Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որուն հետ քննարկեց բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջեւ գործակցութիւնը` հարաւային Լիբանանի կացութիւնը խաղաղ պահելու եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի յայտնեց, որ հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյանալիք համաձայնութիւնը մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր թղթածրարներու վրայ:

ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ Աքքարի մէջ ձերբակալած է երկու սուրիացիներ, որոնք ՏԱՀԵՇ-ին կը պատկանէին:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Ալի Ֆըտտա յայտնեց, որ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ռիֆաաթ Իտի վերադարձը քաղաքական զարգացումներուն հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարութիւնները տակաւին Արսալի մէջ կը գտնուին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ մղուելիք պայքարին իմաստով Սէուտական Արաբիա կ՛արգիլէ լիբանանեան-սուրիական գործակցութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Ծոցի երկիրները հսկայական գումարներ վճարելով հզօրացուցած են ահաբեկչական կազմակերպութիւնները:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Ժամաայի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ յարաբերութիւնները գրեթէ սառած են:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններու նախագահներ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը որեւէ ատեն կարելի է:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով եւրոպական դիւանագիտական աղբիւրներէ, կը զգուշացնէ հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ արձանագրուելիք ողբերգական զարգացումներէն:

 

Նախորդը

Ապահովական Ուժերը Ազատագրեցին Թիքրիթը

Յաջորդը

Փաուլի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Միւֆթի Շաարի Հետ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?