Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Մարտ 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ յետմիջօրէին այցելեցին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը շնորհաւորեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն` շեշտելով կուսակցութեան դերակատարութեան կարեւորութիւնը` հայ ժողովուրդի պատմութեան ներկայ եւ մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի այս հանգրուանին:

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի շեշտեց հայութեան համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներէն հզօր դուրս գալու հրամայականը եւ յայտնեց, որ Կեդրոնական կոմիտէն այս ուղղութեամբ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր: Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը շեշտեց հայկական դպրոցներուն, հայ ընտանիքներուն մէջ ազգային ոգին եւ ընդհանրապէս ազգային պատկանելիութեան զգացումը զօրացնելու կարեւորութիւնը: Շեշտուեցաւ յատկապէս լիբանանեան մակարդակի վրայ միացեալ ճակատով ներկայանալու անհրաժեշտութիւնը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայ կաթողիկէ համայնքին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն, մասնաւորաբար Զմմառու վանքին մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովին, Լուայզէի «Էն. Տի. Եու.» համալսարանին մէջ 9 մարտին տեղի ունեցած ոգեկոչական հաւաքին եւ մեծաշուք Ս. պատարագին, որ տեղի պիտի ունենայ 12 ապրիլին Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ եւ որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապը Ս. Գրիգոր Նարեկացին հանդիսաւորապէս պիտի հռչակէ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստան Եւ Լիբանան Զինուորական Համագործակցութեան Համաձայնագիր Ստորագրեցին

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ընդունելութիւնները

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?