող հանրապետութեան...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական  Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը  Եւ Սուրիոյ Դեսպանը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Եւ Սուրիոյ Դեսպանը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր, Ուալիտ Սֆէյր, Խտըր Ղատպան, տեղակատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայիս եւ դատական հարցերու պատասխանատու Նաշաթ Հասանիէ: Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի անունով...

Վարչապետ Սալամ –  Հէյլ Հանդիպում

Վարչապետ Սալամ – Հէյլ Հանդիպում

Հէյլ եւ վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու անոնց ունեցած հետեւանքները` Լիբանանի վրայ: Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Քննարկուեցան առողջապահութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ խորհրդարանի առողջապահութեան յանձնախումբը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանիի: Հանդիպումէն ետք Մաժտալանի յայտնեց,...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում  Համախմբումի Նիստ.  «Կ՛ողջունենք Ազգային Անհրաժեշտութեան  Կառավարութեան Համախոհութեան Վերադարձը»  Շեշտեց Ժրայսաթի

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստ. «Կ՛ողջունենք Ազգային Անհրաժեշտութեան Կառավարութեան Համախոհութեան Վերադարձը» Շեշտեց Ժրայսաթի

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն աւարտին նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ գոյութենական անհրաժեշտութիւն է անդրադառնալ հաւատադրժողական ոճիրներուն եւ դիմադրել անոնց` Արեւելքի մէջ պահպանելու համար մեր բազմազանութիւնը: «Եթէ անցեալի դահիճները պատժուէին, այսօր ցեղասպանութիւն եւ սպանդ գոյութիւն չէր ունենար», ըսաւ ան: Ժրայսաթի նշեց, որ համախմբումը անդրադարձած է նաեւ Արաբական...

Արթիւր Նազարեան Ընդունեց Ֆրանսայի  Դեսպանը Եւ Եւրոպայի Ներկայացուցիչը

Արթիւր Նազարեան Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը Եւ Եւրոպայի Ներկայացուցիչը

Փաուլի եւ Նազարեան Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց ուժանիւթի եւ ջուրի մարզին վերաբերող հարցեր: Նշենք, որ Նազարեան ընդունեց նաեւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց ուժանիւթի եւ  ելեկտրականութեան մարզը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ծրագիրներ:

Իսրայէլացի Զինուորներ Խզեցին Սահմանը Եւ Մուտք Գործեցին Լիբանան

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլացի զինուորներու 8 հոգինոց խմբակ մը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, խախտեց Մազարեհ Շեպաայի Պասթրա շրջանի սահմանը եւ 20 մեթր յառաջացաւ դէպի լիբանանեան ազատագրուած տարածքներ, ուր հինգ վայրկեան տեւողութեամբ շրջեցաւ եւ ձայնային ռումբեր նետեց: Շրջանին մէջ դիրքաւորուած լիբանանեան բանակի զինուորները պաշտպանողական համապատասխան միջոցառումներ որդեգրեցին, իսկ այս դէպքին մասին ՖԻՆԻՒԼ-ի...

Ժոմպլաթ. «Մայիսին Պիտի Հրաժարիմ,  Իսկ Յունիսին Լա Հէյի Մէջ Պիտի Վկայեմ»

Ժոմպլաթ. «Մայիսին Պիտի Հրաժարիմ, Իսկ Յունիսին Լա Հէյի Մէջ Պիտի Վկայեմ»

Ուալիտ Ժոմպլաթ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ մինչեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով արտաքին պայմանները ձեռնտու դառնան, լիբանանցին պէտք է ընտելանայ նախագահական աթոռը թափուր տեսնելու իրականութեան: Նախագահական ընտրութիւն չկատարելու առումով Ժոմպլաթ պատասխանատու նկատեց մարոնի համայնքը` նկատել տալով, որ պատմութեան ընթացքին մարոնիները փաստած են, թէ անձնասպանութիւն գործելու մէջ մասնագէտ են: Անդրադառնալով զինուորական մը հանրապետութեան նախագահ...

Ապու Ֆաուր Ընդունեց Առեւանգուած  Բանակայիններուն Ընտանիքները  Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը

Ապու Ֆաուր Ընդունեց Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը

Բանակայիններու ընտանիքներու պատուիրակութեան հետ հանդիպումէն պահ մը Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ, որուն ներկայացուց անոնց հարազատները ազատ արձակելու նպատակով ընթացող բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները: Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անդամներէն մէկը յայտնեց, որ բանակցութիւններուն ընթացքին մասին վերջնական տեղեկութիւններ չկան: Ան բանակայիններուն ընտանիքներուն անունով կոչ ուղղեց վարչապետ Թամմամ Սալամին` ճիգ չխնայելու իրենց զաւակներուն ազատ...

Page 962 of 985 1 … 961 962 963 … 985

Արխիւներ